Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (65)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք «Կանոն ձեռնադրութեան և օծման եպիսկոպոսի» մէջ յիշուած աղանդներուն:

ԿԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք «Կանոն ձեռնադրութեան և օծման եպիսկոպոսի» մէջ յիշուած  աղանդներուն:  

Գնոստիկութիւնը քրիստոնէութեան համար առաւել վտանգաւոր դարձաւ, երբ քրիստոնէական հասարակութեան մէջ մուտք կը գործէին իրենց գաղափարները մատչելի օրհներգութիւններու, վիպերգութիւններու, պարականոն աւետարաններու, առաքեալներու գործերու եւ յայտնութիւններու տեսքով` անոնց վերագրելով աստուածային ծագում: Գնոստիկեան վտանգը վերացնելու համար՝ զարգացաւ եկեղեցական գրականութիւնը. անոնց դէմ գրեցին Եկեղեցւոյ այնպիսի մեծ Հայրեր, ինչպիսիք են՝ Տերտուղիանոսը, Իրենիոսը, Հիպպոլիտոս Բոստրացին, Յուլիոս Աֆրիկանոսը, Կղեմէս Աղեքսանդրացին եւ Որոգինէսը, հրապարակ հանելով անոնց գաղափարներուն դէմ ուղղուած ծաւալուն գրականութիւն:

Այսօր, հիմնականապէս այս գրուածքներէն կ'իմանանք գնոստիկեաններու վարդապետութիւնը, որովհետեւ անոնց ստեղծած գրականութիւնը Եկեղեցին անցեալին ամբողջութեամբ ոչնչացուցած էր։ Հայ Եկեղեցւոյ Մաշտոցի «Կանոն ձեռնադրութեան և օծման եպիսկոպոսի» ծիսակատարութեան մէջ, ձեռնադրեալ թեկնածուին կ'ըսուի. «Կը նզովէ՞ք Արիոս Աղեքսանդրացին, Մակեդոնը, Նեստորը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները: Մանին, Մարկիոնը, Վաղենտիանոսը, Սաբէքը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները: Արտեմոնը, Եւնոմիոսը, Եւտիքէսը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները»: Արիոս Որդին Աստուծոյ արարած կը դաւանէր:

Մակեդոն կը հայհոյէր Ս. Հոգւոյն և Հօր և Որդւոյ էութենէն չէր կ'ըսէր, այլ որպէս արբանեակ, Հօր հրամաններուն սպասաւոր և հրեշտակներէն մէկը կը համարէր: Նեստոր Կ.Պոլսոյ Պատրիարքը Պօղոս Սամոստացիին հայհոյութիւնը կը հաստատէր խառնելով Քրիստոսի երկու բնութիւնները: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Եւտիքէս անուն վանական մը ուզելով Նեստորի վարդապետութեան դէմ ելլել եւ հիմնովին ջախջախել, նոր մոլորութեան մը մէջ կ'իյնայ։ Եւտիքէս Քրիստոսը սոսկ մարդ կ'ընդունէր և շփոթմամբ մէկ բնութիւն կը դաւանէր Քրիստոսի մէջ:

Նեստոր Քրիստոսի մէջ երկու բնութիւն  կ'ընդունէր սակայն երկու անձնաւորութեան մէջ. Եւտիքէս միւս ծայրայեղութեան երթալով կը շփոթէ՝ և իրարու կը խառնէ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները։ «Անոր ունեցածը», կ'ըսէր Եւտիքէս, «մարդու մը մարմինը չէ, այլ մարդկային մարմին մը»։ Եւտիքէսի վարդապետութիւնը դատապարտուեցաւ Կ.Պոլսոյ մէջ (448) գումարուած ժողովով՝ որուն կը նախագահէր Փլապիանոս Պատրիարքը։ Այն օրերուն, Հռոմի Լեւոն Ա. Պապը (440-461) գրեց Փլապիանոսի ուղղուած՝ իր հռչակաւոր նամակը, որ կը կոչուէր «Լեւոնի տոմար», որուն մէջ Քահանայապետը կ'աշխատէր Եւտիքէսի եւ Նեստորի վարդապետութիւններուն հակառակ բանաձեւ մը սահմանել, հաստատելով թէ «Քրիստոս երկու բնութիւն ունէր մէկ անձնաւորութեան մէջ»:

Մարկիանոս կայսրը, Լեւոն Պապի խնդրանքով, կը հրամայէ Քաղկեդոնի (Գատըգիւղ, Կ. Պոլիս) մէջ ժողով մը գումարել։ Բազմաթիւ եկեղեցականներ ներկայ կ'ըլլան այդ ժողովին, ուր կը նզովուի Եւտիքէսը և անոր բոլոր հետեւորդները: Այստեղ յիշելու է թէ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի նշանաւոր բանաձեւը՝ «Մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ», դարձած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրիստոսի բնութեան վարդապետութեան հիմնաքարը: Արդ, Եւտիքէսը Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի բանաձեւին միայն միաբնեայ (monophysite) կողմը ըմբռնած էր: Հետեւաբար, Հայ Եկեղեցին ի սկզբանէ ամբողջ թափով անցաւ պայքարի. միջոցներ ձեռք առաւ անոր ծաւալման առաջքն առնելու համար և եկեղեցական ժողովներ գումարեց, անխուսափելիօրէն ժխտելով Եւտիքէսի նորելուկ և մոլար վարդապետութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2025, 07:38