2024.06.18 Gesu e bambini

«...Որովհետեւ անոնց է Երկինքի Արքայութիւնը » -Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Փոքրիկները մեզի կը յիշեցնեն, նաեւ, ուրիշ գողտրիկ իրականութիւն մը՝ թէ մենք տեւապէս մանուկ ենք. նոյնիսկ երբ մէկը չափահաս դառնայ կամ՝ տարեց, նոյնիսկ երբ հայր կամ մայր դառնայ, կամ մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնէ, իր փոքր ըլլալու ինքնութիւնը կը պահէ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Իր երկրաւոր առաքելութեան տարիներուն, Քրիստոս՝ Աստուածորդին՝ անիմանալի սէր ու խանդաղատանք յայտնաբերած է մանուկներուն հանդէպ, նամանաւանդ երբ յանձնարարած է. «Զգոյշ, մի' արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը, գիտցէ՛ք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հօրս Երեսը» (Մատթէոս 18, 10):

Քանի՜ անգամ, անկասկած, կարդացած ենք Աւետարանի այս պարբերութիւնը, ու թերեւս նոյնքան ալ չենք հետապնդած անոր խորախորհուրդ իմաստը ներթափանցել.

Նախ, ազդարարութիւն մը. «Զգոյշ».

Ապա, «Անոնց հրեշտակները», այսինքն՝ մանուկները,

Եւ հուսկ, գերազանցն ու վսեմը. «Երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն Երկնաւոր Հօրս Երեսը» (Անդ, 18, 10):

Սրբացումի ու աստուածացումի բոյր կայ վերոնշեալ խօսքերուն մէջ:

«Հօր Աստուծոյ երեսը տեսնել» յայտարարելով, Քրիստոս դեռ աւելի կ'ընդարձակէ Իր նկատառումներուն ոլորտը, դարբնելու Իր ընդդիմախօսներուն գիտակցութեան մէջ, թէ Աստուած դժուարութիւն չունի հասկցուելու փոքրիկներէն եւ փոխադարձաբար:

Ու կարելի է կռահել, թէ ամենեւին պատահական չէ, որ Աւետարանին մէջ գողտրիկ եւ ուժեղ խօսքեր կը գտնենք Յիսուսի բերնին մէջ փոքրերու նկատմամբ:

«Փոքրիկ» եզրը կը ներփակէ բոլոր այն անձերը, որոնք կարիքն ունին ուրիշներուն, եւ յատկապէս փոքրիկները. եւ այս առումով, Քրիստոսի հետեւեալ աղօթքը իր աստուածային իմաստաւորումին եզրայանգումը կը դառնայ. «Հայր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ իմաստուններէն եւ գիտուններէն ծածկեցիր ա'յն՝ ինչ որ յայտնեցիր փոքրիկներուն», այսինքն՝ պարզ ու համեստ մարդոց (Անդ 11, 25):

Հետեւաբար, փոքրիկները հարստութիւն մը կը կազմեն մարդկութեան եւ Եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ անոնց փոքր տարիքն ու անմեղութիւնը՝ մեզի մշտապէս կը յիշեցնեն անհրաժեշտ պայմանը Աստուծոյ Արքայութեան մէջ մտնելու. պայմանը ա'յն է, որ մենք մեզ ինքնաբաւ չնկատենք, այլ մենք մեզ ճանչնանք իբրեւ արարածներ, որոնք պէտք ունին օգնութեան, սիրոյ ու ներումի:

Փոքրիկները մեզի կը յիշեցնեն, նաեւ, ուրիշ գողտրիկ իրականութիւն մը՝ թէ մենք տեւապէս մանուկ ենք. նոյնիսկ երբ մէկը չափահաս դառնայ կամ՝ տարեց, նոյնիսկ երբ հայր կամ մայր դառնայ, կամ մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնէ, իր փոքր ըլլալու ինքնութիւնը կը պահէ:

Մենք բոլորս «փոքրիկ ենք», այն իմաստով, որ մենք մեզի կեանք չտուինք, այլ՝ կեանքը ստացանք: Կեանքի մեծագոյն պարգեւը՝ մեր ստացած առաջին նուէրն է: Երբեմն, հակամէտ ենք մոռնալու այս իրողութիւնը, կարծես թէ մենք տէր ըլլայինք մեր գոյութեան, մինչ կտրականապէս կախեալ ենք Աստուծոյ ստեղծիչ կամքէն:

Իրականութեան մէջ, կեանքի ամէն տարիքին, ամէն վիճակին, ամէն ընկերային պարագային, մենք ե'նք ու կը մնանք փոքրիկներ՝ Աստուծոյ աչքին: Ա'յս է փոքրերուն մեզի տուած գլխաւոր պատգամը: Իսկ անոնց ներկայութիւնը դաստիարակիչ է:

Արդարեւ,

-Փոքրիկները կը նային իրականութիւններուն վստահելի հայեացքով: Անոնք կը նային իրենց մայրիկին եւ հայրիկին ինքնաբուխ վստահութեամբ:

-Փոքրիկներուն նայուածքը մաքուր ու անմեղ է. հո'ն, նենգութիւն չկայ:

-Փոքրիկները դիւանագէտ չեն. կ'ըսեն՝ ի'նչ որ կը զգան ու կը տեսնեն, յաճախ նեղ վիճակի մատնելով իրենց ծնողները:

-Փոքրիկները երկերեսանի ըլլալ չեն գիտեր, ինչ որ յատուկ է մեծերուն:

-Իրենց ներքին պարզութեան ետին, կը քօղարկեն քնքշութիւն եւ գորով:

-Փոքրերը ունին ատակութիւնը ժպտելու եւ լալու, բան մը, որմէ մեծերը շատ անգամ զրկուած են: Մեր ժպիտը յաճախ արուեստական է, հաճոյակատար եւ շողոքորթող:

Ա'յս է Քրիստոսի անստուեր վարդապետութիւնը, որ կտակեց Իր աշակերտներուն՝ հրաւիրելով զանոնք ըլլալ փոքրիկներուն պէս. «...որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը» (Մատթէոս 19, 14):




 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2025, 08:31