Իրաք. Ռամատանն ու Մեծ Պահքը կ’ամրապնդեն ազգային միասնութիւնը․ Կարդինալ Սաքօ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ճանչնալ եւ գնահատել ծոմապահութեան վերականգնող ուժը, նոյնիսկ երբ Մերձաւոր Արեւելքը եւ աշխարհը աւերուած են պատերազմներէն ու սարսափներէն: Սոյն յոյսը յայտնեց Քաղդէացիներու Պատրիարք` Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն իր պատգամին մէջ, որ ուղղեց մահմեդականներուն՝ Ռամատանի առթիւ, եւ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն՝ Մեծ Պահքի առթիւ:
Աստուծոյ լոյսի կարիքը կայ
«Ռամատանը եւ Մեծ Պահքը ծոմապահութեան, աղօթքի, ապաշխարութեան եւ ներման, արատներէն մաքրուելու, ողորմութեան եւ գթութեան եւ բարձր արժէքներու ժամանակներ են, որոնք պէտք ենք ապրիլ սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան ոգիով», շարունակեց Քաղդէացիներու Պատրիարքը՝ անհրաժեշտ նկատելով Աստուծոյ լոյսը հաւատացեալներու կեանքէն ներս անոնց միտքերը ու սրտերը լուսաւորելու համար եւ՝ «որպէսզի Անոր կամքը վերածուի առաքինի ապրելակերպի»:
Կրթութեան եւ լրատուամիջոցներու կարեւորութիւնը
Կարդինալ Սաքոն իր պատգամին մէջ ընդգծեց նաեւ, Իրաքին մէջ կայունութիւն կառուցելու անհրաժեշտութիւնը՝ պետութեան հետ համագործակցութեան եւ արդարութեան ու ազգային միասնութեան խթանման միջոցաւ՝ շեշտելով կրթութեան եւ լրատուամիջոցներու կարեւորութիւնը այս նպատակներուն հասնելու համար: «Հոգեւորականը իր հերթին կոչուած է մղելու հաւատացեալները դէպի կրօնական եւ բարոյական արժէքներ, որպէսզի ծոմապահութիւնը ըլլայ սրտի եւ հոգիի ընտրութիւն, դառնայ շրջադարձ դարձի եւ օրհնութեան պահ՝ Երկրի եւ ժողովուրդի համար, եւ չըլլայ միայն ձեւական սովորոյթ մը», շարունակեց ան։
Կրօններու՝ մէկը միւսին ճանաչողութիւնը
Պատրիարքը անցեալին բազմաթիւ անգամներ շեշտած է կրօններու՝ մէկը միւսին ճանաչողութեան, ինչպէս նաեւ նախապաշարմունքներու եւ սխալ համոզմունքներու մերժման հրատապութիւնը: Այդ միտքը ան կը շեշտէ նաեւ Իսլամի մասին յառաջիկային լոյս տեսնելիք գիրքին նախաբանի մէջ՝ առաջարկելով մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ համագործակցութեան տեսլական՝ հիմնուած բազմազանութեան նկատմամբ յարգանքի եւ մարդկային եղբայրութեան վրայ, որուն առանցքը կազմեն սէրն ու նուիրուածութիւնը: Ըստ անոր՝ «Մարդկային եղբայրութիւնը պարզապէս գաղափար չէ, այլ ուղի, որ կրթած է մեզ եւ որ կը մարմնաւորենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ»։
«Ժամանակն է մաքրել մեր սրտերը եւ բարեփոխել մենք մեզի ճշմարտութեան լոյսի ներքոյ, քանի որ մէկ բան է հաւատքը, մէկ այլ բան՝ կրօնասիրութիւնը», շեշտած է ի վերջոյ Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Սաքոն գիրքին նախաբանին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ