Քրիստոնեաները երկխօսութեան մէջ՝ համամիութենական մարտահրաւէրները լուծելու համար
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժին
Երկուշաբթի՝ 1 Սեպտեմբերին, Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան նստավայրի մէջ սկիզբ առաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի միջեւ համատեղ աշխատանքային խումբին լիագումար նիստը: Հանդիպումը, որ պիտի աւարտի վաղը՝ 3 Սեպտեմբերին, նպատակ ունի խորացնել մասնակիցներու միջեւ յարաբերութիւնները, ստեղծել կենսափորձի փոխանակման հնարաւորութիւն, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել համատեղ աշխատանքային խումբի առաջնահերթութիւնները եւ ապագայ գործունէութեան շրջանակը:
Օրակարգային նիւթեր
Համաժողովի ընթացքին քննարկուող հիմնական նիւթերն են՝ կրօնական անտարբերութեան մարտահրաւէրը, միասնական հաշտեցման կարեւորութիւնը, կրօնական պատկանելութեան հիման վրայ բռնութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի ուղիները, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու հալածանքներն ու նահատակութիւնը:
Համամիութենական միջոցառում
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ միասին համամիութենական միջոցառումին կը մասնակցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, անոնց շարքին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Վիգէն Այգազեանը, ինչպէս նաեւ Ուղղափառ (Յոյն եւ Ռուս), Աւետարանչական, Լիւթերական, Անկլիքան Եկեղեցիները ներկայացնող հոգեւորականներ ու փրոֆեսորներ։
Ամենօրեայ նիստերը կ՚ուղեկցուին համատեղ աղօթքներով, Աստուածաշնչական ընթերցումներով եւ հաղորդակցութեան պահերով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ