2025.09.15 Festa Esaltazione Santa Croce a Baghdad

Խաչվերացի տօնակատարութիւնը Պաղտատի մէջ

 

Կիրակի 14 ­Սեպտեմբեր 2025-ին, Խաչվերացի տօնին առթիւ, յետմիջօրեան ժամը 5:30-ին, մեր եկեղեցւոյ ծիսակարգի համաձայն, կատարուեցաւ սուրբ Խաչի վերացման հանդիսաւոր արարողութիւն, Պաղտատի «Նարեկի Ս. Աստուածածին» մայր տաճարին մէջ, ուր հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։

Պատարագի սկիզբէն իսկ՝ ատեանին առջեւ սեղանի մը վրայ զետեղուած էր Կենաց փայտի մասունքը պարունակող Խաչը, որ  զարդարուած էր բուրումնաւէտ ռեհանի տերեւներով: Ըստ աւանդութեան, կը պատմուի թէ Հեղինէ թագուհին երբ Երուսաղեմի Գողգոթայի բլրան վրայ՝ յայտնաբերեց Քրիստոսի Խաչափայտը, այնտեղ առատութեամբ ռեհան աճած էր։ Այսպէս ան օրհնուեցաւ ու դարձաւ յարութեան և նոր կեանքի խորհրդանիշ: Եկեղեցւոյ Հայրերն ալ անոր բուրմունքը՝ աստուածային շնորհքի և հոգեւոր մաքրութեան խորհրդանշան համարեցին։

Պատարագի աւարտին, եկեղեցական դասն ու ժողովուրդը Խաչի թափօրով՝ ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր մեծահանդէս անդաստանի կարգը տե­ղի ունեցաւ աւանդական  խարոյկին շուրջ: Խաչով ու Աւետարանով օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերն՝ արեւելք, ապա արեւմուտք, հարաւ եւ հիւսիս։ Իւրաքաչիւր կողմ դառնալով դպիրները աղաղակեցին «Ամէն, ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա» գովերգութիւնը, ապա հանդիսապետը Խաչով օրհնութիւն սփռեց անոնց մէջ գտնուող արտերուն, բերքերուն, տուներուն և վանքերուն վրայ։ Իսկ Խաչվերացին կրակ վառելու սովորութիւնը կապուած է այն յիշատակութեան հետ, թէ՝ Կոստանդիանոս կայսրը Սուրբ Խաչափայտի յայտնաբերման բարի լուրը արագօրէն տարածելու համար, հրահանգած էր որ Երուսաղեմէն մինչեւ Կոստանդնուպոլիս՝ լեռնագագաթներուն վրայ կրակ վառեն, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները տեղեկանան այդ մեծ իրադարձութիւնը:

Այսպէս, հաւատացեալ ժողովուրդը մեծ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ հետեւեցաւ այս իւրայատուկ արարողութեան՝ և ապա եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ՝ հերթաբար ստացան օրհնուած ռեհանի ճիւղեր, իրենց տուները տանելու համար։ Առ այսու՝ Խաչի խոր իմաստին եւ անոր վրայ մեր Տիրոջ թափած անմեղ արեան արժէքին անդրադառնալով՝ մենք ալ հայ շարականագիրին հետ երգենք. «Ո՛վ Տէր, Քու կենարար խաչդ մեզի համար փրկութիւն եղաւ. անով բոլորս քեզ կը բարեբանենք»: Եւ յիրաւի՝ Խաչը պարծանքի նշան է, փրկութեան խորհուրդ է, սրբութեան ճանապարհ է, լոյսի շաւիղ է և հաւատացեալին փրկութեան բանալին է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2025, 08:00