«Յոյսի եւ Հաւատքի վերականգնումին աղբիւրը աշխարհին մէջ» Ռափայէլ – Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին բանախօսութիւնը

Լեհաստանի Վրոցլավ քաղաքին մէջ, 6-8 Յունիս 2025, տեղի ունեցաւ «Մշտնջենաւոր երկրպագութիւնը՝ յոյսի աղբիւրը մարդկութեան համար» խորագրով երրորդ համագումարը: Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդառաջեց Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու և Եպիսկոպոսներու Ժողովին (APECL) հրաւէրին՝ մասնակցելու համար այս խորիմաստ հոգեւոր իրադարձութեան,

Լեհաստանի Վրոցլավ քաղաքին մէջ, 6-8 Յունիս 2025, տեղի ունեցաւ «Մշտնջենաւոր երկրպագութիւնը՝ յոյսի աղբիւրը մարդկութեան համար» խորագրով երրորդ համագումարը: Այս ձեռնարկը հոգեւոր ու եկեղեցական նշանակալի իրադարձութիւն մը դարձաւ, վերահաստատելով մշտնջենաւոր երկրպագութեան կարեւոր դերը որպէս յոյսի անսպառ աղբիւրը՝ ճշմարիտ արժէքի և ներքին խաղաղութեան կարիքն ունեցող աշխարհին մէջ:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդառաջեց Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու և Եպիսկոպոսներու Ժողովին (APECL) հրաւէրին՝ մասնակցելու համար այս խորիմաստ հոգեւոր իրադարձութեան, կազմակերպութեամբ՝ Վրոցլավի արքեպիսկոպոսութեան, եւ համագործակցութեամբ՝ «Յավերժական խօսքի ցանց»-ին (EWTN), որ աշխարհի ամենամեծ կաթողիկէ լրատուական գործակալութիւնն է:

 

«Մշտնջենաւոր երկրպագութիւնը՝ յոյսի աղբիւրը մարդկութեան համար» խորագրով երրորդ համագումարը
«Մշտնջենաւոր երկրպագութիւնը՝ յոյսի աղբիւրը մարդկութեան համար» խորագրով երրորդ համագումարը

Շքեղ ընդունելութիւն եւ յուզիչ ելոյթ

Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2025-ին, Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը ժամանեց Վրոցլավ, ուր զինքը դիմաւորեցին եկեղեցական գործիչներ, ինչպէս՝ Վրոցլավի թեմի օգնական եպիսկոպոսը՝ Գերպծ. Մաչէյ Մալեգա, Վրոցլավ-Գտանսկի յոյն կաթողիկէ եպիսկոպոսը՝ Գերպծ. Վլոձիերժ Յոշչակ և Լաթվիայի Ռիկայի արքեպիսկոպոսը՝ Գերպծ. Զբիկնեւ Ստանգեւիչ։

Համագումարը սկիզբ առաւ աղօթքով և խորհրդածութեամբ Վրոցլավի աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, ապա նիստերը շարունակուեցան «Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.» դահլիճին մէջ։ Մեր Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը յուզիչ ելոյթ մը ունեցաւ:
«Մշտնջենաւոր ​​երկրպագութիւնը մեր հաւատքին փափախող սիրտն է, ուր Քրիստոսի իսկական ներկայութեան առջև լռութիւնը կը վերածուի սիրոյ կրակին, որ կը լուսաւորէ յոյսի ճանապարհը»։

Ամենասուրբ Հաղորդութեան միջոցով՝ Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումը կը վերանորոգէ և կը վերափոխէ մարդը: Իսկական յոյսը չի բխիր արտաքին երեւոյթներէն, այլ՝ Աստուծոյ հետ խոր յարաբերութեան սրտէն։
Քրիստոսի ներկայութեան կենդանի վկայ

Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը յիշեց 1996 թուականին Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած Ամենասուրբ Հաղորդութեան հրաշքը, ուր Նշխարը վերածուեցաւ ողջ մարդկային սրտի արիւնին և հիւսուածքին՝ որպէս Քրիստոսի ճշմարիտ ներկայութեան շօշափելի վկայութիւնը սրբագործուած Հացին ներքեւ։
Ան նաև ընդգծեց Յիսուսի ու Մարիամի միջև այն բացառիկ կապը, որ «սիրոյ խորհուրդ մըն է. կը գերազանցէ մարդկային տրամաբանութիւնը», նկատի ունենալով, որ Մարիամ ամէնէն վսեմ դրսեւորումն է աստուածային սիրոյն՝ Տիրոջ ու մարդուն միջեւ առկայ յարաբերութեան մէջ:
Ճշմարիտ երկրպագութիւնը պարզապէս ծիսական արարողութիւն մը չէ, այլ նաեւ Աստուծոյ կամքին նկատմամբ լիակատար բացուածութիւնն է, ինչպէս նաեւ մշտատեւ ​​ներքին երկխօսութիւնը և հոգիին յարաճուն ​​վերանորոգումն է՝.«Դուք երկրպագութիւն կ'ընէք Անոր, զոր չէք ճանչնար, իսկ մենք երկրպագութիւն կ'ընենք Անոր, զոր կը ճանչնանք»։

Այս ճանաչումը կոչն է՝ երկրպագութեան, որ հիմնուած է Աստուծոյ ճշմարտութեան ու սիրոյ իմացութեան վրայ։
Յոյսի Ս. Պատարագը, ուր կեանքը կը վերածուի պարգեւի
Առաջին օրը, երեկոյեան, Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը Վրոցլավի աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ մատուցանեց Ս. Պատարագը՝ խորհրդածելով Վերջին ընթրիքին խորհրուդին մասին, որուն ընթացքին հացն ու գինին վերածուեցան Քրիստոսի Մարմինին եւ Արիւնին.«Ամէն անգամ, որ մենք կը մօտենանք այս Սուրբ Սեղանին, կը վերապրինք փրկագործութեան խորհուրդը և կը վերանորոգենք մեր հաւատքին այո-ն՝ մեր կեանքը վերածելով սիրոյ ու ողորմածութեան պարգևին»։

«Մշտնջենաւոր երկրպագութիւնը՝ յոյսի աղբիւրը մարդկութեան համար» խորագրով երրորդ համագումարը
«Մշտնջենաւոր երկրպագութիւնը՝ յոյսի աղբիւրը մարդկութեան համար» խորագրով երրորդ համագումարը

Հովուական ու մշակութային այցելութիւններ Վարշավայի ու Գլիվիցէի մէջ

Շաբաթ, Յունիս 7-ին, Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը մեկնեցաւ Վարշավա, ուր մատուցանեց Ս. Պատարագը Չենստոխովայի Աստուածածնի ուխտավայրին մէջ: Նաեւ կրցաւ միտքեր փոխանակել հաւատացեալներուն հետ։ Ապա, ան հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքին հետ՝ ընդգծելով սփիւռքին մէջ մշակութային ու հոգեւոր ինքնութեան պահպանումին կարևորութիւնը։

Յաջորդ օրը, ան այցելեց Գլիվիցէ, ուր Ս. Պատարագը մատուցանեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ծխական համայնքին մէջ, որուն յաջորդեց յուշատախտակի մը բացումը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն:
Նոյն օրը երեկոյեան, մեր Գերերջ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Ռադվանովիչի մէջ Եղբայր Ալպէրթի հիմնարկը, որ հիմնած է լեհահայ վարդապետը՝ Հայր Թադէոս Իսակովիչ-Զալեսկի: Հոգեւոր Տէրը մօտէն ծանօթացաւ կարիքաւոր անձերուն հոգացող այս կենդրոնի ծառայութիւններուն, որոնք կը մարմնաւորեն քրիստոնէական սիրոյ և մարդկային ողորմութեան առաքելութիւնը: Համագումարին պատգամը.«Մշտնջենաւոր երկրպագութիւնը կը լուսաւորէ աշխարհը»

Համագումարը վերջ գտաւ յստակ հոգեւոր պատգամով մը, թէ մշտական ​​երկրպագութիւնը ոչ միայն ծէս է, այլ նաեւ կեանքի ապրում է, Աստուծոյ հետ լուռ և խոր հանդիպումի հրաւէր, որուն ընթացքին սրտերը կը վերանորոգուին, իսկ մտքերը կը լուսաւորուին:
Անորոշութեան մէջ ընկղմած և աղմուկով լեցուած աշխարհին մէջ, Վրոցլավ հաստատեց, թէ յոյսի ճանապարհը կը սկսի՝ Տիրոջ առջև խոնարհելով, և թէ միայն աստուածային սէրը կրնայ վերանորոգել մարդկութիւնն ու հասարակութիւնը։

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2025, 07:45