Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (59)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք աղանդներու արմատին:

ԾԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք աղանդներու արմատին:

Որեւէ կրօն կամ աղանդ ամբողջովին ի նորոյ չի ստեղծուիր. այլ ծնունդ կ'առնէ կանխաւ գոյութիւն ունեցող կրօններէն ու աղանդներէն և դարերու ընթացքին փոփոխութիւններ կը կրէ և ձեւափոխութեանց կ'ենթարկուի, ու ինքն ալ կրնայ ծնունդ տալ այլ կրօններու և աղանդներու: Քրիստոնէական թուաբերութեան առաջին դարերուն, հիմնական աղանդաւորական շարժումները հանդես եկած են գնոստիկութեան (Gnosticisme) անուան ներքոյ:   Փոքր Ասիա մէջ առաջին դարերուն ծնունդ առնող աղանդներուն (Մարկիոնութիւն, Մանիքէութիւն) մէջ կը նշմարուին գնոստիկութեան վարդապետութիւններու հետքերը: Շատ խոր են գնոստիկութեան արմատները, զորս պէտք է փնտռել քրիստոնէութենէն առաջ, երբ Պարսից Կիւրոս թագաւորի կողմէ Բաբելոնի նուաճումով (Ք.ա. 539թ.) եւ Աքէմենեան տէրութեան ստեղծումով՝ սկսան միախառնուիլ (syncretisme) Արեւելքի եւ Արեւմուտքի  կրօնները:

Այնուհետեւ, Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կողմէ Աքէմենեան տէրութեան նուաճումը  (Ք.ա. 331թ.), որ նոր հզօր ազդակ դարձաւ պարսկաբաբելոնական կրօնական խառնուրդին գումարելու՝ առաջաւոր ասիական, ասորական ու փռիւգիական, ինչպէս նաեւ հրէական ու հելլենական հաւաքտի ու մտածողութեան տարրերը: Գնոստիկները քրիստոնէութիւնը իբրեւ աշխարհի փրկութեան բացարձակ կրօն նկատած են, սակայն փոխած են անոր փրկագործութեան գաղափարը, փրկչի աւետարանական ուսմունքը, զայն վերածելով մասամբ առասպելական, մասամբ ալ՝ յունական իմաստասիրական աշխարհայեացքի։ Այս սկզբնական աղանդները կը յանգին վերջապէս Պաւղիկեանութեան և Թոնդրակեցութեան, որոնք ծնունդ տուած են Հայկական և Եւրոպական բողոքականութեան: Այսպէս, գնոստիկութիւնը տարբեր խողովակներով յարատեւօրէն վերակենդանացած է դարերու ընթացքին, հասնելով մինչեւ ԻԱ. դար: Անոնց աշխարհայեցողութեան համաձայն՝ աշխարհը ստեղծողը և օրէնսդիրը կը տարբերի բարձրագոյն Աստուծմէ:

Անոնց քարոզութեան համաձայն՝ երկու Աստուած կայ. մին Գերագոյն կամ Երկնաւոր, միւսը աշխարհաստեղծ: Այս աշխարհը կը պատկանի աշխարհաստեղծ Աստուծոյ: Գերագոյն Աստուծոյ իշխանութիւնը այս աշխարհի վրայ պիտի գայ ապագային, որուն կը ձգտին մարդկային հոգիները: Այսպիսով գնոստիկները կը փորձեն քրիստոնէութեան մէջ բոլորովին ջնջել Հին Կտակարանի հիմքը և զայն փոխարինել Պղատոնական գաղափարախօսութեամբ: Անոնց վարդապետութեան մէջ կ'արծարծուի Պարսկական կրօնէն յառաջ եկած տուալիզմը (երկարմատութիւնը). ըստ որուն՝ իրարմէ տարանջատուած կը սեպեն հոգեւոր արարիչ բարձրագոյն Աստուածը եւ նիւթական աշխարհի ստեղծողն ու օրենսդիրը` «Դեմիուրկ»ը (Demiurge), որ կը համարուէր հրեաներու աստուածը եւ կը ներկայացուի իբրեւ սահմանափակ եւ նոյնիսկ չար էակ: Այսպէս, մարմինը եւ հոգին, աշխարհը եւ Աստուծոյ արքայութիւնը բացարձակապէս կը հակադրուին իրարու`դառնալով ընդդիմադիր տիէզերական ուժեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2025, 08:00