2024.07.27 XVII Domenica del Tempo Ordinario (B) moltiplicazione-dei-pani

«Կտոր մը հաց… Բայց մեծ Սէր եւ Հաւատք... » Խորհրդածութիւն՝ ըստ Մատթէոս Աւետարանի, գլուխ 14, 13-21։

Տա՛նք ինչ որ ունինք եւ վստահինք ինչ որ Աստուած կրնայ ընել։ Թող Տէրը մեզ ալ օրհնէ, մեր փոքր նուէրները վերածէ մեծ օրհնութեան՝ ի փառս Անոր Սուրբ Անուանը»: Ամէն։

Կիրակի 20 Յուլիս 2025 թուականին, Զ․ Կիրակի զկնի Պենտեկոստէի, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ  Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն  ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Այսօրուայ աւետարանական ընթերցումը մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի հրաշալի դէպք մը՝ զոր մենք կը ճանչնանք իբրեւ «Հացերու Առաջին Բազմացումը»:

Յիսուս, տխուր եւ խոնջած, իրեն շատ սիրելի Յովհաննէս Մկրտիչին գլխատման մահուան բօթը լսած, կը փորձէ միայնակ մնալ հեռու ամայի վայրի մը մէջ։

Բայց ժողովուրդը, սրտի կարօտով ու հոգւով քաղցած, անոր ետեւէն կու գայ։ Եւ ի՛նքը՝ Գթութեան Աստուածը, կը դադրեցնէ իր անձնական հանգիստը՝ զատորոշելու համար ուրիշներու կարիքը։

Այս տեսարանը լի է խորիմաստ խորհրդանշաններով։ Յիսուսը միայն հինգ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց այդ չնչինն՝ օրհնուած Աստուծով, կը դառնայ  հազարաւորներու կշտացում։

 Այստեղ է հրաշքը, սիրելինե՛ր. այն ինչ մեր աչքերուն առջեւ անբաւարար կը թուի, Աստուծոյ ձեռքին մէջ շատ կ՚ըլլայ։

Յիսուս տեսաւ ժողովուրդին բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ, սիրեց, եւ այդ սէրը գործով ցոյց տուաւ։

Երբ աշակերտները առաջարկեցին որ մարդիկ երթան շրջակայ  գիւղերը՝ ուտելիքի համար, Յիսուս ըսաւ անսպասելի բան մը. «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը»։

«Տէ՛ր, հինգ հաց  ու երկու ձուկ ունինք»։ պատասխանեցին աշակերտները։

Անոնց պատասխանը՝ բացարձակ մարդկային էր։ Քիչ ունին, եւ բնական է որ կասկած ունենան։ Բայց Յիսուս չի փնտռեր շատը, չի փնտռեր փառահեղ նուէրը, այլ՝ անկեղծ նուիրումը։

 Յիսուս ըսաւ անոնց՝ «Հոս ինծի բերէք զանոնք»։ Եւ երբ Աստուած օրհնեց այդ քիչը, եւ ահա տեղի ունեցաւ աստուածային հրաշքը։

Հինգ հաց եւ երկու ձուկ, բայց մեծ սէր եւ հաւատք... այդ է որ կը պակսի մեզմէ շատ անգամ։

Մենք շատ անգամ կը մտածենք.

– «Ես ո՞վ եմ որ կրնամ ուրիշին օգնել»։

– «Իմ փոքր նուէրս, Ի՞նչ կարիք պիտի գոցէ»։

Բայց Յիսուս չի հարցներ ի՞նչքան ունիս, այլ՝ «Կրնա՞ս տալ»։

Մենք ալ կրնանք այս  սրբաշունչ հրաշքին մասնակիցը  ըլլալ, Յիսուսի աշակերտները տուին իրենց ունեցածը, եւ Յիսուս զանոնք գործիք դարձուց՝ հաց բաժնելով բազմութեանը։

Այսօր ալ  մեր Տէրը մեզի կ՚ըսէ՝ «Ես պատրաստ եմ գործելու… բայց քեզի պէտք ունիմ»։

Մարդիկ այսօր ալ սոված են։ Այո՛, ոչ միայն մարմնապէս, այլ հոգեպէս։

Մարդիկ այսօր ալ կ՚ուզեն տեսնել  Աստուծոյ գթութիւնը, անկեղծ սէրը, մէկը որ իրենց ըսէ՝ «Ես Քեզ կը հոգամ, կողքդ կանգնած եմ»։

Եւ մենք՝ իբրեւ եկեղեցի, իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ, այս աշխարհի «հինգ հացն ու երկու ձուկը» տալիքներն ենք։

Թող այս շաբթուան ընթացքին  զննենք մեր սրտերը՝ հարցաքննելով հետեւեալը․

– Ի՞նչ կրնամ տալ իմ մերձաւոր եղբօրը ։

– Ո՞րուն  սիրտը կրնամ յագեցնել սիրով, աղօթքով  եւ գործով։

– Քիչ մը ժամանակ, քիչ մը հոգածութիւն՝ ցուցաբերել իմ մօտակայ  բարեկամին  հանդէպ,  եւ մի գուցէ փաղաքշանք մը՝ կարող է դառնալ հրաշք մը իր կեանքէն ներս։

Թէեւ այսօրուայ աշխարհը կը շարունակէ սովի, միայնակութեան եւ հաւատքի պակասի մէջ դեգերիլ, մենք՝ իբրեւ Քրիստոսի աշակերտներ, կոչուած ենք տալ մեր ունեցածը սիրով եւ վստահութեամբ։

Ոչ թէ շատ ունենալն է կարեւոր, այլ տալու պատրաստակամութիւնը։

Կտոր մը հաց… բայց մեծ սէր ու հաւատք, կը դառնան հարստութիւն եւ օրհնութիւն մեր հոգեւոր կեանքէն ներս։

Տա՛նք ինչ որ ունինք եւ վստահինք ինչ որ Աստուած կրնայ ընել։

Թող Տէրը մեզ ալ օրհնէ, մեր փոքր նուէրները վերածէ մեծ օրհնութեան՝ ի փառս Անոր Սուրբ Անուանը»: Ամէն։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն՝

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2025, 17:33