Եւրոպական եկեղեցիները կը հրաւիրեն «Արարչագործութեան հետ Խաղաղութեան»
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Եւրոպական Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Խորհուրդը (CCEE - Consiglio delle Conferenze Episcopali d’Europa) եւ Եւրոպական Եկեղեցիներու Համաժողովը (CEC - Conferenza delle Chiese Europee) կոչ կ’ընեն «Արարչագործութեան հետ Խաղաղութեան»՝ մինչ ողջ աշխարհի քրիստոնեաները կը նախապատրաստուին Սեպտեմբեր 1էն 4 Հոկտեմբեր տօնախմբել «Արարչագործութեան Ժամանակը»։
Համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած են CECի Նախագահ, Թիաթեյրայի եւ Մեծ Պրիթանիոյ Արքեպիսկոպոս, Նիքիթասը եւ CCEEի Նախագահ Արքեպիսկոպոս Կինթարաս Կրուշասը։
Խոկալով Եսայի Մարգարէի «խաղաղութեան այգիի» մասին տեսլականի շուրջ, Նախագահները կոչ կ’ընեն համայնքներուն որդեգրելու չափաւոր կեանք՝ յարգելով Արարչագործութեան պարգեւները եւ մերժելով մարդոց եւ բնական պաշարներու շահագործումը։
«Արարչագործութեան հետ խաղաղութիւն փնտռելը վերացական գաղափար մը չէ», այլ «ամենօրեայ պարտաւորութիւն», կը հաստատեն զանոնք եւ կը հրաւիրեն «ապրելու այնպէս, որ պատուեն Կեանք Պարգեւողը»։ Ապա, կ’աւելցնեն. «մեր աշխարհն այսօր դժուար է խաղաղութեան այգի համարել»։ «Այնուամենայնիւ, ինչպէս Եսայի Մարգարէն, կը հաւատանք, որ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան եւ նուիրուածութեան վրայ հիմնուած ապրելակերպի վերադառնալը կարող է աղէտին այլընտրանք առաջարկել»։
Պելեմի մէջ COP30ին ընդառաջ
Բոլոր եկեղեցիներու կողմէ Արարչագործութիւնը պաշտպանելու այս համատեղ կոչը կը կապուի Պրազիլի Պելեմ քաղաքին մէջ նախատեսուող ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի՝ COP30ի հետ։ CCEEի եւ CECի Նախագահները յոյս կը յայտնեն, որ աշխարհի առաջնորդները կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի կենտրոնին մէջ կը դնեն աղքատներու եւ խոցելի մարդկանց կարիքները եւ կը դիտարկեն կլիմայական ճգնաժամը որպէս միջազգային յարաբերութիւնները համընդհանուր բարօրութեան ուղղութեամբ վերաձեւաւորելու հնարաւորութիւն։
Աղօթքի եւ պարտաւորութեան ժամանակ
CCEEն եւ CECը կը հաստատեն նաեւ, որ Արարչագործութեան Ժամանակը աղօթքի, դարձի գալու եւ պաշտպանութեան ժամանակ է։ Յայտարարութիւնը կ’ընդգծէ բացի այդ, որ «Խաղաղութիւն արարչագործութեան հետ» նիւթը կը համապատասխանէ վերանայուած «Charta Oecumenica»ին (CCE-ն եւ CECի համատեղ փաստաթուղթը՝ ուղղուած Եւրոպայի քրիստոնէական եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման), որ պիտի ստորագրուի տարեվերջին՝ ամրապնդելով քրիստոնէական միասնութիւնը եւ պարտաւորուելով հոգ տանիլ արարչագործութեան մասին ողջ Եւրոպայի մէջ։ Մինչ Եւրոպայի քրիստոնէական համայնքները կը միանան այս կոչին, Յայտարարութեան համաստորագրողները կը հրաւիրեն բոլոր հաւատացեալները իրենց ներդրումը ունենալու մեր հասարակաց տան պաշտպանութեան գործին մէջ եւ նպաստելու արդար եւ կայուն ապագային։
Աղօթք առաջնորդներու համար
«Մենք կ’աղօթենք Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ Պրազիլի Պելեմ քաղաքին մէջ Նոյեմբեր 10էն 21ը կազմակերպուած Կլիմայի փոփոխութեան Գործընկերներու 30-րդ Համաժողովի (COP30) բոլոր առաջնորդներու եւ մասնակիցներու համար, որոնք կը պարտաւորուին պաշտպանել մեր կլիման: Կը հաւատանք, որ ներկայիս կլիմայական ճգնաժամը հնարաւորութիւն է վերաձեւաւորելու միջազգային յարաբերութիւնները ընդհանուր բարօրութեան ուղղութեամբ եւ ստեղծելու աւելի արդար եւ կայուն կեանքի ոճ ողջ մարդկութեան համար», կը շեշտուի, ի վերջոյ, վերոնշեալ Յայտարարութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ