Հալէպի մէջ Ռատիօ Մարիամի նոր գրասենեակի բացում Հալէպի մէջ Ռատիօ Մարիամի նոր գրասենեակի բացում 

Հալէպի մէջ Ռատիօ Մարիամի նոր գրասենեակի բացումը

Հալէպի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ռատիօ Մարիամի նոր գրասենեակի բացումը։ Գերպ Հայր Յովսէփ Պեզուզու նշանակուեցաւ «Ռատիօ Մարիամ Հայաստանի» ներկայացուցիչ Հալէպի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 16 օգոստոսին, մեծ ուրախութեամբ եւ Տիրոջ խոր երախտագիտութեամբ, Հալէպի մէջ կատարուեցաւ Ռատիօ Մարիամի նոր գրասենեակի բացումը, ներկայութեամբ քաղաքին եպիսկոպոսներուն, անոնց օգնականներուն ու բազմաթիւն կամաւորներուն։

Յոյս ներշնչող եւ ուրախութեան հոգիով լեցուն արարողութիւնը միացուց կենսունակ հասարակութիւնը մը, որուն միակ ձգտումն է հռչակել աւետարանը նոյնիսկ դժուար ժամանակներուն։

Բացման արարողութեան ընթացքին բարձրօրէն գնահատուեցաւ բոլոր անոնց ներդրումը, որոնք վեհանձնութեամբ ու անձնուիրութեամբ աշխատեցան իրականացնելու համար սոյն նոր ծրագիրը։ Հալէպի մէջ Նոր գրասենեակի բացումը, Ռատիօ Մարիամի համար ոչ միայն յառաջ ընթնալու քայլն մըն է այլ կը ներկայացնէ Հայաստանի Ռատիօ Մարիամին համար թանկարժէք պարգեւ մը։ Շնորհիւ նոր ուսումնասիրութիւններուն հնարաւոր պիտի դառնայ իրականացնելու Հայերէն լեզուով հաղորդումներ ըլլայ ուղիղ եթերով ըլլայ ձայնագրուած, հզօր եւ յստակ ձայն առաջարկելով հալէպի հայ Կաթողիկէ հասարակութեան ։

Ռատիօ Մարիամի բազման Արարողութեան ընթացքին, Հալէպի հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ փոխանորդ Գերապայծառ Յովսէփ Պեզուզու նշանակուեցաւ Հալէպի մէջ «Ռատիօ Մարիամի Հայաստանի» ներկայացուցիչ, ան խումբ մը կամաւորներուն հետ միասին պիտի համակարգէ եւ աջակցի Ռատիոյի գործունէութեան՝ ապահովուելով, որ հայ Եկեղեցւոյ ձայնը եթերու միջոցաւ հասնի ողջ աշխարհին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2025, 07:22