«Աղանդներ» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Ներկայ օրերուն աղանդներու մասին շատ կը խօսինք եւ շատ անգամ ողբերգական ձեւով։ Այս բառը կը ծածկէ զանազան իրականութիւններ: Եկեղեցին եւ հաւատացեալները կը մտահոգուին զանազան անձերու ներկայութենէն, որոնք կը խօսին Աստուծոյ անունով պաշտպանելու համար իրենց գաղափարները, քանդելով ճշմարիտ քարոզչութիւնը Քրիստոսի եւ վարդապետութիւնը Եկեղեցւոյ։
«Աղանդ» բառը նշուած է զանազան առիթներով Աստուածաշունչին մէջ, ցոյց տալու տարբեր կարծիքները հաւատացեալներու, որոնք բաժնուած են ճշմարիտ հաւատքէն ։ «Աղանդ» բառը ցոյց կու տայ նաեւ այն խմբակը, որ կ'ընդունի խոտորած վարդապետութիւն ( I Պետ 2, 1) ։ Պետրոս Առաքեալը կը խօսի «վտանգաւոր աղանդներու» մասին եւ մենք, ներկայ օրերուն, յաճախ նոյն նշանակութիւնը կու տանք այս բառին :
Նոր Կտակարանի մէջ «աղանդ» բառը օգտագործուած է նշելու համար Փարիսեցիները (Գործք 15, 5), Սադուկեցիները (Գործք 5, 17) եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնը (24, 5, 14 - 28. 22):
Սադուկեցիները հրէական հերետիկոս շատ զօրաւոր աղանդ մըն էին։ Քրիստոսի ժամանակ անոնց պատասխանատուները գիտուն անձեր էին։ Անոնք կ'ուրանային հրեշտակներուն եւ հոգիներուն գոյութիւնը ։ Անոնք չէին հաւատար ոչ հրաշքներուն եւ ոչ մեռելներու յարութեան:
Աստուածաշունչին մէջ կրնանք տեսնել որ սխալ կրօններն ու աղանդները բազմաթիւ էին հեթանոսներու մօտ: Անոնք կը պաշտէին Պաալ չաստուածը, Եփեսոսի Անահիտ դիցուհին, ինչպէս նաեւ մարդոց կողմէ շինուած կուռքեր եւ կը տարածէին կարգ մը սատանայական հաւատալիքներ, որ աստուածային կը յամառէին։
Այս կռապաշտութեան ձգտումը ներկայ է նաեւ հրեայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, ինչպէս կը տեսնենք ոսկեայ հորթին դրուագին մէջ (Ելք 32) կամ «բարձր վայրերու» շինութեան պարագային Սամարիայի եւ Հրէաստանի մէջ։
Առաջին օրերէն իսկ Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունէր սխալ վարդապետութիւններու ուսուցում, որ կը շեղեցնէր Աստուծոյ ժողովուրդը ճշմարիտ հաւատքէն : Գործք Առաքելոցի առաջին գլուխները ուղղուած են հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք ճշմարիտ հաւատքին մէջ հաստատ մնան։ Պօղոս Առաքեալ ինչպէս նաեւ ուրիշներ զգուշացուցած են քրիստոնեաները աղանդաւոր հոսանքներէ, որոնք գործօն էին Եկեղեցւոյ մէջ եւ խոչընդոտ էին առաքեալներուն առջեւ (Կորնթացիներու առաջին գլուխ), դէմ ըլլալով հրեշտակներու պաշտամունքին (Կողոսացիներու երկրորդ գլուխ) եւ օրինականութեան (Գաղատացիներ)։
Քրիստոնեայ վարդապետութիւնը կը սահմանէ աղանդ բառը որպէս կրօնական խումբ մը, որ կը մերժէ աստուածաշնչական մէկ կամ մէկէ աւելի հաւատքի ճշմարտութիւններ։
Աղանդներու յատուկ երկու ուսուցումները հետեւեալներն են, թէ Քրիստոս Աստուած չէր եւ փրկութիւնը ձեռք չի բերուիր միայն հաւատքով։ Քրիստոսի աստուածութեան մերժումը կը նշանակէ թէ Քրիստոսի մահը բաւարար չէ մեղքէն ազատագրելու։ Մերժումը փրկութեան հաւատքով, կը նշանակէ թէ փրկութիւնը կարելի է գոր-ծերով ձեռք ձգել։
Աղանդը «կրօնական խումբ մըն է, որ կը նուիրուի սուրբ գիրքի ուսումնասիրութեան եւ որոշ չաստուածի մը պաշտամունքին, չափազանց կարեւորութիւն տալով՝ կարգ մը մասնակի վարդապետութիւններու ։ Աղանդաւորները յատկանշուած են ծայրայեղ նախանձախնդրութեամբ եւ բացարձակ հնազանդութեամբ իրենց առաջնորդներուն » :
Այս խումբը կրնայ ինքզինք քրիստոնեայ նկատել, սակայն չափազանց կերպով կը շեշտէ կարգ մը վարդապետութիւններու եւ կրօնական հրահանգներու վրայ, որոնք աստուածաշնչական բաւարար հիմք չունին : Յառաջ կը դնեն աստուածաշնչական որոշ հատուածներ դուրս հանելով զանոնք բնագրային ամբողջականութենէն կամ որոշ մարգարէական յայտնութիւններէն։ Այս խմբակները ընդհանրապէս կը որդեգրեն իւրայատուկ գործելակերպ մը եւ կը քաջալերեն յաճախ ծայրայեղ եռանդ մը իւրայատուկ նպատակ մը հետապնդելու համար։
Աղանդաւորներուն մեծամասնութիւնը գիտակից չեն իրենց վիճակէն թէ հեռացած են Աստուածաշունչէն։ Ուստի մենք յորդորուած ենք արթուն մնալու եւ միշտ կառչած ըլլալու ճշմարտութեան եւ Աստուծոյ Խօսքին:
Աղանդները, որոնց մասին կը խօսինք այսօր, յաւակնութիւնը ունին հաստատելու թէ ծագումով քրիստոնեայ են. սակայն, իրենց ղեկավարները նման Սուրբ Պետրոս Առաքեալի բնորոշած անձերուն։ Պետրոս Առաքեալ հետեւեալ խօսքերով կը յորդորէ բոլոր հաւատացեալները. «Դուք ուրեմն, սիրելիներ, քանի որ կանխաւ տրուեցաւ զգուշացումը, խոհեմ եղէք, որ մի գուցէ տարուած անառակ մոլորութենէն չսայթաքիք ձեր ամրութենէն : Աճեցէք շնորհքին եւ գիտութեան մէջ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի: նոր փառք այժմ եւ մինչեւ Օրն յաւիտենականութեան. Ամէն» :
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ