«Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Եւ ընտանիքը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Այսօր մենք կ'ապրինք այնպիսի ժամանակներու մէջ, ուր պահանջքը կայ առողջ եւ սրբակենցաղ հասարակութեան մը: Այս հասարակութեան խորհրդանիշն ու մղիչ ուժը պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ ընտանիքը :
Ընտանիքը այն օրրանն է ուր Աստուած կարծես հայելիի մը ընդմէջէն կը դիտէ իրագործումը իր իսկ սահմանած ամենագեղեցիկ կրկնակի հրաշքներուն՝ կեանք պարգեւել եւ սէր ներշնչել : Ընտանիքը աստուածային յղացում է. ան իւրայատուկ տեղ ունի Աստուծոյ ծրագրին մէջ, ինչ կը հայի մարդ արարածին :
Քրիստոնեայ ընտանիքը այն վայրն է ուր մէկը միւսին հանդէպ հոգատար է եւ ուր շարժուձեւերն ու խօսքերը շատ կարեւոր են. ուր փոխ-օգնութիւն եւ նեցուկ կը ցուցաբերուի. ուր իրար զիրար կը սիրեն, ուր եւ սէրը պարզապէս այն տրամաբանութիւնն է որ կը ներշնչէ եւ ուղղութիւն կու տայ գործնական ընտրութիւններ կատարելու նոյնիսկ երբ իրարու մէջ՝ վէճ եւ անհասկացողութիւն կը տիրէ :
2012-ի Յունիսին եւ 80.000 երիտասարդներու առջեւ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց աշխատանք տանիլ սրբանալու, եւ իրենց յիշեցուց որ «Քրիստոնէական կեանքը ճանապարհ է որ երբեմն զառիվեր է, ուրեմն ոչ հեշտալի, բայց եւ շատ գեղեցիկ վերելք է Քրիստոսի ընկերութեամբ»: Նոյնպէս, զիրենք հրաւիրեց սնանուելու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով, մասնակցելու Կիրակնօրեայ պատարագին, դիմելու ապաշխարութեան խորհուրդին, որ «մեծ պարգեւ է կեանքի ընթացքին. իմանալու թէ նորէն ազատ են, կարող են վերսկսիլ, եւ թէ ամէն ինչ ներուած է:
Ցոյց տալով սրբութեան ճանապարհը, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ «Զանց մի ընէք ձեր ամենօրեայ անձնական աղօթքը, սորվեցէք զրուցել Աստուծոյ հետ, «իրեն վստահեցէք, ըսէք իրեն ձեր ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ խնդրեցէք լոյս եւ նեցուկ ձեր կեանքի ճանապարհին համար»:
Արտասանած ճառին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց կրօնական եղբայրութիւնները ըլլալու «միշտ աւելի ընտանեսէր, կարողանալ արտացոլալու գեղեցկութիւնը Սուրբ Երրորդութեան եւ աւետարանել ոչ միայն խօսքով այլ նաեւ ապրուած սիրոյ զօրութեան ճառագայթումովը»: «Եկեղեցին միայն չէ կանչուած, աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը, ըլլալու Մէկ Աստուծոյ Երրեակ Անձերուն պատկերը, այլ նաեւ ընտանիքը, հիմնուած մարդու եւ կնոջ ամուսնութեան վրայ», յիշեցնելով որ երկուքը ստեղծուած էին «թէեւ հաւասար արժանապատուութեամբ սակայն ուրոյն լրացուցիչ յատկանիշներով որպէսզի երկուքը ըլլան մէկը միւսին համար գեղեցիկ պարգեւ մը իրականացնելով սիրոյ եւ կեանքի միութիւնը»:
Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց ամուսինները «հոգ տանելու իրենց զաւակներուն, փոխանցելով իրենց ապրելու նպատակը եւ հաւատքի զօրութիւնը» «Դիւրին չէ ապրիլ ձեր կոչումը յատկապէս այսօր» աւելցուց ան, «բայց սիրոյ կոչումը սքանչելի իրականութիւն է, ան միակ ուժն է որ իրապէս կարող է բարեփոխել աշխարհը» :
Այս սրբութեան եւ հաւատքի ոգիով է որ կարելի կը դառնայ մեր սերունդները պատրաստել՝ ունենալու համար մարդկային ընկերութիւն մը, ճոխացած արդարութեամբ, սիրով եւ բարօրութեամբ :
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ