Քրիստոնեաները, մահմետականները եւ հրեաները խաղաղութեան համար « Պէտք է կասեցնել ատելութիւնը»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմէն՝ կոչ, հակամարտութիւններով եւ լարուածութիւններով բնորոշուած Մերձաւոր Արեւելքին համար ու առաջարկ հանդիպումի մը Իտալիոյ մէջ եպիսկոպոսներուն, Րաբունապետերու, Իմամներուն միջեւ։ «Ուղիղ եւ ոչ աւանդական դաւանաբանական հանդիպում այլ միասին վկայելու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։
Մերձաւոր Արեւելքի համար կոչը բխած է ատելութիւնը կասեցնելու, համակեցութիւնը պաշտպանելու, լեզուն զտելու, խաղաղութիւն կերտելու նուիրուած նախաձեռնութեան նպաստելու հրատապ անհրաժեշտութեան համոզմունքէն։
Պատասխանատուութիւնը անհատներու եւ հասարակութիւններու կողմէ։ Այս եղաւ հռոմի մէջ հրապարակուած Իտալիոյ հրէական, քրիստոնէական մահմետական համայնքներուն ներկայացուցիչներուն կողմէ տարածուած միջկրօնական կոչի բացումի խօսքերը։
Իտալիոյ մէջ հրէական համայնքներու միութեան, Նոյէմի Տա Սէյնի, Իտալիոյ իսլամական համայնքներուն միութեան նախագահ Եասին Լաֆրամի, Հռոմի Մզկիթի նախագահ Ապու Պաքերի եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Զուփփի կողմէ ստորագրուած կոչին նպատակն է «լուծումներ գտնել այն բաներուն համար ,որոնք հաւատքը կը նուաստացնեն ու դիմադրել»։
Քրիստոնեաներուն, հրէաներուն, Իսլամներուն ներկայացուցիչներուն կողմէ նախաձեռնութեամբ միջ կրօնական կոչը կ՝ընդգծէ ատելութիւնը վերացնելու եւ հաւատքներու միջեւ համակեցութիւնը խթանելու հրատապութիւնը ու նկատի առնել անհատներուն եւ համայնքներուն պատասխանատուութիւնը, ատելութեան դէմ պայքարի, յարգանքի, արժէքներու պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան խթանման գործէն ներս։
Կոչին հիմնական կետնպատակն է խրախուսել տարբեր դաւանանքներու կրօնական առաջնորդներուն հանդիպումները՝ ուղղակի եւ ոչ աւանդական ձեւով , որպէսզի ցուցադրուի անհանդուրժողականութեան եւ վնասակար ընդհանրացումներուն ալիքներուն դէմ համատեղ յանձնառութիւնը։
Կը նշուի, որ ատելութեան անվտանգութիւնը կարելի է առաջանալ «Պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլցիներուն միջեւ խաղաղութիւնէն, ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանին կայունութիւնը կախուած են փոխադարձ ճանաչումէն, մարդու իրաւունքներուն յարգանքէ եւ երկխօսութենէն։
Կոչին շօշափելի առաջարկը այն է Իտալիոյ մէջ կազմակերպել հանդիպումներ Եպիսկոպոսներուն, Րաբունապետերու եւ Իմամներուն միջեւ՝ պարզ եւ անմիջական ձեւով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ