Խուլ եւ Համր մարդուն բժշկութիւնը, (Մարկոս. 7, 31 -37) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Այսօր սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, համաձայն մեր Հայկական Ծիսական Տօնացոյցին, կը սկսինք Չորրորդ Կիրակին՝ յետ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին:
Կարդալէ ետք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը (զորս քաղուած է Մարկոս Աւետարանիչի 7-րդ գլխու 31-րդ համարէն մինչեւ 37-րդ համար), կը հանդիպինք դէպքի եւ կամ պատմութեան մը՝ որ պատահած է 2000 տարիներ առաջ, եւ զոր կը շարունակուի պատահիլ ցայսօր՝ ամէն տեղ եւ ամէն վայրկեան...:
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք սիրելիներ. «վարդապետ, ի՞նչ կը պատահի...ի՞նչ բանի մասին կ՛ակնարկես»:
Աւետարանը կ՛ըսէ թէ. «Քրիստոսի կը բերեն ԽՈՒԼ եւ ՀԱՄՐ մարդ մը» (Մրկ. 7, 32): Պիտի ըսէք թէ վարդապետ այս մէկը նորութիւն չէ, միշտ եղած են ու պիտի ըլլան խուլեր եւ համրեր...բնական ֆիզիքական երեւոյթ մըն է...
Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, Աւետարանին մէջ շատ բնական է որ կը պատմուի ֆիզիքական խուլի մը եւ համրի մը մասին, բայց Քրիստոս ըստ ձեզի ինչո՞ւ ընտրեց այսպիսի պարագայ մը՝ բուժելու համար, եւ թէ ինչո՞ւ այս մէկը եղած է այն քիչ հրաշքներէն՝ զորս նշուած են չորս Աւետարաններուն մէջ...Մարկոս Աւետարանիչ կրնար նշել ուրիշ հրաշք մը՝ փոխանակ այս խուլի եւ համրի հրաշքէն...բայց չըրաւ. ինչո՞ւ:
Քրիստոս՝ նախ քան ֆիզիքականը բուժելը, կ՛ուզէ նախ բուժել հոգին...որովհետեւ երբ հոգին առողջ է, է նաեւ առողջ՝ Ֆիզիքականը: Այսօր սիրելիներ բոլորս կը տառապինք՝ նման այս մարդուն, որովհետեւ դարձած ենք հոգեպէս խուլ եւ համր...խուլ՝ որովհետեւ չենք լսեր Քրիստոսի ձայնը, իսկ համր՝ որովհետեւ կ՛ուզենք խօսիլ միայն աշխարհիկ նիւթեր, քննարկել աշխարհիկ հոգեր, եւ մեր լեզուները յատկացնել ամէն ինչի բացի՝ աղօթքէ եւ փառաբանական խօսքերէ...եւ այդ պատճառով է որ մեր ֆիզիքականը յոգնած եւ ուժասպառ վիճակի մէջ է այսօր...մեր հոգիները չեն ծնած ոչ խուլ եւ ոչ ալ համր սիրելիներ, բայց մեր ապրելակերպով է որ անոնք կը հասնին այս վիճակին... եւ մեր հոգիներուն տառապանքն է այն ինչ որ մենք կը զգանք այսօր մեր ֆիզիքականին վրայ...երեւակայեցէք թէ ինչպէս հոգեկան էակ մը որ սահման չունի, զինք կապած ենք եւ առաւել եւս կը փորձենք կարելի եղածին չափ անոր նիւթական էակի վերածել...:
Պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, ի՞նչ է ասոր լուծումը...ինչպէ՞ս կրնանք բժշկուիլ այս վիճակէն»:
Չորս կարեւոր կէտեր սիրելիներ.
1. «Հեռանալ ամբոխէն» (Մրկ. 7, 33), այսինքն անդրադառնալ իմ վիճակիս եւ ամէնակարեւորը՝ որոշում առնել նոր սկիզբի մը (թէեւ միշտ չեմ յաջողիր, բայց այդ մէկը չի նշանակեր պէտք եմ յանձնուիլ),
2. Խնդրել Քրիստոսի օգնութիւն եւ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ. Աւետարանը կ՛ըսէ. «խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ» (Մրկ. 7, 32),
3. Հաւատալ զԻնք եւ Լսել Անոր ձայնը, նամանաւանդ երբ կ՛ըսէ. ԲԱՑ ԱՅՍ ԱՉՔԵՐԴ ԵՒ ԱԿԱՆՋՆԵՐԴ (Մրկ. 7, 34),
4. Երբ պիտի բացուին մեր ականջները եւ լեզուները, լաւ ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէս պիտի սկսինք լաւ լսել եւ նամանաւանդ՝ լաւ խօսիլ ինչպէս կ՛ըսէ Աւետարանը «սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ» (Մրկ. 7, 35),
5. գիտէ՞ք ինչու լաւ պիտի սկսինք լսել եւ խօսիլ. որովհետեւ Աւետարանը կ՛ըսէ. «այս ՄԱՐԴԸ ամէն ինչ լաւ կը կատարէ» (Մրկ. 7, 37):
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին նամակը. այսօր իսկ կանչուած ես այս վիճակէդ դուրս գալու եւ լսելու Անոր ձայնը...կը բաւէ որ Իրմէ խնդրես, եւ պիտի տեսնես թէ Ինք քեզի չէ ձգած, այլ կողքիդ կանգնած կը սպասէ՝ քեզ հագցնելու փառքի հագուստը եւ երկնային լոյսը. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ