Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (58)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց»ին:

ԾԸ. Հաղորդում 

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց»ին: 

Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոց» կամ «Աղանդներու հերքում»ը հայ միջնադարեան աստուածաբանական և իմաստասիրական մտքի և դասական հայրախօսութեան կարեւորագոյն յուշարձան մը կը հանդիսանայ: Ան Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտ ըլլալով՝ Ոսկեդարու թարգմանիչներու առաջին փաղանգին ամենէն կարկառուն դէմքը ճանչցուած է՝ լեզուագիտութեամբ, մատենագրական բազ¬մակողմանի հմտութեամբ: Տիրապետած ըլլալով շարք մը լեզուներու, ինչպէս՝ յունարէնի, պարսկերէնի եւ ասորերէնի, մասնակցած է Աստուածաշունչի և այլ երկերու թարգմանութեան: Եզնիկի նշանաւոր «Եղծ Աղանդոց»ը ջատագովական բնոյթ ունի՝ պաշտպանելու համար քրիստոնէական ուղղափառ հաւատքը՝ ընդդէմ հեթանոսական հաւատալիքներու եւ առասպելներու ու աղանդաւորական մոլար վար¬դապետութիւններու։ Ըստ Կորիւնի եւ Խորենացիի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ Եզնիկ Կողբացի միակ ձեռնհաս եւ պատրաստուած անձն էր այս նուիրական գործին համար։ Ուստի մշակութային կո՛ւռ շարժումին առընթեր, պէտք էր պայ¬քարիլ նաեւ այս բոլոր մոլորութիւններուն դէմ։

Բովանդակութեան առումով՝ Եզնիկ յաջորդաբար կը հերքէ Ա. և Բ. դարերուն աղանդները, որոնք ծագում առած են հեթանոսական տարբեր կրօններու եւ յոյն փիլիսոփաներու ուսմունքներու խառնուրդէն: Բազմակողմանի զարգացած և խորաթափանց մտածողն Եզնիկ՝ իր քննադատութեան սլաքը կ'ուղղէ իր ժամանակի գնոստիկներու, մանիքէականներու, Պարսից մազդէական կրօնի, Մարկիոնի աղանդներուն և գաղափարներուն դէմ, որոնք մուտք գործած են քրիստոնէութեան մէջ՝ փորձելով քրիստոնէական ուսմունքը միացնել Արեւելքի դիցաբանութեան, հեթանոսութեան, (առաւելապէս ասորական եւ փիւնիկեան) տիէզերաբանութեան, բաբելոնեան աստղաբաշխութեան ու հմայութեան, Փիլոն Եբրայեցիի հելլենական իմաստութիւնը, միացած հելլէնիզմի, պղատոնական և նոր բիւթակորեան և ստոյիքեան գաղափարներու հետ: Միով բանիւ՝ դիմակազերծած է քրիստոնէութեան եւ հեթանոսական փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ վաղ քրիստոնէական հերետիկոսութեանց սոսկալի խառնուրդը։ Կոթողային մատեանը բաղկացած է չորս գլխաւոր մասերէ. Եղծ աղանդոց հեթանոսաց, Եղծ քէշին պարսից, Եղծ կրօնից յունաց իմաստնոցն և Եղծ աղանդոյն Մարկիոնի: Փիլիսոփայականի և աստուածաբանականի հետ շօշափած է նաեւ բարոյագիտական, տիէզերագիտական, նոյնիսկ բուսաբանական, բժշկագիտական, հոգեբանական, ազգագրական և ուրիշ շատ հարցեր:

Եզնիկ, ըստ քրիստոնէական գաղափարախօսութեան՝ կը հաստատէ թէ միարմատականութեան և միաստուածութեան վարդապետութենէն շեղուող աղանդներուն մէջ կ'իշխէ երկարմատական (Dualisme) աշխարհայեացքը, նախագոյի, երկու ինքնակաց սկզբնապատճառերներու, չարի և բարի աստուածներու (Որմիզդի և Արհմնի) ցնդաբանական ուսուցումները: Յոյն իմաստասէրները գիտութեան վերահասու ըլլալով՝ չճանչցան Արարիչը. անոնք մօտեցան իսկական գիտութեան դուռին: Անոնք կը հաւատային ինքնագոյ անձնաւոր էակի մը, որպէս ամէն ինչի սկզբնապատճառը, որ ոչ ոքէ չէ յառաջացած, այլ ինքն իսկ առաջին ինքնագոն եղած է: Եւ երկրորդ աստուած և արարիչ կը համարէին միտքը, երրորդ՝ շունջը, որ ամէն բանի հոգին կը կոչեն: Սակայն անոնցմէ յառաջացած ուրիշ անթիւ իմանալի և տեսանելի աստուածներ երեւակայելով՝ իրենք իսկ փակեցին հաւատքի գիտութեան դռները: Ի վերջոյ, Մ. Աբեղեանի համաձայն՝ Եզնիկի երկը յիշատակարան մըն է գեղեցիկ գրականութեան: Իսկապէ՛ս, «Եղծ Աղանդոց» մեծարժէք երկը կը կազմէ իսկական փառքը հեղինակին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2025, 08:31