Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (62)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մղծնէական աղանդին:

ԿԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

 

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մղծնէական  աղանդին:

 

Մծղնէութեան վարդապետութեան հիմքը կը կազմէ Ա.-Գ. դարերու տարածուած գնոստիկեան գաղափարները: Այս աղանդը ծագած է Միջագետք, Ասորիք, Եգիպտոս և Փոքր Ասիա, իսկ Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է Ե. դարուն:

Մծղնէականները կը հաւատային, թէ Ադամի մեղանչումով մարդկային բնութիւնը ինկած է եւ այն օրէն ամէն մարդու մէջ ի ծնէ չար դեւ մը կը բնակի, որ ո՛չ մկրտութիւնը, ո՛չ ալ եկեղեցւոյ որեւէ խորհուրդ ի վիճակի են զայն հեռացնել։ Անոնք չէին ընդուներ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները և կ'արհամարհէին ամուսնութիւնը: Մծղնեայք կատարելութեան հասնելու և անհաւասար անձերէ բաղկացած Երրորդութիւնն աչքով տեսնելու համար մշտատեւ աղօթքը պայման կը դնէին: Որպէսզի մարդ կարենայ իր մէջ բնակող դեւէն ազատիլ, միակ կերպը յարատեւ աղօթքն է: Հանապազօր աղօթքը կը դիւազերծէ մարդը: Աղօթքի շնորհիւ մարդը հաղորդութեան մէջ կը մտնէ Քրիստոսի, Ս. Գիրքի նահապետներուն եւ մարգարէներուն հետ: Յունարէն աղբիւրներուն մէջ այս աղանդաւորները կոչուած են «աղօթողներ», որովհետեւ կը պնդէին թէ աղօթքի միջոցով՝ Սուրբ Հոգին կ'իջնէ մարդուն վրայ։ Հայկական աղբիւրներուն մէջ եւս անոնք «աղօթողներ» կոչուած են: Պարը անոնց արարողութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է, հաւանաբար որպէս յափշտակումի (extase) միջոց:

Ըսուած է, թէ անոնք անդենական կեանքի չեն հաւատացած, ոչ բարի գործերու վարձատրութեան, ոչ ալ չար գործերու պատիժին: Եպիփան Կիպրացին ամենավաղ տեղեկութիւնները հաղորդած է մեզի Մծեղնէութեան մասին: Ան յիշեալ աղանդին ի յայտ գալը թուագրած է Կոստանդիոս կայսրի ժամանակները (351-361թ.): Եպիփան Կիպրացիի վկայութեամբ՝ մծղնէրը կը հրաժարէին սեփականութենէ, կը լքէին իրենց բնակատեղիները ու կ'ապրէին բացօթեայ: Շատեր կը մերժէին աշխատանքը և մուրացկանութեամբ կը զբաղուէին։ Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողովը (431թ) նզոված է զանոնք և դատապարտած  անոնց «Գիրք ճգնաւորականը»։

444 թուին, Շահապիվանի եկեղեցական ժողովի կանոններէն ի յայտ կու գայ թէ Մծղնէութիւնը աւելի խոր հետք թողած է Հայաստանի մէջ, քան միւս աղանդները և մեծ վնաս հասցուցած է հայ եկեղեցւոյ, որովհետեւ անոր հարած են ոչ միայն ժողողովրդական խաւը, այլեւ՝ հոգեւորականներ եւ իշխանաւորներ։ Եզնիկ Կողբացին կը վկայէ, որ մծղնէները մերժած են ամուսնութեան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ խորհուրդները, կարգերը, և պաշտամունքները: Յովհան Գ. Օձնեցին իր «Ընդդէմ պաւղիկեանց» ճառին մէջ պաւղիկեանները համարած է «նախկին մծղնէութեան խեշերանք» (մնացորդ)։ Արիստակէս Լաստիվերցին թոնդրակեցիներու գործունէութիւնը իբր «մծղնէ գործ» կը նկատէր, իսկ Կիրակոս Երզնկացին գրած է, թէ «Մծղնագործութիւն, որ առաւել է քան զամենայն մեղս»։ Այսպէս, Մծղնէ անունը ստացած է «աղանդաւոր», «հերձուածող», «պիղծ» իմաստը։ Մծղնեայ բառը հայոց մօտ անառակի և խառնակեացի իմաստ առած է, և ընտանիքի անդամներուն հետ իսկ սեռական յարաբերութիւն ունեցողի նշանակութիւն առած է:

Սահակ Պարթեւի և Մեսրոպ Մաշտոցի մահէն յետոյ, որոշ ժամանակ մը խախտած էր եկեղեցական կարգն ու կանոնը «լինէր եղծումն և քայքայումն կարգաց և օրինաց եկեղեցւոյ», որուն իբրեւ հետեւանք՝ բազմացած էին մծղնէութեան հետեւորդները: Հետեւաբար ժամանակի ընթացքին, Հայոց Եկեղեցին պետական աջակցութեամբ՝ գործի դրած է իր «թշուառացուցիչ գաւազանը» և վճռական քայլեր առած էր անոնց դէմ պայքարին մէջ՝ զանոնք բանտարկելով, հալածելով և նոյնիսկ տանջելով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2025, 08:00