«Մեծ Պահք՝ Ուխտագնացութիւն, Նորոգութիւն, Փոխակերպում» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Ըստ եկեղեցւոյ հայրերուն Մեծ Պահքի շրջանը հոգեւոր կրթութեան եւ ինքնակարգապահութեան (discipline) շրջան մըպ է, նպատակ ունենալով Քրիստոսով նորոգուիլ: Նորին մասին գրելով Եզեկիէլ մարգարէն կ'ըսէ՝ « Ձեզի ՆՈՐ սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին ՆՈՐ հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։ Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու գործադրէք» (Եզեկիէլ 36:26-27)։ Այս համարը մեսիական համարներէն կը սեպուի, որովհետեւ անոր իրագործումը պիտի կատարուէր Մեսիային գալով եւ Ս. Հոգիի հեղումով: Որովհետեւ պահեցողութեան նպատակը Քրիստոսի պատկերը մեր մէջ նորոգելն է, անհրաժեշտ է այս ժամանակներուն խորհրդածել այս համարին մասին: Համարին մէջ կը տեսնենք «Նոր» բառին կրկնութիւնը: Այդ «նոր»ին հետն է, որ մարդը պիտի կարենայ Աստուծոյ օրէնքներուն մէջ քալել ու Իր իրաւունքները պահել ու գործադրել:
Ոմանք հակումը ունին Մեծ Պահքին մօտենալ, որպէս սննդականոնի մը հետեւելու միջոց: Սակայն այս ոչ մէկ ձեւով մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ: Աստուած, երբ մարդը ստեղծեց, զայն դրաւ երանելի Եդեմին մէջ, որպէսզի ան աճի շնորհքին մէջ: Սակայն մարդը ուտելով արգիլուած պտուղէն հեռացաւ Եդեմի երանութենէն եւ կորսնցուց շնորհքը: Քրիստոս Իր եկեղեցին հիմնեց աշխարհի վրայ, որպէս «Նոր Եդեմ»: Որպէս այդ եկեղեցին կը հրաւիրէ մարդուն չուտելու՝ պահք պահելու, որով ան կրկին պիտի գտնէ իր աճումի եւ շնորհքի ընթացքը:
Եզեկիէլ նորին մասին խօսած ատեն կը շեշտէ, որ Աստուած ինքն է նախաձեռնողը: Ինք պիտի հանէ մեր հին եւ քարեղէն սիրտը եւ տեղը պիտի դնէ կեանք բաբախող սիրտ մը: Մենք կրնանք նոր սիրտը ստանալ, երբ գիտակցինք եւ ընդունինք, որ քարեղէն սիրտ մը ունինք: Քարեղէն սիրտի ախտանշաններէն են՝ անտարբերութիւն Աստուծոյ օրէնքներուն հանդէպ. սիրոյ եւ ողորմածութեան պակաս եւ եսակեդրոն կեանք մը: Վստահ, որ նման իրականութիւններ մեր կեանքերէն չենք կրնար վանել պարզապէս սննդականոնի մը հետեւելով: Գիտակցիլ մեր իրավիճակին առաջին քայլն է նորոգութեան: Ինկած մարդուն նշաններէն է, որ ան գիտակից չէ իր ինկած վիճակին մասին: Այդ պատճառով ալ մարդը երբեք կարող չէ ինքզինք սրբագրելու:
Որպէսզի կարենանք նորոգութիւն բերել, պէտք ունինք մեր եւ Աստուծոյ հանդիպեն վայրը մաքրելու՝ ասինք սիրտը: Ս. Մակար Եգիպտացի խօսելով սրտի մասին կ'ըսէ՝ «Սիրտը փոքր անօթ մըն է, բայց անոր մէջ վիշապներ ու առիւծներ կան…Բայց հոն նո՛յնպէս կայ Աստուած, հրեշտակները եւ Երկնքի Արքայութիւնը»: Իսկ Իսահակ ասորին կ'ըսէ՝ «Երբ մարդ սկսի ճանչնալ իր սրտին վիճակը, այն ժամանակ կրնայ բժշկուիլ, եւ Աստուած չի մերժեր զինք»։ Իսկ Ս. Թէոփան մենակեացը կ'ըսէ՝ « Եթէ մեղք գործած ես, ընդունէ՛ զայն եւ ապաշխարէ՛։ Աստուած պիտի ներէ քու մեղքդ եւ դարձեալ քեզի նոր սիրտ…եւ նոր հոգի պիտի պարգեւէ»։
Հետեւաբար սիրելիներ, եկէք այս պահեցողութեան ճանապարհորդութեան ատեն, քննենք մեր սրտերը, աղօթենք Ս. Կոյսին եւ սուրբերուն բարեխօսութեամբ, որպէսզի Աստուած հանէ մեր հին սրտերը, նորոգէ մեր հոգին եւ մեզ նոր մարդ դարձնէ իր պատկերին համեմատ: Այն ժամանակ արժանի պիտի ըլլանք դիմաւորելու Ս. Յարութիւնը եւ զինուինք անոր զօրութեամբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ