Vigil, prayers for victims of suicide bombing at Damascus church

«Աղօթքը կը ծառայէ փոխելու մարդոց սրտերը» Կարդինալ Փիցցապալլա

«Աղօթքը կը ծառայէ փոխելու մարդոց սրտերը», բայց անիկա «խնդիրները լուծող կախարդական բանաձև» մը չէ եւ ասոր համար սիրտը պէտք է բաց մնայ վստահութեան, բարին գործելու եւ կառուցելու ցանկութեան»։ Ահա այս է աղօթքին զօրութիւնը, յատկապէս Սուրբ Երկրին մէջ, որտեղ այս պահուն միւսը ճանչնալը գրեթէ անկարելի է, շեշտեց ի միջի այլոց Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վսատիկան

Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետի 22 օգոստոսը խաղաղութեան ի սպաս ծոմի եւ աղօթքի օր մը ապրելու հրաւէրին ընդառաջեցին աշխարհի վրայ տարածուած մեծաթիւ եկեղեցական համայնքներ, որոնց շարքին էր նաեւ Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքութիւնը, որուն հովուապետը` Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան, Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, շնորհակալութիւն յայտնելով Լեւոն Քահանայապետի հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար, յոյս յայտնեց որ մարդոց սրտերը փոխուին։ 

«Աղօթքը կը ծառայէ փոխելու մարդոց սրտերը», բայց անիկա «խնդիրները լուծող կախարդական բանաձև մը չէ» եւ ասոր համար «սիրտը պէտք է բաց մնայ վստահութեան, բարին գործելու եւ զայն կառուցելու ցանկութեան»։ «Ահա այս է աղօթքին զօրութիւնը, յատկապէս Սուրբ Երկրին մէջ, որտեղ այս պահուն միւսը ճանչնալը գրեթէ անկարելի է», շեշտեց ի միջի այլոց Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը, աւելցնելով` որ աղօթքը կը ծառայէ նաեւ կապ մը ստեղծելու բոլոր կրօններու մարդոց միջեւ, որոնք հակառակ ամէն բանի տակաւին կը հաւատան, որ «մարդուն սիրտը, նաեւ Սուրբ Երկրին մէջ կարող է փոխուիլ»։

Այսօր Սուրբ Երկրին մէջ օր է աղօթքի եւ ծոմապահութեան։ Հաւատացեալները պիտի աղօթեն իրենց համար, իրենց հարեւաններուն համար, որպէսզի գերակայէ խաղաղութիւնը։

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2025, 07:30