ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (21)
21.- ՄԽԻԹԱՐԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
Հալէպի մէջ եւրոպայէն ժամանած տարբեր միաբանութիւններու քարոզիչներ կային։ Մխիթար սարկաւագ կը ծանօթանայ Յիսուսեան միաբաններուն, եւ կը մտերմանայ յատկապէս Հ. Անտուան Բովոլլիէ հմուտ քարոզիչին, որ առաքելութեան ղրկուած էր արեւելք, Հնդկաստան։ Մխիթար սարկաւագ եւ Յովնան վարդապետի յաճախ իրեն այցելութեան կ՚երթան եւ իրենց զանազան հարցերուն պատասխանները լսելով շատ տեղեկութիւններ կ՚ամբարեն հռոմէական եկեղեցւոյ դաւանութեան, վարդապետութեան եւ սովորութիւններուն վերաբերեալ։ Երկուքը անկեղծօրէն հաստատուած իրենց համոզումներուն մէջ Յիսուսեան քարոզիչին առջեւ հաւատքի դաւանանք մը կարդան ինչպէս Հռոմէական եկեղեցին կը պահանջէր։
Երեք ամիս կը մնան Հալէպ եւ այդ ընթացքին Մխիթար սարկաւագը շատ անգամ կը հանդիպին Հ. Անտուան Բովոլլիէին, որու կը յայտնէ արեւմուտք երթալու իր փափաքը՝ ուսման ծարաւը յագեցնելու եւ գիտութեան մէջ յառաջանալու համար։ Քարոզիչը կը փորձէ տարհամոզել Մխիթարը, վստահեցնելով որ իր ունեցած գիտութեան հիմքին վրայ եւ զարգանալու բուռն ցանկութեամբ կրնայ ինքնուրոյն ձեռք բերել փնտռածը։ Կը շեշտէ յատկապէս թէ շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլար ազգին մէջ մնալով քան արեւմուտք երթալով, ուր ստիպուած պիտի ըլլար լեզուն փոխել, տարաբնոյթ զբաղումներու յորձանքին մէջ ժամանակ կորսնցնել եւ նպատակասլաց չաշխատիլ։ Սակայն այս բոլոր յորդորները չյաջողեցան խախտել Մխիթար սարկաւագի տենչանքը՝ Հռոմ երթալու եւ այդտեղ կատարելագործուելու։
Հալէպի կեցութեան ընթացքին երկու յիշարժան դէպք կը պատահի, որ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացին կը մէջբերէ։ Առաջինը՝ Հ. Անտուան Բովոլլիէի հետ կապուած է. Մխիթար սարկաւագ Հալէպ հասնելուն տակաւին միականի էր, եւ տեսնող աչքն ալ բոլորովին չէր մաքրուած ոսպնաձեւ ծածկոյթէն։ Օր մը կը մտածէ քարոզիչի ձեռքը համբուրած ատեն աչքերուն դպցնել, հաւատքով լեցուն մտածելով առողջութիւն ստանալ։ Սակայն յետոյ ուշադրութիւն չի դարձներ, ստուգելու համար, եւ միայն երկու երեք ամիս ետք կ՚անդրադառնայ որ բոլորովին առողջացած է եւ երկու աչքով ալ կը տեսնէ։ Հ. Մատթէոս մեծ զգուշութեամբ կը գրէ թէ, քանի որ Մխիթար սարկաւագ վստահ չէր այս իրողութեան ժամանակին, թէ արդեօք, Աստուծոյ խնամքով, հպման պահի՞ն առողջացաւ թէ յետոյ, կարելի չէ ստոյգ կերպով հաստատել։
Այս ժամանակամիջոցին Մխիթար կը ծանօթանայ գատղնապահ անձի մը եւ անոր այծի մազով շապիկ մը պատրաստել կու տայ, որ թիկնամասին՝ խիտ առ խիտ ագուցուած սրածայր գամերով մեծ խաչ մը ունէր, իսկ առաջամասին՝ երկու նմանատիպ խաչ՝ աջին եւ ձախին։ Այս շապիկը ապաշխարութեան համար կը սկսի կրել մերկ մարմնին վրայ՝ փոխանակ իր ունեցածին, որ քիչ գամեր ունէր։ Ահա թէ ինչպէս Մխիթար ապաշխարութեան հոգիով կը գործադրէր Լիմ անապատի երկու կրօնաւոր եղբայրներէն սորված ճգնողական սովորութիւնները, եւ այսպէս պարզ կը դառնայ իր ունեցած իւրայատուկ կապը սուրբ Խաչին հանդէպ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ