Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (66)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Տօնադոսական աղանդին:

ԿԶ. Հաղորդում

 

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Տօնադոսական աղանդին:

Դ. դարու սկիզբը, 313 թուին, Միլանի հրովարտակով՝ քրիստոնէութիւնն ազատագրուեցաւ, սակայն եկեղեցական բեւեռացումը մնաց։ Կոստանդինոս Մեծը և հետագային անոր ժառանգները՝ փորձեցին կարգաւորել վիճակը։ Այս առումով, 311-ին, Տօնադոսականութիւնը (լատին. Donatismus, յուն. Δονατισμός), իբր քրիստոնէական հերձուած, ծագում առաւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ի դէմս Կարթագէնի եպիսկոպոս՝ Տօնադոսի (լատիներէն Donatus Magnus) և անոր հետեւորդներուն: Տօնադոս յայտնի դարձաւ որպէս եկեղեցական սրբութեանց և բարոյականութեան ջատագով: Ան կը պնդէր, թէ Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները իրենք իրենցմէ որեւէ ազդեցութիւն չեն գործեր, այլ կախեալ են մատակարարող քահանային կարողութենէն:

Սուրբ խորհուրդները, մասնաւորապէս մկրտութիւնն ու սուրբ կարգերը, պէտք չէ նկատուին որպէս փրկութեան միջոցներ, որոնք ըստ ինքեան արդիւնաբեր չեն, այլ պէտք է հիմնուած ըլլան զանոնք շնորհող հոգեւորականի արժանապատուութեան վրայ։ Հետեւաբար, եթէ մատուցող հոգեւորականը ապականուած է մեղքով՝ սուրբ  խորհուրդները (մկրտութիւն, դրոշմ, օծում, եւայլն) անվաւեր կ'ըլլան: Հոգեւորականի բարոյական վիճակը անմիջականօրէն կ'ազդէ եկեղեցական սուրբ խորհուրդներու վաւերութեան վրայ։ Այսպիսով, այս հերետիկոսները կը հաստատէին թէ խորհուրդներու արդիւնաւէտութիւնը կախեալ է ոչ թէ Աստուծմէ, այլ զանոնք տուող հոգեւորականէն: Առաւե՛լ, անոնք կը հաստատէին թէ Եկեղեցին պէտք է կազմուած ըլլայ միայն սուրբերու հասարակութենէ (ecclesia sanctorum), և մեղաւորները պէտք չէ մաս կազմեն անոր։ Սակայն այս դիրքորոշումը ուղղակի կը հակադրուէր Աւետարանի հոգիին։ Այդ օրերուն, Կաթողիկէ Եկեղեցին, յանձին՝ Հռոմի Պապին և սուրբ Օգոստինոսի, վճռականօրէն հանդէս եկան տօնադոսականութեան դէմ։

Ս. Օգոստինոսը (354–430), փիլիսոփայական և աստուածաբանական տեսանկիւնէն մեկնելով՝ կարողացաւ ապացուցել, թէ Ս. Խորհուրդներու վաւերականութիւնը անկախ է հոգեւորականի բարոյական վիճակէն: Ան զարգացուց «ex opere operato» սկզբունքը, ըստ որուն՝ խորհուրդը վաւեր է իր իսկ կատարումէն՝ անկախ կատարողի սրբութենէն։ Ան սահմանեց, թէ ամէն ինչ կը տրուի Աստուծոյ կողմէ, քանի որ մարդը, հակառակ իր բարի կամքին՝ երբեք չի կրնար ինքնիրեն կատարեալ համարել Աստուծոյ առջեւ: Մի խօսքով՝ խորհուրդները Աստուծոյ պարգեւներն են։

Ս. Օգոստինոսը յամառօրէն պաշտպանեց նաեւ Եկեղեցւոյ «խառն մարմին» ըլլալու գաղափարը՝ ուր մեղաւորներ և արդարներ կրնան կենակցիլ։ Անոր ամենայայտնի երկերէն է «De baptismo contra Donatistas»։ Ի վերջոյ, Տօնադոսականները մի քանի տասնամեակ շարունակ պահպանեցին իրենց ազդեցութիւնը Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ՝ կազմելով առանձին եպիսկոպոսական Թեմ, եկեղեցական կառուցուածք և նոյնիսկ մկրտութեան խորհուրդի կրկնութիւն կիրառելով։ Բարեբախտաբար, 411 թուին, Կարթագէնի եկեղեցական ժողովին մէջ, տօնադոսականները պաշտօնապէս հռչակուեցան որպէս հերձուած և անոնց իրաւունքները սահմանափակուեցան։ Որմէ ետք, Տօնադիստական աղանդը սկսաւ աստիճանաբար մարիլ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2025, 07:38