Կարդինալ Փիցցապալլան եւ  Յոյն Ուղղափառ Պատրիարք Թէոփիլոս Գ Կարդինալ Փիցցապալլան եւ Յոյն Ուղղափառ Պատրիարք Թէոփիլոս Գ  (AFP or licensors)

Երուսաղեմի պատրիարքութիւնները. Տեղահանութիւնը, «մահուան դատապարտում» է

Համատեղ յայտարարութեան մը մէջ Երուսաղեմի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին և Լատին Եկեղեցին իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հետևանքներու և Կազայի շրջանէն «տարհանման հրամաններու» վերաբերեալ. «Բանտարկութեան վրայ հիմնուած ապագայ չի կրնար ըլլալ», անհրաժեշտ են գործողութիւններ՝ «այս անիմաստ և կործանարար պատերազմը» դադարեցնելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ և Լատին Եկեղեցւոյ Պատրիարքութիւնները հանդէս գալով միասնական յայտարարութեամբ արտայայտած են իրենց «խոր մտահոգութիւնը» Կազայի վրայ Իսրայէլի ռազմական յարձակման ուժգնացման և քաղաքացիական բնակչութեան դէմ արձակուած հարկադիր տարհանման հրամաններու վերաբերեալ, որոնք «մահուան դատավճիռ» են շատ մը անձերու համար որոնք արդեն իսկ հիւծուած են ամիսներ տևած պատերազմէն։

Միասնական յայտարարութեան մէջ պատրիարքութիւնները դատապարտած են  Ղազայի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակը, որ սրուած է  ռմբակոծումներու ու դէպի հարաւ տարհանման հրամաններու պատճառով։ Անոնք յիշեցուցած են, որ Սան Փորֆիրիօ և Սուրբ Ընտանիք կրօնական համալիրներուն մէջ կը  գտնուին հարիւրաւոր խոցելի քաղաքացիական անձինք (տարեցներ, երեխաներ, հաշմանդամներ), որոնք կարողութիւնը չունին փախչելու։ Ապա անարդարացի և արդարութեան ու մարդկայնութեան բոլոր սկզբունքներուն  հակասող համարած են  բռնի տեղահանութիւնը։

Պատրիարքութիւնները միջազգային հասարակութենէն կը պահանջեն, որ անմիջապէս միջամտէ վերջ դնելու համար պատերազմին ու ազատ արձակելու իսրայէլացի պատանդները։

Յղում կատարելով ապա Լեւոն ԺԴ. Սբազան Պապին խօսքերուն անոնք ընդգծած են որ բոլոր ազգերը նոյնիսկ ամենախոցելիները իրաւունք ունին ապրելու իրենց հայրենիքին մէջ առանց ենթարկուելու բռնի տեղահանութեան։

Անոնք ապա կոչ ուղղած են «սրտի դարձի» ի սպաս ու Կազայի եւ համայն Սուրբ Երկրին մէջ արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատումին համար։  

      

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2025, 11:26