Վերափոխման տօնակատարութիւն Պաղտատի մէջ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին
Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Աստուածածնի Վերափոխումը Օգոստոս 15-ի մերձաւոր Կիրակին կը տօնենք։ Հազար փառք կու տանք Աստուծոյ, որովհետեւ ո՛չ միայն մեզի Յիսուս Փրկիչ մը տուաւ, այլ նաեւ Աստուածածինը մեզի մա՛յր դարձուց: Այսպէս, Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի մայրական հայեացքին ներքեւ՝ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին տօնախմբեց Վերափոխման տօնը, Կիրակի 17 Օգոստոս 2025-ին: Հանդիսապետութեամբ՝ Պաղտատի Հ. Կ. Արհի. Առաջնորդ Հօր, վարդապետաց և դպրաց դասուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու մասնակցութեան՝ սուրբ Վարդարանի աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ սուրբ և անմահ Պատարագ, «Տիրամայր Նարեկի» մայր տաճարին մէջ: Աւարտին՝ հնաւանդ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խնկաբոյր աղօթքներով և շարականներու երգեցողութեամբ։ Աստուածաշունչին եւ մեր Հայրերու աւանդութեան համաձայն՝ արտի երախայրիքը (առաջին բերքը), պէտք էր ընծայուէր Աստուծոյ։ Հայ Եկեղեցին, պտուղներուն մէջէն ընտրեց խաղողը, անոր համար որ Քրիստոս ինքզինք նմանցուց որթատունկի (Յովհ 15.1), եւ գինին՝ որ կը պատրաստուի խաղողի հիւթէն, կոչեց իր արիւնը (Ղկ 22.17)։ Հոգեպարար արարողութեան յաջորդեց ճոխ հիւրասիրութիւն մը, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, որու ընթացքին տեղի ունեցան փոխադարձ շնորհաւորութիւններ և մաղթանքներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ