2025.06.13 San Ignazio Maloyan

Հաւատքի վկայ եւ Սրբավայրեր վերանորոգող` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Թեմի գործերը, ինչպէս նաեւ շրջակայ առաքելութիւնները, կը զարգանային շնորհիւ ջանասէր եւ նուիրեալ` Պատրիարքական Փոխանորդ` Գերյ. Իգնատիոս Մալոյեանի, որ անձամբ այցելելով թեմին պատկան վայրերը՝ ժողովուրդին մխիթարութիւն եւ ոգի կը ներշնչէր։

1911 Յունիս 7-ին, Մամպուտէն փաստագրական ուշագրաւ վկայութիւն մը կը պարզէ տուեալ թեմի կեանքի բարելաւման եւ հաւատքի վառ պահպանման պատկերը։

Այդ շրջանին տեղական կացութիւնը համեմատաբար աւելի նպաստաւոր էր։

Թեմի գործերը, ինչպէս նաեւ շրջակայ առաքելութիւնները, կը զարգանային շնորհիւ ջանասէր եւ նուիրեալ` Պատրիարքական Փոխանորդ` Գերյ. Իգնատիոս Մալոյեանի, որ անձամբ այցելելով թեմին պատկան վայրերը՝ ժողովուրդին մխիթարութիւն եւ ոգի կը ներշնչէր։

Տուեալ խօսքերու լաւագոյն ապացոյցը` Ս. Վառվառայի եւ Ս. Յովհաննու ծննդեան տօնախմբութիւններն են, որոնք վերածուած են նորոգ հաւատքի շարժիչ ոյժը։

Վերոյիշեալ Սուրբերու անուան հետ կապուած եւ նախքան Մալոյեանի անուանումը փլատակ դարձած սրբավայրերուն մէջ՝ Գերյարգելին տօներու առթիւ մատուցած է հանդիսաւոր Պատարագներ, որոնց ընթացքին` ուխտաւոր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցած է։ Անոնք եկած են՝ իրենց ներկայութեամբ զօրացնելու այն մեծահոգի առաջնորդը, որ մտածած էր վերստին շունչ եւ կենդանութիւն պարգեւել Ս. վայրերուն։

Փաստաթուղթէն կ'իմանանք, որ Ս. Յովհաննու ուխտավայրը հրաշալի տեսարան մը ունեցած է` դիրքը բարձր, օդը մաքուր, ջուրը թեթեւ, իսկ պտղատու պարտէզները՝ արգաւանդ եւ առատաբեղուն։ Շրջակայ հողերը պատկանած են եկեղեցւոյ, ինչ որ հնարաւոր դարձուցած է վանքին վերակերտմանը։

Գերյ. Մալոյեան յաջողած է` պատմական Ս. վայրերուն թուականները բացայայտել փորագրուած քարերու վրայէն։ Եկեղեցւոյ շինութեան թուականը փորագրուած է այսպէս՝ «Ս. Յովհաննու Եկեղեցի՝ Ի թուին ՌՃԷ 1107», իսկ պարտէզի աղբիւրին վրայ կառուցուած շինութեան ճակտին վրայի գիրը` աղաւաղուած ըլլալով հանդերձ, կը յայտարարէ` «Խաչ որ կենարար՝ ի թուին ՌՃԻԲ 1122»։

Ստորեւ` յապաւումով կը ներկայացնենք Փաստաթուղթի բովանդակութիւնը, որ Մամպուտէն` Ա.Վ. Թերզիպաշեան ուղարկած է` Զմմառու Մեծաւորին

 

Մամպուտ   7 Յունիս 1911

...... Տեղական վիճակը եւ կացութիւնը լաւ է եւ եղաւ, թեմին գործերը եւ շրջակայ առաքելութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են շնորհիւ ջանից Գերյ. Մեծաւոր եւ Պատրիարքական Փոխանորդին, որ այս միջոցին բոլոր թեմին վերաբերեալ տեղերը անձամբ այցելեց եւ սփոփեց ու քաջալերեց։

Այս տարի թէ Ս.Վառվառային թէ Ս. Յովհաննու ծնունդի տօնախմբութեանց օրերը` Ժամանակին իրենց անուանը կառուցուած, այժմ կործանուած  փլատակուած 2 վանքերը հանդիսաւոր

Պատարագ մատուցուեցաւ, հաւատացելոց բազմութիւնը ուխտի եկած էր` որ զօրացնէ  այս արթուն առաջնորդը, որ խորհեցաւ նոյն ուխտավայրերը վերականգնելու։

Գերյ. Տէր, իրօք որ դիտելու արժանի է Ս.Յովհաննէսի ուխտատեղին եւ վանքը, շատ հիանալի տեսարան ունի, դիրքը բարձր, օդը մաքուր, ջուրը թեթեւ եւ պտղագետինները արգաւանդ եւ բերրի, շուրջը գտնուած հողերը իրեն կը վերաբերին, յաջողեցանք Գերյ. Փոխանորդին հետ եկեղեցիին եւ պարտէզին թուականը գտնելու, Եկեղեցիին թուականը քարի մէջ փորագրեալ գտանք  այսպէս "Ս. Յովհաննու եկեղեցի

Ի թուին ՌՃԷ 1107 " , իսկ  պարտէզին աղբիւրին վրայ կառուցուած շէնքին ճակտին վրայ դարձեալ քարին մէջ փորագրեալ այսպէս` գրերը քիչ մը աղաւաղեալ թէեւ "Խաչ որ կենարար ի թուին ՌՃԻԲ 1122.....

Հայաշատ սիրոյ ողջունիւ կ'ողջունեն զՁեզ թէ Գերյ. Մալոյեան վարդապետը եւ թէ Միաբան Վարդապետները։

  Եւ իմ հաւաստիօք սիրոյ Գերյ. Տէրութեանդ

        Անձնուէր

Ա.Վ. Թէրզիպաշեան

 

Այս պատմական բացայայտումները ոչ միայն նիւթական արժէք ունին, այլ` հոգեւոր ժառանգութեան անմահ վկայութիւն է։

Անձնուէր Գերյ. Մալոյեան` իր նուիրումը կը վերահաստատէ այս նամակի վկայութեամբ, որմէ կը հետեւցնենք, որ Ան ապրեցաւ մեր եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատքի զօրացման եւ սրբավայրերու վերակենդանացման սրբազան առաքելութեամբ։

Ան չի պատմեց իր ժամանակը, այլ` մեզի համար կերտեց նոր ժամանակ՝ որու պտուղները 2025-ին` Իր Սրբադասմամբը քաղեցինք։

 

Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան

Պատրիարքական Փոխանորդ

  Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան

եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2025, 09:14