Արարչագործութեան համար աղօթքի Համաշխարհային Օրը եւ «Արարչագործութեան Ժամանակը»` համամիութենականութեան նշան
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Մէկ Սեպտեմբերին Արարչագործութեան համար աղօթքի Համաշխարհային Օրն է, որով սկիզբ կ՜առնէ նաեւ «Արարչագործութեան Ժամանակը» զոր քրիստոնեաները կ՚ապրին որպէս հնարաւորութիւն՝ միանալու աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ բնապահպանական դարձի համար գործողներու բազմաթիւ ջանքերուն։
«Արարչագործութեան Ժամանակը» համամիութենական նախաձեռնութիւն մըն է, որ կը նշուի ամէն տարի Սեպտեմբերի 1էն մինչեւ 4 Հոկտեմբերը՝ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը, որուն կ՚աջակցին տարբեր կազմակերպութիւններ որոնց շարքին՝ «Laudato Si'» շարժումը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, Լիւթերական Համաշխարհային Համադաշնութիւնը եւ Անկլիքան համայնքը։
1989 թուականին Տիեզերական Պատրիարք Դեմետրիոսը Սեպտեմբերի 1ը հռչակեց ուղղափառ քրիստոնեաներու համար «Արարչագործութեան Աղօթքի Օր»: Հետագային Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (World Council of Churches)՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին ի յիշատակ, տօնախմբութիւնը երկարաձգեց հինգ շաբաթ՝ մինչեւ 4 Հոկտեմբեր։
2015 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց «Laudato si'» Շրջաբերականը, իր կարգին սեպտեմբեր մէկը հռչակելով «Արարչագործութեան խնամքի համար աղօթքի համաշխարհային օր»:
Այդ առթիւ ամէն տարի կը հրապարակուի պատգամ։ 2025 թուականի պատգամին բնաբանն է՝ «Խաղաղութեան եւ յոյսի սերմեր»՝ ընտրուած Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ։
Լեւոն ԺԴ. Պապը, որ շարունակեց քալել իր նախորդին քայլերով, Քասթել Կանտոլֆոյի «Laudato si’» աւանի մէջ 9 Յուլիսին մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կիրառեց «յանուն Արարչագործութեան պաշտպանութեան» Սուրբ Պատարագի համար աղօթքներու նոր բանաձեւը, զոր հաստատած էր նախօրէին։
Այս տարուայ տօնախմբութիւններուն կենդանութիւն կը հաղորդէ ուղղափառ եւ բողոքական եկեղեցիները միաւորող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի տեսանիւթը՝ Օրուայ պատմութեան եւ խորհրդանշականութեան մասին:
Եպիսկոպոսական Համահաւաք շատ Դասեր, յատկապէս Լատին Ամերիկայի Երկիրներու եւ Ֆիլիփիններու մէջ, սեփական ծխական համայնքներէն ներս կը քաջալերեն նշելու այդ Օրը յանուն Արարչագործութեան պահպանութեան Սուրբ Պատարագներով։
2025 թուականին կը նշուին երկու կարեւոր տարեդարձեր՝ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակը եւ «Laudato si'»ի հրատարակման տասնամեակը:
«Արարչագործութեան Ժամանակ» ձեռնարկը համաշխարհային մակարդակով կը համակարգուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կողմէ՝ համագործակցութեամբ տարբեր համաշխարհային քրիստոնէական եկեղեցիներու ու գործընկերներու:
Արարչագործութեան Օրուայ առթիւ ամէն տարի կը կազմակերպուի առցանց աղօթքի ծառայութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ