Իրան. Կոյսին պատկերը մետրոյին մէջ Իրան. Կոյսին պատկերը մետրոյին մէջ 

Թեհրան. Կարդինալ Մաթիու. Կոյսին պատկերը մետրոյին մէջ, խաղաղութեան նշան

Իրանի մայրաքաղաքի Արքեպիսկոպոսը կը խօսի քաղաքային մետրոյի կայարանը Կոյսին նուիրելու որոշման մասին, որ պատկերուած է հարթաքանդակի մը վրայ. անիկա բացումի եւ երկխօսութեան ազդանշան մըն է, «որ հետաքրքրութիւն կ՛արթնցնէ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իրանի Թեհրանի մետրոյի կայարանի մէջ, աղօթքի ծալլուած ձեռքերով Կոյսին պատկերը, հարթաքանդակի մը վրայ տեսնելը ամէն օրուայ բան չէ։ Եւ շատ զարմանալի է իմանալ, թէ քանի մը օր առաջ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մայրաքաղաքի այս կայարանը նուիրուեցաւ Սուրբ Կոյսին, «Մարիամ-ը Մողադդաս» տիտղոսով, որ հիմնականին մէջ կը նշանակէ «Սուրբ Մարիամ»։

Դրական Բացումներ

Թեհրան-Սպահանցի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոմինիք Ճոզէֆ Մաթիու — որուն արքեպիսկոպոսութիւնը կը հոգայ ողջ երկրին Լատին ծիսակարգի Կաթողիկէներուն — դրականօրէն զարմացած է։ Երբ անոր կը հանդիպինք Հռոմ, ան չի վարանիր ընդգծելու, թէ այս իրադարձութեան մէջ թաքնուած են երկու չափանիշներ՝ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան չափանիշները. «Հաստատապէս կայ շահագրգռութիւնը ցոյց տալու, ազգային համայնքին եւ ամբողջ աշխարհին, այն երկրի մը բացուածքը, ուր կրօնական ազատութիւն չկայ, բայց կայ պաշտամունքի ազատութիւն, որ կ՛իրականանայ յարգելի օրէնքներու շրջանակին մէջ»։

Պաշտամունքի Մթնոլորտ

Կարդինալը նաեւ՝ անոնք որոնք առիթ ունեցած են տեսնելու ցանցի մէջ արագօրէն շրջած լուսանկարները եւ տեղեկութիւնները, կը պատմեն թէ կայարանի երթուղիները կը գտնուին 30 մեթրէ աւելի խորութեան վրայ, եւ որ անոնց հասնելու համար, սանդուղներ կամ շարժասանդուղներ գործածելով, կը հանդիպի Աստուծոյ ուղղուած առաջին մաղթանքի, օրհնութեան գրութեան մը։ «Անիկա շատ հետաքրքրական է, որովհետեւ անիկա միայն պարսկերէնով չէ, որ է պաշտօնական լեզուն, այլ նաեւ արաբերէնով, հայերէնով ու անգլերէնով։ Մինչ կ՛ իջնենք, միջին յարկերու պատերուն վրայ կը նկատուին կամարներ, որոնց վրայ դրուած է սպիտակ եւ կապոյտ երկինք մը, որոնք նաեւ Կոյսին համար գործածուած գոյներ են։ Անկէ կ՛ելլէ ճիշդ պաշտամունքի, եկեղեցիի զգացում տուող մթնոլորտ մը»։ Նոյնիսկ աւելի իջնելով, պատերուն վրայ գրուած միւս բնագրերը Բարձրագոյն Առաջնորդին գրութիւններն են եւ նախադասութիւններ, որոնք Յիսուսը կը ներկայացնեն գլխաւորապէս որպէս մարգարէ ու յեղափոխական։ «Կայ մետաղեայ տախտակ մը,— կ՛աւելցնէ կարդինալը,— որ կ՛ակնարկէ Գիրքին ժողովուրդին մասին Քուրանական հատուածին, ուր կ՛ըսուի թէ Յիսուսը պէտք է այդպէս նկատել, մինչ Մարիամը կը սահմանուի մարգարէին մայրը»։

Զանազան Մակարդակներ

Մեծ սրահը, որուն կամարը այս պարագային եւս կը յիշեցնէ բազմաթիւ լամբարներով լուսաւորուած երկինք մը, կը գտնուի իջնելուն վերջաւորութեան եւ կը տանի դէպի քանի մը սանդուղներ, որոնք կը հասցնեն երկաթուղիներուն։ Այս մակարդակին, եւ երկաթուղիներուն յաջորդող մակարդակին վրայ, տեղադրուած են քանի մը հարթաքանդակներ, որոնք Թեհրանի Արքեպիսկոպոսը կը նկարագրէ մանրամասնութեամբ. «Անոնցմէ մէկը, Քուրանական հատուած մը վերցնելով, յայտնիօրէն տարբեր Աւետարանին հատուածէն, կը ցուցնէ շատ գեղեցիկ Յիսուս մը, որ կը քալէ ջուրերուն վրայ։ Սակայն, անոր դիմաց մարդիկ չկան, այլ դրուած է բանաստեղծութեան մը բնագիրը, որ կը խօսի կեանքի դժուարութիւններուն մասին։ Նոյնիսկ եթէ Յիսուսը կապուած է պարսկական բանաստեղծութեան հետ, այս պատկերը լաւ կրնայ ճանչցուիլ Քրիստոնեաներուն կողմէ»։

Փակ արտեւանունքներ

Մարիամին պատկերով հարթաքանդակը կը գտնուի հակառակ կողմը։ «Անոր պատկերին աջին ու ձախին կը տեսնուին վարդակակաչներ, որոնք նոր կ՝իմանամ թէ իրանեան ծաղիկներ են, որ կը նուիրուին կարեւոր մարդոց։ Մարիամը ունի ծալլուած ձեռքեր եւ զուսպ լուսապսակ մը, որ որեւէ գոյն չի կրնար առնել»։ Ան ինչ որ յատկապէս զարմացուցած է Կարդինալ Մաթիուին՝ այն է թէ թէ՛ Յիսուսը եւ թէ՛ Կոյսը պատկերուած են փակ արտեւանունքներով. ճամբորդին հետ հայեացքը կայ, բայց կը պակսի այն ուղղակի, ներքին շփումը, որ պիտի յորդէր եթէ բիբերը կրնային իրարու հանդիպիլ։ «Անիկա շատ յստակ տեսլական մըն է Իսլամին՝ Մարիամին, Յիսուսին մասին, բայց սակայն կը մնայ հետաքրքրութիւն արթնցնող երկխօսութեան խորհրդանիշ մը»։ Մետրոյի կայարանը ճիշդ 6-րդ գիծի կեդրոնը կը գտնուի եւ կը բարձրանայ արդէն Կոյսին նուիրուած պատէզի մը մէջ, ուր կը գտնուին Հայ Առաքելական Քրիստոնեաներուն Մայր Տաճարը՝ Սուրբ Սարգիսը, եւ անոնց մշակութային կեդրոնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2025, 11:39