Մալթայի Ուխտը. Յոբելինական տարի նուիրուած ուխտաւորներուն ծառայութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վերջին օրերուն Մալթայի Ինքնիշխան ռազմական ուխտի ղեկավարները հաւաքուեցան Հռոմի Աւենդինօ բլուրին վրայ գտնուող «Վիլլա Մաճիսթրալէ» պալատին մէջ, երեքօրեայ հանդիպումի համար, որուն գագաթնակէտը եղաւ Յոբելինական Սուրբ Տարուան նուիրուած միջոցառումը, զոր կայացաւ Մարիա Մաճորէ սուրբ դուռէն անցումով եւ մասնակցելով Կարդինալ Կիրլանտայի գլխաւորած Սուրբ Պատարագին։
Վերոյիշեալ հանդիպումը կարեւոր առիթ հանդիսացաւ Ուխտի անդամներուն միջեւ քննարկումներ կատարելու նուիրուած համաշխարհային մակարդակի վրայ մարդասիրական եւ հոգեւոր նուիրուածութիւններուն ամրապնդման։
Հանդիպումի ընթացքին իրենց ելոյթներու մէջ Աւագ վարդապետ Ժոն Տունլափ եւ Մեծ ատենդապիր Ռիքարտօ Փաթերնօ ընդգծեցին ուժերը միաւորելու կարեւորութիւնը՝ աղքատներուն ու հիւանդներուն ծառայելու համար, նկատի առնելով մարդասիրական կարիքներուն աճը, որոնք կապուած են այնպիսի բարդ երեւոյթներու հետ, ինչպէ կլիմայի փոփոխութիւնը եւ գաղթականութիւնը։
Մալթայի ինքնիշխան Ռազմական ուխտը, հիմնուած է 9րդ դարուն եւ միջազգային կառոյց է ինչպէս նաեւ կաթողիկէ կրօնական եւ աշխարական միաբանութիւն մը, որ կը գործէ աւելի քան 120 երկիրներուն մէջ, հիւանդանոցներուն, բժշկական կեդրոններու միջոցաւ եւ գաղթականներու եւ փախստականներու օգնութեամբ ։ Ուխտը Վերջերս զգալի օգնութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն տուժած բնակչութեան։
Սուրբ Տարուան շրջագիծէն ներս Մալթայի ուխտը ուժեղացուց իր մօտիկութիւնը եկեղեցւոյ, աջակցելով ուխտաւորներուն, Հռոմի չորս աւագ եկեղեցիներուն մէջ առողջապահական ծառայութիւններու միջոցաւ։
Սուրբ Պետրոսի առողջապահական կեդրոնը, որ կը գործէ յոբելինական Սուրբ Տարուան սկիզբէն կազմուած է կամաւորներէ որոնք պատրաստ են միջամտել առողջական արտակարգ իրավիճակներուն դէպքերուն, երաշխաւորելով օգնութիւն ողջ աշխարհէն ժամանող ուխտաւորներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ