Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (57)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք միջնադարեան Հայաստանի աղանդներուն:

ԾԷ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք միջնադարեան Հայաստանի աղանդներուն:

Քրիստոնեութիւնը որպէս կրօն, Հայաստանի մէջ ծագած է Ա. դարու արշալոյսին, իսկ Դ. դարուն, ընդունուած է որպէս պետական կրօն: Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը վկայէ թէ քրիստոնէութեան արշալոյսէն արդէն զանազան աղանդներ ու հերձուածներ կային: «Հերձուած կամ աղանդ» կը համարուէին Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան հակառակ կրօնական ուսումները: Հին ատեն, «հերձուած» ըսելով նկատի ունէին եկեղեցւոյ դաւանանքի մեկնաբանութիւնը չ'ընդունող կամ սխալ քարոզող կրօնական հոսանքները, մինչդեռ «աղանդ» ըսելով կը հասկնային այլ կրօնները (ինչպէս Եզնիկի երկին մէջ՝ գնոստիկները, հեթանոսները, պարսից կրօնը և այլն): Ժամանակի ընթացքին՝ «հերձուած» բառը աստիճանաբար դադրած է գործածութենէ՝ տեղը զիջելով «աղանդ» բառին, զոր կ'ընդգրկէ նաեւ հերձուածի իմաստն ու նշանակութիւնը:

Բազմաթիւ անգամներ յիշատակուած է նաեւ հերետիկոս բառը: Արդարեւ, աղանդներու ծագման  մասին առաջին տեղեկութիւնները մեզի յայտնի են Ե. դարու պատմիչներու երկերէն, եկեղեցական հայրերու ճառերէն, աշխատութիւններէն և այլ աղբիւրներէն: Եզնիկ Կողբացիի վկայութեամբ՝ Դ. դարուն, քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունելէ ետք, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած են շարք մը աղանդներ, որոնցմէ են. Մանիքէականները ու Մարկիոնականները (Մարկիոնի ուսմունքի քննադատութեան առնչութեամբ՝ Եզնիկ Կողբացին իր «Եղծ աղանդոց» մէջ առաձինն գլուխ նուիրած է), Եւստաթիոսականները (Սեբաստիայի հայազգի եպիսկոպոս Եւստաթէոսի անուան հետ կապուած անապատական (տես Անապատականութիւն) շարժումը, որ իր վարդապետութեան մէջ ներառել էր գնոստիկեան առանձին գաղափարներ:

Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան համաձայն, Ե. դարու սկիզբը Բիւզանդական Հայաստանի մէջ կը յիշատակուին Բորբորիտներու աղանդը, իսկ Հայաստանի պարսկական մասին մէջ՝ Մծղնէից աղանդը: Բարեբախտաբար, Մազդեզանց աղանդը իր օտարոտի կրօնական ուսմունքով խոր արմատներ չէ ձգած Հայաստանի մէջ: Այնուհետեւ, Նեստորն ու Նեստորականները, Արիոսը և Արիոսականները, (Արիոսը կ'ուսուցանէր թէ Քրիստոս կատարեալ մարդ էր, բայց Աստուած չէ): Այս երկուքը իսկոյն նզովուեցան Նիկիոյ ժողովի կողմէ 325 թուին:

Գնոստիկեան աղանդը Հայաստան մուտք գործած է աւելի ուշ՝ Դ.-Ե. դարերուն: Կ'ենթադրուի թէ, Գնոստիկեան եղած է Ղազար Փարպեցիի յիշատակած «Հայոց աշխարհի աղանդը»: Եւ յիրաւի գնոստիկեան շարժումը կարելի է քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամենամեծ ճգնաժամը համարել, որմէ ազատուելէն յետոյ միայն՝ եկեղեցին միանգամայն ամուր կազմակերպութիւն ունեցաւ: Քրիստոնէական եկեղեցին չէր կարող համաձայնիլ գնոստիկականութեան հետ, ուստի երկարատեւ պայքար մղած է գնոստիկեան աղանդաւորներուն դէմ՝ ստեղծելով իր աստուածաբանական դպրոցները, հրապարակ հանելով անոնց գաղափարներու դէմ ուղղուած բազմազան ու ծաւալուն գրականութիւն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2025, 07:52