Մշտնջենական Երկրպագութիւնը – Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքներու Վրոցլաւ այցելութիւնները- Գրեց` Փրոֆ․ Արա Սայեղ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, գլխաւոր բանախօսն էր երեք օրերու վրայ երկարող՝ «Մշտնջենական Երկրպագութիւն» երրորդ համագումարին, որուն բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ին, Լեհաստանի հարաւ արեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքին մէջ՝ «Երկրպագութիւնը որպէս մարդկային յոյսի աղբիւր» կարգախօսով: Պատրիարքին կ՛ընկերակցէր՝ Յորդանանի եւ Սուրբ երկրի պատրիարքական փոխանորդ (էքզարք exarchate)՝ Նարեկ Թագադիր Ծ. Վրդ. Նաամոյեան եւ Լիբանանի պատրիարքական թեմէն՝ Գրիգոր Սարկաւագ Պոյաճեան։

Համագումարի բացման նիստին Պատրիարքը քրիստոնէաշունչ վկայապատումներով, պատկառելի խորհրդածութիւններով մէկ ժամ տեւող իր բանախօսութեամբ ներկայացուց Աստուածային հզօրութեան առջեւ երկրպագութեան շնորհանուէր առաքինութիւնները եւ լուսավառ հրաշքներու համազօր երկրպագութեան ուժի ներգործութիւնը քրիստոնեայի կենցաղին մէջ ։
Պատրիարքը հրաշքներու օրինակներով վկայակոչեց երկրպագութեան հզօրութիւնը, որ Աստուծոյ գոհաբանական փառաբանանքն ու զոհաբերութեան ներբողումն է, եւ այդ ուղղութեամբ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերէն նահատակ՝ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանին (1869-1915), իբրեւ հաւատքի վկայութեան օրինակ, յիշեցնելով, որ սոյն տարուայ կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2025-ին, ծրագրուած է երանելի Ի․ Մալոյեանի սրբադասումը Վատիկանի մէջ։ Իգնատիոս Մալոյեան երանելի հռչակուած էր Սուրբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապի օրով 7.հոկտեմբեր․2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով:

Համագումարի բացման օրը երեկոյեան ժամը 18։00-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական լատինածէս պատարագ մատուցեց Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի կաթողիկէ աթոռանիստ, գեղազմայլ՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ դարաւոր մայր տաճարին մէջ, առընթերակայութեամբ հայր Նարեկի, Լաթուիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մեթրոբոլիտ Զպիկնեւ Սդանքիեվիչի, Հայաստանի թէ Լեհաստանի մէջ Հայ կաթողիկէ պատարագներ մատուցած հայախօս լեհ հայր Ռաֆայել Ծ․ Վրդ. Քրավչիքի, մայր խորանին վրայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ լեհ ստուար թիւով հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ լեհ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ ։

Համագումարը ինչպէս նաեւ պատարագը ուղիղ եթերով սփռուեցան Լեհաստանի հոգեւոր EWTN-ի հեռուստատեսիլէն [1], որ համագումարի աշխատանքներու կազմակերպիչն ու ուղիղ եթերի սփռողն էր։ Պատրիարքի իտալերէնով ներկայացուցած բանախօսութեան ակնածելի խորհրդածութիւնները, լատինածէս պատարագն ու իտալերէնով պատգամը ներկաներուն կենդանի թարգմանութեամբ (interpreter) լեհերէնով փոխանցուեցաւ ։
Պատարագի աւարտին Վրոցլաւի աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ այցելու հիւր հոգեւորականներու պատուոյ տոմարին մէջ Պատրիարքը իր սրտաբուխ մաղթանքը յիշատակեց՝ «Սիրոյ եւ եղբայրութեան հոգիով մաղթեմ ամենայն բարիք» գրառումով։ Պատրիարքի Վրոցլաւ այցելութիւնը առնչուած էր «Մշտնջենական Երկրպագութիւն» համագումարին հետ, ուստի Պատրիարքը հանդիպում չունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի հետ։

Վրոցլաւէն ետք Պատրիարքը շաբաթ, 7 յունիսի առաւօտեան ուղղուեցաւ դէպի մայրաքաղաք՝ Վարշաւա, որմէ ետք կիրակի, 8 յունիսին պիտի ուղղուէր Լեհաստանի հարաւային կողմը գտնուող Կլիվիցէ քաղաք, ուր կը գտնուի Լեհաստանի միակ հայ կաթողիկէ ծէսին պատկանող Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին։ Կլիվիցէի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ խորանին վրայ տեղադրուած է Լիսցայի հրաշագործ Աստուածամօր նկարը (անոր մասին արժէ արտայաjտուիլ յաջորդիւ)։ Լրատուամիջոցներէն կը տեղեկանանք, որ ինչպէս Վարշաւայի մէջ, Կլիվիցէյի այդ եկեղեցւոյ մէջ ալ, Պատրիարքը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ մատուցած է։ Վարշաւայի թէ Կլիվիցէի մէջ Պատրիարքը տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքներէն արժանացած է ջերմ ընդունելութեան։
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը «Մշտնջենական Երկրպագութիւն» համագումարի առիթով առաջին անգամ ըլլալով Վրոցլաւ այցելած էր EWTN-ի հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերելու վերոնշեալ համագումարին, բանախօսելու եւ սուրբ պատարագ մատուցելու։
Բայց պէտք է յուշել, որ Պատրիարք Մինասեան, իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուած է Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւա 11-14. դեկտեմբեր.2012 թուին, Մալթայի ինքնիշխան Ուխտի հոգեւորական, հայ ժողովուրդի մարդասիրական իր օգնութիւններով եւ բարեգործութիւններով ծանօթ, հայերու նուիրեալ բարեկամ՝ լեհ հայր Հենրիք Վրդ․ Պլաշչիքի հրաւէրով, երբ տակաւին Մինասեան Արքեպիսկոպոսը՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ էր։ Հետաքային առաջնորդ Մինասեանը Լեհաստան այցելած է զանազան առիթներով, անոր այցելութիւնները հայրատուր ներկայութիւն մը եղած են մասնաւորաբար տեղւոյն հայկական արմատներով, լեհախօս կաթողիկէ համայնքին համար։ Հիւրաբար Լեհաստան գտնուող հայ կաթողիկէ առաջնորդի այցելութիւնները հոգատարութեան վերաբերմունք կարելի է համարել տեղւոյն տուեալ կաթողիկէ համայնքին։
Պարզապէս վկայելու համար կարելի է արձանագրել՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին 15 մարտ 2015-ին, Վարշաւայի Սուրբ Հոգի Եկեղեցւոյ մէջ, մասնաւորաբար՝ լեհ հաւատացեալներու խիտ շարքերու ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ հայածէս հանդիսաւոր սուրբ պատարագը մատուցեց Մինասեան Արքեպիսկոպոսը, պատարագի քարոզը կարդաց Լեհաստանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Ծիրանաւոր Գաժիմիեժ Նիչը։
Պատարագէն առաջ առաջնորդ Մինասեանէն ստացած էի «Հովուական թուղթ Հաւատք եւ Աւետարանացում» միջակ չափի 30 էջնոց գրքոյկը, Գիւմրիի Հայ կաթողիկէ Առաջնորդարանէն լոյս ընծայուած 2013 թուին։ Հեղինակին անուան կողքին կը կարդանք «Տիտղոսաւոր Արք․ Կապադովկեան Կեսարիոյ Հայոց առաջնորդ․․․»։ Բովանդակութիւնը անդրադարձ մըն է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հռչակած տարիներուն, երբ 2012 տարին հռչակած էր «Աւետարանացման տարի» իսկ 2013 թուականը «Հաւատքի տարի»։
Արեւելահայրէնի եւ արեւմտահայերէնի խառն երանգով գրուած այս հովուական թուղթը, հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն, ուր առաջնորդ Մինասեանը կը գրէ «Հովուական թուղթս թող չնկատուի որպէս գրական, հոգեւոր կամ Ս․ Գրային աշխատութիւն, որը կարող է մնալ անպտուղ, իմաստազուրկ եւ դատարկ ցուցամոլութիւն, այլ իւրայատուկ մի առիթ է, մեզանից իւրաքանչիւրի համար խորասուզուելու մեր ներաշխարհի մէջ, քննելու, ուղղելու եւ զարգացնելու մեր հոգեւոր գիտութիւնը՝ մօտենալով Աստծուն, ․․․․»։

Մինասեան Արքեպիսկոպոս 100-ամեակի պատարագ մատուցեց համատեղ հանդիսապետութեամբ Լեհաստանի Հայ Կաթողիկէ կեդրոնական ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ Հայր Ռաֆայել Վրդ․ Քրավչիքի, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէներու Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդարանի գանձապահ Տէր Գրիգոր աւագ քահանայ Մկրտչեանի եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան վանքէն Հայր Վահան Վրդ․ Յովակիմեանի։ Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էտկար Ղազարեանը եւ Լեհաստանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միակ հոգեւորական՝ Էջմիածնական Հայր Տաճատ Աբեղա Ծատուրեանը իբրեւ պատարագի հրաւիրեալ հոգեւորական։ Հայու անխախտ յանձնառութեամբ՝ «Գթա Տէր» եւ «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականներու երգեցողութեամբս, համեստ մասնակցութիւնս բերած էի հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մեր սրբադասուած նահատակներուն հոգիներուն նուիրուած պատարագին։ Սուրբ պատարագի մատուցման եկեղեցւոյ ընտրութիւնը պատահական չէր, XVII դարէն սկսեալ Սուրբ Հոգի եկեղեցին պատմական առնչութիւններ ունի Վարշաւայի հայոց կեանքին հետ ։
Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան պատրիարքը Վրոցլաւի մէջ
Արժանի է յիշել, որ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքէն առաջ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան 1997 թուականի մայիսի 25-էն յունիսի 1-ը Վրոցլաւ այցելած է եւ իր մասնակցութիւնը բերած Հռոմէական եկեղեցւոյ համար հիմնական տօներէն մէկը համարուող «Տիրոջ մարմին» տօնին առիթով «46-րդ Միջազգային Հաղորդութեան համագումար»ին, որ տեղի ունեցած է «Հաղորդութիւն եւ ազատութիւն» կարգախօսով։
Այդ Միջազգային Հաղորդութեան համագումարի վայրը պատահական ընտրութիւն մը չէր: Իր հայրենիքին՝ Լեհաստանի հանդէպ կուռ հայրենասիրութեամբ վկայուած Հռոմի 264-րդ լեհ՝ Հովհաննէս-Պօղոս Բ․ Պապը անձնապէս մասնակցած էր միջազգային համագումարին զոր փակած էր՝ Statio Orbis (համաշխարհային կայան) կարգախօսով իր մատուցած հանդիսաւոր պատարագով։
Եւրոպայի կեդրոնական-արեւելեան հատուածի սիրտը համարուող Լեհաստանի, Վրոցլաւ քաղաքին մէջ համագումար կազմակերպելը այդ օրերուն հոգեւոր կեանքին իմաստով յատուկ եւ յորդորիչ իրադարձութիւններէն մէկը կը համարուէր, մանաւանդ Պապի ներկայութեամբ։ Այն ժամանակաշրջանին, երբ Լեհաստան իր ընկերային, բարոյական եւ հոգեւոր ինքնութիւնը վերականգնելու խիստ կարիքը ունէր, մանաւանդ երկրին մէջ ահ ու սարսափ սփռող համայնավարութեան բռնատիրութենէն կէս դար եւ աւելի տեւող անագորոյն վարչաձեւի փլուզումէն ետք։
Նշեալ համագումարի վեցերորդ օրը, 30 մայիս 1997-ին, ուրբաթ երեկոյեան ժամը 18։00-ին, Վրոցլաւի ճիշդ կեդրոնը գտնուող Տոմինիքան Կաթողիկէ Վանական Միաբանութեան (Św. Wojciecha) Սուրբ Վոյչեխ (Ս․ Ադալբերտ) դարաւոր տաճարին մէջ հանդիսաւոր հայածէս սուրբ պատարագ մատուցած է Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, իր կողքին ունենալով հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ։

Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Վրոցլաւ այցելութիւնը իր երկրորդ այցելութիւնն էր Լեհաստանի մէջ։ Առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 3 սեպտեմբեր 1989 թուին, Կլիվիցէի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր Պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ մատուցած է, եւ նոյն եկեղեցւոյ խորանին վրայ տեղադրուած Լիսցայի հրաշագործ Աստուածամօր նկարի թագադրութեան արարողութիւնը կատարած էր։
Վրոցլաւի Տոմինիքան Վանական Միաբանութիւնը
Գասպարեան Պատրիարքը իր միտքէն պիտի չանցնէր, որ 1997 թուականի Վրոցլաւ կատարած իր այցելութենէն տասնըհինգ տարի ետք Վրոցլաւի Տոմինիքան Հայրերու Միաբանութեան դարաւոր Սրբ․ Վոյչեխ եկեղեցւոյ վանական համալիրի տարածքին վրայ Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով 21 սեպտեմբեր 2012 թուականին պիտի կանգնէր Վրոցլաւի խաչքարը։ Երախտագիտութեամբ պէտք է վկայել, որ Վրոցլաւի Տոմինիքան Հայրերու Միաբանութիւնը 2015 թուին խաչքարի կանգնած տարածքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին տրամադրեց եւ իր հաւանութիւնը տուաւ զայն անուանելու՝ «Հայկական պուրակ» «Skwer Ormiański» անունով։
Այդ պուրակը այսօր որպէս լուռ վկայ, իր խրոխտ խաչքարով՝ հայութեան պերճախօս ներկայութիւնը արտացոլող ապացոյցն է, հայոց ցեղասպանութիւնը յիշեցնող վկայարանը՝ ափ մը վրոցլաւահայերու մէկտեղումի միջնակէտը։
Խաչքարին աջ կողմը լեհերէն մեծատառ խորագիրը քանդակուած է՝ «Խաչքարը նուիրուած է Լեհաստանի մէջ հայերու բազմադարեայ ներկայութեան եւ Թուրքիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութեան եւ XX-րդ դարու հայերու եւ լեհերու սահմանամերձ շրջաններու ցեղասպանութեան» (Սահմանամերձ իմաստով պէտք է նկատի ունենալ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմաններու շրջանները, որոնք այսօր Ուքրանիայի սահմաններուն մէջ են – ԱՍ): Խաչքարի հեղինակներն ու քանդակագործ, արուեստագէտներ են՝ Տարօն Մարտիրոսեանն ու Բագրատ Բալաբեկեանը, իսկ հայկական կարմիր տուֆով կերտուած խաչքարի օծումը կատարած են Վրոցլաւի Տոմինիքան Հայրերու Միաբանութեան առաջնորդ հայր Եագուպ Քրասքան եւ հայ կաթողիկէ ծիսակարգին ծառայող հայր Թատէուշ Վրդ․ Իսաքովիչ-Զալեսքին։
Պարտք է յիշել, որ Վրոցլաւի խաչքարը կառուցելու գաղափարը կը պատկանի տեղւոյն Լեհահայերու միութեան, իսկ այդ հոյակերտ խաչքարը իրականացնելու նպատակով միջոցներ տրամադրուած են Հայ նկարիչներու համաշխարհային միութեան կողմէ։ Հայ միասնական ճիգերու համադրութեամբ եւ Տոմինիքան Հայրերու Միաբանութեան համագործակցութեամբ կարելի եղաւ Վրոցլաւի կեդրոնը, խաչքար տեղադրելու վրոցլաւահայերու վաղեմի երազանքը իրականացնել 21 սեպտեմբեր 2012 թուականին ։

Հայերու ներկայութիւնը վկայող զանազան հետքեր կարելի է գտնել Վրոցլաւի մէջ, յիշատակութեան արժանի է կեդրոնանալ հայութեան հետ Վրոցլաւի Տոմինիքաններու Վանական Միաբանութեան բարեսէր առնչութիւններուն։ Զետեղուած խաչքարին եւ հայկական պուրակին առընթեր, Տոմինիքանները հաւանութիւն յայտնած են Վրոցլաւի Սրբ․ Վոյչեխ դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ, հայ կաթողիկէ ծիսակարգի նուիրուած պատարագներ մատուցելու։ Ուստի նոյն եկեղեցւոյ ձախ կողմը գտնուող Սուրբ Յովսէփ մատրան մէջ 1999 թուականէն մինչեւ 2013 թուական հայ կաթողիկէ ծիսակարգի նուիրուած պատարագներ մատուցած են երկու հոգեւորականներ, նախ Լեհաստանի մէջ հանրածանօթ հասարակական գործիչ, պատմաբան, հրապարակախօս, պատմաքաղաքական եւ եկեղեցական հարցերու մեկնաբան, քննադատ, գիրքերու հեղինակ, բանաստեղծ ու անկառներու «Ալպերթ» հաստատութեան գործադիր տնօրէն, Լեհաստանի կառավարութեան մէջ ազգային ու փոքրամասնութիւններու համատեղ յանձնաժողովի հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ (2009 – 2014) եւ մանաւանդ հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցերու եւ Հայաստանի խիզախ պաշտպան, կաթողիկէ բարեհամբաւ հոգեւորական, ծագումով հայ հանգուցեալ հայր Թատէուշ (Թադէոս) Վրդ․ Իսաքովիչ-Զալեսքին (1956-2024) ։ Անոր յաջորդեց լեհ՝ հայր Ռաֆայել Ծ․ Վարդապէտ Քրավչիքը։ Իսկ երկու տարիէ ի վեր Վրոցլաւի նոյն եկեղեցւոյ աջ կողմը գտնուող Սուրբ Տոմինիք մատրան (Św. Dominika) մէջ պատարագ կը մատուցէ, Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միակ Էջմիածնական հոգեւորական՝ հայր Մինաս Աբեղայ Հաղվերդեան, որ 01. մայիս․ 2023 թուականէն՝ Լեհաստանի հոգեւոր ծառայութեան նշանակուած է։ Համեստութեամբ կարելի է նշել, սոյն եկեղեցւոյ մէջ 2012 թուականէն ի վեր հայ կաթողիկէ թէ առաքելական մատուցուած պատարագներուն, իբրեւ դպիր իմ համեստ մասնակցութիւնս բերած եմ շարականներու երգեցողութեամբ։
Հաղորդելու պատշաճ է, որ Տոմինիքան Միաբանութեան հայրերը, հայկական պուրակի կից գտնուող իրենց պատմական շքեղ սրահը սիրով կը տրամադրեն հայկական մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ ելոյթներուն։ Յիշատակութեան արժանի է նաեւ Վրոցլաւի Տոմինիքաններու Սրբ․ Վոյչեխ դարաւոր եկեղեցւոյ մէջ ներքին ձախ պատին վրայ Վրոցլաւահայերու նիւթական աջակցութեամբ զետեղուած ցուցանակը, որուն յատուկ հանդիսութեամբ բացումը տեղի ունեցած է 30. Հոկտեմբեր ․2005 թուին ներկայութեամբ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Հովակիմեանի, կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վրոցլաւի առաջնորդ Մարիան Կոուէմպիէվսքիի եւ հայ կաթողիկէ ծիսակարգին ծառայող հայր Թատէուշ Վրդ․ Իսաքովիչ-Զալեսքիի օրհնութեամբ։

Հայերն ու հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակող լեհերէնով գրուած յիշարժան այս ցուցանակի յատկանշական բովանդակութիւնն է՝ «ՀԱՅԵՐԻՆ, Առ ի յիշատակ՝ Թուրքիոյ մէջ 1915 թուին, Յիսուս Քրիստոսի՝ հաւատքին համար նահատակուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին, եւ հայերու որոնք XIV դարէն ի վեր համատեղ ստեղծեցին հանրապետութիւնը (Լեհաստանի – ԱՍ), որոնք երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եկեղեցւոյ եւ Լեհաստանի հաւատարմութեան համար տառապեցան ու նահատակուեցան ձեռամբ՝ (NKWD)-ի [2], (UPA)-ի [3] եւ Հիթլերականներու կողմէ։
Լեհահայերու կողմէ՝ Հայ գիրերու գիւտի 1600-ամեակին, Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան 90-ամեակին եւ Dolny Śląsk (Տոլնէ Շլօնսք)-ի [4] մէջ հայերու ներկայութեան 60-ամեակին – 2005»:
Նկարները տրամադրուած են հեղինակի հաւաքածոյէն
[1] EWTN (Eternal Word Television Network) հեռուստակայանի հիմնադիրն է միանձնուհի Rita Antoinette Rizzo, ճանչցուած է իբրեւ մայր Անժելիքա (20.04.1923 – 27.03.2016), ան կը պատկանի Յաւերժական երկրպագութեան նուիրուած միանձնուհիներու ուխտին։
[2] (NKWD)- Խորհրդային սովետական միութեան ներքին գործերու պետական կեդրոնական մարմին
[3] (UPA)- Ուքրաինական ապստամբական բանակ
[4] Լեհաստանի հարաւ արեւմտեան կողմը գտնուող «Տոլնէ Շլօնսք»-ի մարզ:
Աղբիւրը` Հայրենիք Շաբաթաթերթ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ