2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (35)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

35.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ԱՄԱ­ՍԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱ­ՐՈ­ԶԷ ԱՊԱ ԿԸ ՇԱ­ՐՈՒ­ՆԱ­ԿԷ ԴԷ­ՊԻ ԿԱ­ՐԻՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Մար­զուա­նէն բա­ցի Մխի­թար քա­րո­զու­թեան կ՚եր­թայ նաեւ մօ­տիկ գտ­նուող Ամա­սիա քա­ղա­քը եւ շա­տեր իր խօս­քե­րէն եւ յատ­կա­պէս ապ­րած կեան­քի օրի­նա­կէն հմայուած կը մնան։ Ամա­սիացի­նե­րէ շա­տեր կը հե­տե­ւին իրեն եւ յատ­կա­պէս Յա­կոբ անու­նով քա­հա­նայ մը այն­քան կը հա­մո­զուի Մխի­թա­րի խօս­քե­րէն որ շա­րու­նակ իրեն հետ եր­կար խորհր­դակ­ցե­լով լիովին կը հա­մակ­րի եւ ան­ձամբ գլուխ կ՚անց­նի կա­թո­ղի­կէ հա­մո­զում­նե­րով հա­մայն­քին եւ մին­չեւ իր մա­հը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ զի­րենք։­

Երբ գար­նան օրե­րը կը բա­ցուին Մխի­թար կը յայտ­նէ իր մեկ­նու­մին մա­սին, թէ կ՚ու­զէր Կա­րին եր­թալ։ Ժո­ղո­վուր­դը շատ կը փա­փա­քէր որ Մխի­թար իրենց մօտ մնար եւ մեծ յու­զու­մով կը բաժ­նուի իր­մէ։ Ան հրա­ժեշտ տա­լով՝ իր աշա­կերտ­նե­րով հան­դերձ Եւ­դո­կիա կ՚ուղ­ղուի։ Հոն կը գտ­նեն կա­րա­ւան մը որ Կա­րին կ՚ու­ղե­ւո­րուէր եւ անոնց միանա­լով ճամ­բայ կ՚ել­լեն։

­Կա­րին հաս­նե­լով Մխի­թար եւ իր աշա­կերտ­նե­րը կ՚ի­ջե­ւա­նին կա­թո­ղի­կէու­թեան յա­րած Պօ­ղոս անու­նով բա­րե­պաշտ մար­դուն տու­նը, ուր, տա­կա­ւին սար­կա­ւագ, հիւ­րըն­կա­լուած էր չորս տա­րի առաջ, Բա­սե­նէն Սե­բաս­տիա ճամ­բոր­դե­լու ըն­թաց­քին։

Սա­կայն Մ­խի­թար չ՚ու­զեր հոն եր­կար մնալ, եւ կ՚ա­ճա­պա­րէ Օլ­թի եր­թալ եւ իրեն ծա­նօթ քա­հա­նային մօտ հիւ­րըն­կա­լուե­լով սկիզբ տալ իր երա­զած գոր­ծին։ Մեծ կ՚ըլ­լայ իր յու­սա­խա­բու­թիւ­նը՝ երբ կ՚ի­մա­նայ որ այդ քա­հա­նան կա­թո­ղի­կէու­թեան հա­մա­կիր չէր այ­լեւս։ Լսե­լով որ Կար­միր վան­քի առաջ­նոր­դը քաղց­րա­բա­րոյ ան­ձ էր եւ յա­րած էր կա­թո­ղի­կէ գա­ղա­փար­նե­րու՝ կ՚ո­րո­շէ հոն եր­թալ։ Կա­րի­նէն մէկ օր հե­ռա­ւո­րու­թեան կը գտ­նուէր Հունձք գիւ­ղի Կար­միր վան­քը։ Մխի­թար ճամ­բայ կ՚ել­լէ իր հետ առ­նե­լով միայն Յով­հան­նէս սե­բաս­տա­ցի աշա­կեր­տը, իսկ Յով­հա­նին կը յանձ­նա­րա­րէ եր­թալ եւ Մու­տուր­կու վան­քը մնալ, մին­չեւ որ զինք կան­չէր իր մօտ։

­Մար­գար Վար­դա­պե­տը Կար­միր վան­քի առաջ­նորդ եպիս­կո­պոսն էր եւ իրեն աշա­կերտ՝ եր­կու երեք աբե­ղայ ու­նէր որ­պէս միաբան։ Ըն­թեր­ցո­ղու­թեան ուս­ման հա­մար նուի­րուած տաս­նը­հինգ աշա­կերտ ալ ու­նէր, որ քա­հա­նա­յու­թեան կը պատ­րաս­տուէին։ Մեծ ու­րա­խու­թեամբ կ՚ըն­դու­նի Մխի­թար աբե­ղան եւ անոր աշա­կեր­տը, եւ տես­նե­լով Մխի­թա­րի ու­շի­մու­թիւնն ու բա­րու­թիւ­նը՝ անոր կը յանձ­նէ աշա­կերտ­նե­րու դաս­տիարա­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը։

Մ­խի­թար որ­պէս Կար­միր վան­քի միաբան կը նուի­րուի պա­տա­նի­նե­րու դաս­տիարա­կու­թեան եւ ըն­թերց­ման։ Հոն է որ կը կազ­մէ քա­րոզ պատ­րաս­տե­լու հա­մար օգ­տա­կար գրքոյկ մը՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չէն եւ սուրբ հայ­րե­րէն քա­ղուած վկա­յու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մը, ինչ­պէս նաեւ «Բիւ­րա­պար» կո­չուած ու­րիշ գրքոյկ մը, որ քա­րո­զախօսու­թեան հիմնական նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ վկայութիւններու ցուցակ մըն էր, Աստուածաշունչի գիր­քե­րու անուն­նե­րով, գլուխ­նե­րու թի­ւով եւ տու­նե­րու հա­մար­նե­րով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2025, 07:58