Կարդինալ Ծուփփի եւ Պոլոնիայի հրէաներուն համայնքի նախագահ Տէ Փազ Կարդինալ Ծուփփի եւ Պոլոնիայի հրէաներուն համայնքի նախագահ Տէ Փազ 

«Կազայի մէջ խաղաղութեան համար համատեղ պատասխանատուութիւն» Ծուփփի եւ Տէ Փազ

Իտալիոյ Պոլոնիայ թեմի Կաթողիկէները ու հրեաները կոչ ըրին Պաղեստինի մէջ զէնքերը դադրեցնելու, պատանդները ազատ արձակելու եւ վերադարձնելու դիակները։ Կարդինալ Զուփփիի եւ Պոլոնիայի հրէական համայնքի նախագահ, Տանիէլէ Տէ Փազի համատեղ յայտարարութեան կոչը ուղղուած Իտալական եւ միջազգային իշխանութիւններուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի աւերածութիւններուն առջեւ մենք միաձայն կ՝ըսենք, թող դադրին զէնքերը, Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւնները եւ Իսրայէլի ուղղութեամբ ռմբակոծումները։ Թող ազատ արձակուին պատանդները ու անոնց մարմինները վերադարձուին։ Թող քաղաքացիները կերակրուին ու վիրաւորները բուժուին։ Թող թոյլատրուին մարդասիրականը միջանցքները։ Եկէ՛ք վերադառնանք երկխօսութեան ճանապարհին՝ ոչնչացումի միակ այլընտրանքը», նշուած է Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի եւ Պոլոնիայի հրէական համայնքի նախագահ, Տանիէլէ Տէ Պազի՝ «Կազայի պատերազմի եւ խաղաղութեան համար համատեղ պատասխանատուութեան մասին, համատեղ յայտարարութեան մէջ, հրապարակուած թեմի կողմէ։

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահն ու Պոլոնիայի հրէաներուն համայնքի նախագահը համատեղ կը դատապարտեն անպաշտպան քաղաքացիական անձերուն դէմ գործադրուած ահաբեկչական գործութիւնները ու կոչ կ՝ընեն վերականգնելու օրէնքի նկատմամբ յարգանքը՝ որ հանդիպումի եւ վստահութեան միակ երաշխաւորն է։»

«Ոչ մէկ պատճառ կրնայ արդարացնել անմեղներուն կոտորածը» նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։ «Չափազանց մանուկներ մահացած են։ Ատելութեան վրայ երբեք անվտանգութիւնը չկառուցուիր։ Պաղեստինի ժողովուրդի համար արդարութիւնը ինչպէս նաեւ Իսրայէլի ժողովուրդի համար անվտանգութիւնը միակն է, որ կրնայ ապահովել փոխադարձ ճանաչում, հիմնարար իրաւունքներուն յարգանքի եւ իրարու հետ խօսելու պատրաստակամութեան միջոցաւ։

«Ցաւը կը միացնէ, այլ ոչ թէ կը բաժնէ։ Ցաւը պէտք չէ ,որ աւելի շատ ցաւ պատճառէ։ Երկխօսութիւնը թուլութիւն չէ, այլ ուժ է»։ Այս մտորումներուն հիման վրայ է որ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ուղին կարող է շարժել առաջին քայլերն ու պատասխանատուութիւնը պէտք է է կիսուած է ըլլայ, նշուած է   համատեղ յայտարարութեան մէջ ուղղուած Իտալական եւ միջազգային հաստութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2025, 10:37