Միջազգային Քարիթաս Միջազգային Քարիթաս 

«Քարիթաս Ինթերնասիոնալիս»ի կոչը՝ ի պաշտպանութիւն մարդասիրական աշխատաւորներուն։ Յարգանքի տուրք մատուցել զոհուածներուն եւ պաշտպանել ողջերը։

Օգոստոս 19ին նշուող համաշխարհային մարդասիրական օրուան առթիւ «Քարիթաս Ինթերնասիոնալիս»ը կոչ ըրաւ յիշելու համար, բոլոր անոնք որոնք կ՝աշխատին ողջ աշխարհին մէջ օգնութիւն ցուցաբերելու համար, դէմ կենալով բռնութեան եւ խաթարելով իրենց անվտանգութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Օգոստոս 19ին նշուող համաշխարհային մարդասիրական օրուան առթիւ «Քարիթաս Ինթերնասիոնալիս»ը կոչ ըրաւ յիշելու համար, բոլոր անոնք որոնք կ՝աշխատին ողջ աշխարհին մէջ օգնութիւն ցուցաբերելու համար, դէմ կենալով բռնութեան եւ խաթարելով իրենց անվտանգութիւնը։

Մարդասիրական աշխատաւորներուն վիճակը 2024-2025 թուականներուն չափազանց ճգնաժամային է՝ 2024 թուականներուն զոհուած են աւելի քան 380 մարդ, իսկ 2025 թուականին սկիզբը մահացած են 129 անձ։ Միջազգային Քարիթասը, մարդասիրական աշխատաւորներուն համաշխարհային օրուան կապակցութեամբ կոչ ըրաւ յիշելով բոլոր անոնց որոնք զոհուեցան քաղաքացիական բնակչութեան օգնելու համար ու հրաւիրեց պետութիւնները պայքարելու յարձակումներուն անպատժելիութեան դէմ։

Միջազգային Կազմակերպութիւնը կոչին մէջ խրախուեց Կրօններու նուիրուածութիւնը՝ խաղաղութեան եւ պաշտպանութեան՝ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ, ինչպէս Կազան, Սուտանը, Միանմարը եւ այլ երկիրները, ընդգծելով որ քաղաքացիական բնակչութեան եւ մարդասիրական աշխատողներուն պաշտպանութիւնը այժմ հրատապ եւ կարեւորագոյն է։

Բարեսիրական միջազգային կազմակերպութիւնը կոչին մէջ հրաւէր ուղղեց աւելի մեծ յարգանքի արժանացնելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ քաղաքական պատասխանատու թիւնը՝ վայրագութիւններուն վերջ դնելու համար։

համաշխարհային մարդասիրական օրուան նուիրուած յիշատակի օրը սահմանուած է ՄԱԿ-ի կողմէ՝ ի յիշատակ 2023 թուականի օգոստոս 19ին,Պաղտատին մէջ տեղի ունեցած յարձակումին, որուն հետեւանքով զոհուեցան 22 անձեր, որոնք շարքին ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ, Սէրճօ Վէյրա Տէ Մելլօ։ Այդ ժամանակէն ի վեր այս ամսաթիւը դարձաւ ընդհանուր բարօրութեան համար նուիրուածութեան եւ զոհաբերութեան խորհրդանիշ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով մարդասիրական աշխատողներուն աշխատանքը պաշտպանելու անհրաժեշտութեան վրայ, որ յաճախ տեղի կ՝ունենայ շատ վտանգաւոր միջավայրերուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2025, 12:48