Լիբանանի մամուլին ներկայացուցիչներուն նուիրուած սիրոյ սեղանը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ
Աշրաֆիէ, Ժըթաուի, Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մամուլին ներկայացուցիչներուն նուիրուած ընթրիքը, ի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին «ՀԿՄ Արարատեան» թատերասրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարին ներկայացուցիչ եւ «Թէլէ Լիպան»-ի տնօրէնուհի Էլիսար Նատաֆի, մամուլի սենտիքային նախագահ Աունի Քաաքիի, հանրապետութեան նախագահական պալատին լրատուական գրասենեակին տնօրէն Րաֆիք Շելէլայի, կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կենդրոնին տնօրէն Գերյ. Հ. Ապտօ Ապու Քասմի, «Սոթ Մահապէ» եւ «Charity TV» կայաններուն ընդհանուր տնօրէն Հ Շարպէլ Թաննուս Ժաաժայի, «Նուր Սաթ» կայանին տնօրէն Ժագ Քալլասի, նախկին վարչապետ Միքաթիի տեղեկատուութեան խորհրդական Ֆարէս Ժէմայյէլի, խմբագիրներու սենտիքայի փոխ-նախագահ Սալահ Թաքիտինի, պետական լրատուութեան կենդրոնին նախագահ Րանա Շեհապի, գրաւոր թէ լսատեսողական, ինչպէս ալ լիբանանահայ մամուլին մէջ եւ ելեկտրոնային կայքերուն ու հաղորդամիջոցներուն մէջ գործող բազմաթիւ լրագրողներու:
Ընթրիքը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրի խօսք առաւ ու ներկայացուց այս հանդիպումին նպատակը՝ պատուելու և շնորհակալութիւն յայտնելու լիբանանեան մամուլին՝ բերած աջակցութեան ու ներդրումին համար պատրիարքարանին կողքին՝ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ պատրիարքական գահը ստանձնելէն ի վեր, մանաւանդ երջանակայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմնին Լիբանան փոխադրութեան առիթով կայացած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:
Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կենդրոնի տնօրէնը՝ Գերյ. Հ. Ապտօ Ապու Քասմ ելոյթ ունեցաւ, որուն մէջ ընդգծեց, թէ այս աննախադէպ հանդիպումը տեղի կ'ունենայ Ամենապատիւ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, որ լրատուութեան մասնագէտ է և նախապէս Լիբանանի, Սուրբ Երկրին և Վատիկանի մէջ հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուն էր։ Ան աւելցուց. «Մենք հաւաքուած ենք Ձեր շուրջը, Ձերդ Սրբութիւն, լրատուական հաստատութիւններու բոլոր պատասխանատուներուն և մեր բոլոր լրատուական գործընկերներուն շուրջ։ Մենք իսկապէս մէկ ընտանիք ենք։ Շնորհակալութիւն Ձեզի, որ այս ընտանիքը սիրոյ այս սեղանին շուրջ համախմբեցիք։ Շնորհակալութիւն նաեւ, որ կը հաւատաք Լիբանանի մասնագէտ լրագրողներու և լրատուամիջոցներու առաքելութեան»։
Ան շարունակեց. «Մենք կոչուած ենք սիրոյ, խաղաղութեան, խօսքի ազատութեան և միասնութեան առաքեալներն ու զինուորները ըլլալու այս երկրին մէջ։ Ուստի, մենք կոչ կ'ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք լրատուամիջոցները կ'օգտագործեն որպէս պառակտումի զէնք ու միջոց, զանոնք օգտագործեն սիրոյ եւ համերաշխութեան համար։ Ասիկա մեր պատգամն է, մեր գոյութեան գաղտնիքը, և այս նպատակին համար կը ձգտինք մեր երկիրը փրկելու համար»։
Իր խօսքն աւարտեց. «Մենք կը խոստանանք Ձեզի, Ամենապատիւ Տէր, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով պիտի հետեւի Մալոյեան արքեպիսկոպոսին սրբադասումին արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 19-ին, որովհետեւ այս սրբադասումը, անշուշտ, դրականօրէն պիտի ազդէ Լիբանանի, Լիբանանի Եկեղեցիին և Լիբանանի Հանրապետութեան վրայ՝ գլխաւորութեամբ վսեմաշուք Զօր. Ժոզէֆ Աուն նախագահին և այս երկրին մէջ բոլոր հաւատարիմներուն»։
Մամուլի սենտիքային նախագահ Աունի Քաաքի իր կարգին խօսք առաւ, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ լրատուամիջոցներուն և լրատուական մասնագէտներուն պատուելու առիթով այս առատաձեռն հրաւէրին համար: Քաաքի անդրադարձաւ մարոնիթ Պատրիարք-Կարդինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռաին քննադատող ձայներուն՝ զանոնք որպէս «վատ» որակելով: Ան ըսաւ. «Անոնք չեն ներկայացներ կամ չեն արտայայտեր որևէ լիբանանցիի տեսակէտը: Լիբանանն ու լրատուամիջոցները այդպէս չեն, և ոչ ոք պէտք չէ յարձակի հոգեւորականութեան դէմ, որ Լիբանանի հարստութիւնն է: Կրօններն ու երկնային առաքելութիւնները հարստութիւն են և պէտք է զանոնք պահպանել: Մենք բոլորս մէկ ենք»: Ան վերջապէս նկատել տուաւ, թէ «անոնք, որոնք համարձակ եւ արդար դիրքորոշումներ կ'որդեգրեն, միշտ կ'ենթարկուին անհիմ քննադատութիւններու»:
Այս առիթով, Ամենապատիւ Գերեջ. Հոգեւոր Տէրը տուաւ իր հետեւեալ պատգամը.
«Սիրելիներ,
Մեծ ուրախութեամբ կ'ողջունեմ ձեզ մեր պատրիարքական համալիրէն ներս: Հակառակ անոր ընկերային համեստ շրջանակին, անոր սիրտը մեծ է եւ կը տրոփէ անկեղծ հայրենասիրութեամբ։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին խորապէս արմատած է Լիբանանի պատմութեան մէջ: Անոր արմատները դարեր շարունակ մխրճուած են Քեսրուանի լեռներուն մէջ՝ իր դռները բանալով բոլոր անոնց առջեւ, որոնք հոն դիմած են՝ հալածանքի օրերուն կամ ներքին ու արտաքին խնդիրներու ժամանակ, ինչպէս ալ խաղաղութեան ու համերաշխութեան սերմերը ցանելով Հայրենիքին զաւակներուն մէջ։
Այս դարաւոր պատմութեան ընդմէջէն, մենք այսօր կը հանդիպինք՝ նախապատրաստուելով Հոկտեմբեր 19-ին տօնելու համար 1915-ի Հայասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի սրբադասումը, Վատիկանի մէջ, ուր արարողութիւնը պիտի հանդիսապետէ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը։
Այսօր, մեր միասնական ներկայութիւնը այս օրհնեալ կառոյցին մէջ բացառիկ առիթ մըն է ինծի համար՝ իմ խորին երախտագիտութիւնս ու գնահատանքս արտայայտելու ձեր մասնակցութեան և ծառայութեան համար՝ Աստուծոյ Ծառայ երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի մարմնին ժամանումին առիթով։
Հայրական շնորհակալութիւնս սրտանց կը յայտնեմ ձեզի՝ 12 Սեպտեմբեր 2024-ին ձեր գործակցութեան ու ժողովուրդներուն առջեւ ձեր տուած արձագանգին համար՝ որպէս Լիբանանի մէկ տունին և մէկ հայրենիքին հանդէպ ձեր սիրոյն ու միասնութեան արտայայտութիւնը, որ կ'ընդգրկէ անոր բոլոր համայնքները և զանոնք կը համախմբէ որպէս այն մէկ ընտանիքը, որ չի բաժնուիր որեւէ խռովութեան կամ անհամաձայնութեան հետեւանքով։
Այդ օրհնաբեր ու պատմական օրը, մենք միասին զգացինք եւ ապրեցանք իսկական հայրենասիրութիւնը։ Այսօրուան մեր հանդիպումը երկրորդ առիթն է կրկնելու այդ մէկը և մեր միասնութիւնը ցոյց տալու մեր սիրելի երկրին՝ Լիբանանի մէջ, և կարելիութիւնը՝ վերանորոգելու անոր հանդէպ մեր սէրն ու նուիրուածութիւնը։
Մենք չենք ժխտեր, որ կան բաժանումներ, քաղաքական կամ կուսակցական տարաձայնութիւններ, որոնք մեզ կը բաժնեն, մեր մտքերը կը ցրուեն կամ մեզ կը հեռացնեն միասնութեան և իսկական հայրենասիրութեան ճանապարհէն՝ երբեմն մեզ մղելով դէպի կողք կողքի ապրելու, բայց առանց համակեցութեամբ։
Այսուհանդերձ, իսկական հայրենասիրութեան ոգին կը գերիշխէ բոլոր հետապնդուած տարբեր շահերուն այս սիրելի Հայրենիքին հողերուն վրայ։ Ես չեմ ժխտեր քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւնը մեր երկրին մէջ, բայց անիկա ամբողջութեամբ պէտք է ծառայէ Լիբանանի շահին եւ անոր քաղաքացիներուն բարիքին։
Լաւ գիտակցելով, որ քաղաքականութիւնը հիմնուած է շահերու վրայ, և երբ մենք միայն քաղաքական ձեւով կը գործենք, կը կորսնցենք ընդհանուր շահը։ Հետևաբար, դուք ազատ խօսքին տէրերն էք, և ձեր խօսքերը կը շրջանցեն բոլոր արգելքները՝ հասնելով մարդերու սրտերուն, որոնց միջոցաւ կը պտղաբերեն եւ կ'ամրապնդեն մեր Լիբանան Հայրենիքին նկատմամբ անոնց կապուածութիւնը։
Հակառակ պարագային՝ մենք կը զգանք հեռանալու և արտագաղթելու փորձանքը, որուն հետեւանքով Հայրենիքը կը կորսնցնէ իր քաղաքացիները։ Յոյսով եմ, որ դուք խաղաղութեան ու միասնութեան, յոյսի և նուիրումի կամուրջները կը հանդիսանաք՝ մէկ Հայրենիքին զաւակներուն միջև, անոնց համայնքային, կրօնական կամ քաղաքական պատկանելութիւններէն անկախ, որովհետեւ մենք բոլորս մէկ Հայրենիքին զաւակներն ենք, որուն առաքելութիւնը յաւերժական մայրիին դրօշին տակ է։
Աւելի յարմար է, որ ձեր առաքելութիւնը Լիբանանի սրտին մէջ կայանայ՝ որպէս յոյսի ու նուիրուածութեան աղբիւրը, եւ ոչ թէ յուսահատութեան և յուսալքումի աղբիւրը։
Խօսքս աւարտելէ առաջ՝ կրկին անգամ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ իմ և Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անունով իւրաքանչիւր լրատուականի կամ հաղորթամիջոցի, եւ բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան ու ջանք թափեցին, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք լուռ կամ յայտնապէս ներդրում ունեցան։
Դուք չորրորդ իշխանութիւնն էք եւ մեր գործընկերները՝ խաղաղութեան պատգամը հաստատելու գործընթացին մէջ ու ճշմարտութեան հիմնարար սիւնը՝ արդարութեան ու սիրոյ վրայ հիմնուած հասարակութեան իրագործումին մէջ։
Մեր աղօթքն է, որ Տէրը օրհնէ ու պտղաբերէ ձեր աշխատանքը, և դուք մնա՛ք ճշմարտութեան փարոսը, ինչպէս նաեւ բարձր ձայնը կենդանի խղճին։
Թող ձեր պատգամը կառուցողական երկխօսութեան, անկեղծ խաղաղութեան և միասնութեան խորհրդանիշը դառնայ մեր սիրելի երկրին՝ Լիբանանի մէջ։ Ամէն»:
Ստուգիւ, պատմական եւ աննախընփաց այս նախաձեռնութեան ոգին հանդիսացած Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, իր պարզութեան, համեստութեան մէջ ու հայրական ժպիտով, ընդունեցաւ բոլորին կողմէ արտայայտուած շնորհակալութիւնն ոչ միայն իր ըրած հրաւէրին, այլ նաեւ այս կայացած շատ ուրախ, ընտանեկան ու խանդավառող մթնոլորտին համար:
Ապա, անհատներու եւ խմբակներու հետ լուսանկարումներով, ինչպէս ալ իր հայրապետական օրհութեամբ ու մաղթանքով՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը փակեց ոգեպնդիչ ձեռնարկը:
Աղբիւրը `Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ