Կարդինալ Ռէյնա. Ընդառաջենք Լեւոն ԺԴ. Պապին հրաւէրին՝ 22 օգոստոսին աղօթելով եւ ծոմ պահելով աշխարհի խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտասարրէ Ռէյնա նամակի մը միջոցաւ հրաւէր ուղղած է ընդառաջելու Լեւոն ԺԴ Պապին, չորեքշաբթի, 20 օգոստոսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին յղած հրաւէրին, աղօթելու եւ ծոմ պահելու աշխարհի խաղաղութեան համար, Խաղաղութեան Տիրամօր նուիրուած ծիսական տօնին օրը, որ պիտի նշուի, ուրբաթ 22 օգոստոսին,։
Նամակին մէջ Ծիրանաւորը հրաւիրած է հաւատացեալները ընդառաջելու Լեւոն ԺԴ Պապին խնդրանքին, աղօթելու համար «հակամարտութիւններով եւ բռնութեամբ բնորոշուած ժամանակաշրջանին մէջ, Սուրբ Կոյս Մարիամին վստահելով` պատերազմներուն մէջ տառապողներուն, անմեղներուն, յոյսի եւ զօրակցութեան կարօտ անձերուն արցունքները»։
Ան ապա հրաւիրած է իւրաքանչիւր համայնք, ժողովրդապետութիւն, ընտանիք , հաւատացեալ մասնակցելու աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրուան նշելով «թող համեստութեամբ, հաւատքով եւ աղօթքով սնուած ծոմապահութիւնը դառնայ մեր հաղորդութեան նշան եւ խաղաղութեան պարգեւ. Թող Տէրը՝ խաղաղութեան իշխանը, մեզ դարձնէ ժողովուրդներուն միջեւ ներդաշնակութեան եւ յոյսի կառուցողներ։ Թող Մարիամը՝ Խաղաղութեան թագուհին, զոր եկեղեցին կը յիշատակաէ այդ օր, բարեխօսէ մեզի համար եւ առաջնորդէ մարդկութեան ուղին դէպի հաշտութեան եւ միասնութեան ճանապարհ» գրած է Կարդինալ Պալտասար Ռէյնա Հռոմի թեմի հաւատացեալներուն ուղղած իր նամակին մէջ։
Նշենք նաեւ որ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Զուփփին եւս հաղորդագրութեամբ մը հրաւիրեց միանալու Լեւոն ԺԴ Պապին չորեքշաբթի, 20 օգոստոսին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ուղղած հրաւէրին, Աղօթելու եւ հայցելու Խաղաղութեան Տիրամայրէն որ հեռացնէ իւրաքանչիւր ժողովուրդէն պատերազմի սարսափը եւ լուսաւորէ բոլոր անոնց միտքերը որոնք քաղաքական եւ դիւանագիտական պատասխանատուութիւնը ունին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ