2025.10.21 Kessab Messa per canonizzazione San Ignazio Maloyan

Սուրբ Իգնատիոս Արք․ Մալոյեանի սրբադասման ս․ պատարագ եւ ձեռնարկ Քեսապի մէջ

Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեան իր առաքինի կեանքով, զօրաւոր հաւատքով, հաստատակամ կամքով ու խիզախութեամբ, հաւատարիմ մնաց Քրիստոսին, դիմանալով տեղահանութեան, չարչարանքներուն, ընդունելով նահատակութեան պսակը, ներելով նոյնիսկ իր դահիճներուն, ներում ու ողորմութիւն ցուցաբերելով իրենց հանդէպ։

Կիրակի` 19 Հոկտեմբեր 2025 թուականին, Զ․ Կիրակի զկնի Խաչի, Սուրբ Իգնատիոս Արք․ Մալոյեանի սրբադասման հռչակման առթիւ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ զոհէն ետք, սկիզբ առաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը նուիրուած հայածին մեր նոր սուրբին։

Բացման խօսքը արտասանեց կիսասարկաւագ Արա Քէշիշեանը․ Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Գերյարգելի` Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան, սիրելի հաւատացեալներ։

Այսօր պատմական օր է ընդհանրական Եկեղեցւոյ, հայ ազգին եւ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան համար։

Այսօր բոլոր աշխարհին հայեացքը ուղղուած է դէպի Վատիկան, ուր տեղի կ'ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտին քաղաքի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի սրբադասումը, Լեւոն 14-րդ Սրբազան Քահանայապետի հանդիսապետութեամբ։

Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեան իր առաքինի կեանքով, զօրաւոր հաւատքով, հաստատակամ կամքով ու խիզախութեամբ, հաւատարիմ մնաց Քրիստոսին, դիմանալով տեղահանութեան, չարչարանքներուն, ընդունելով նահատակութեան պսակը, ներելով նոյնիսկ իր դահիճներուն, ներում ու ողորմութիւն ցուցաբերելով իրենց հանդէպ։

Ան մեզի կը սորվեցնէ չշեղիլ մեր քրիստոնէական եւ հայրենաւանդ սկզբունքներէն, կառչած մնալով մեր հաւատքին, ազգային արժէքներուն ու սրբութիւններուն, համայն ազգերուն հետ ապրիլ ու արարել որպէս Քրիստոնեայ եւ Հայ, պահանջատէր ըլլալով մեր բոլոր իրաւունքներուն որպէս ազգ, արժանավայել կեանք ունենալու համար։

Սուրբ Մալոյեան մեզի օրինակ կը հանդիսանայ որպէս հաւատարիմ հետեւորդ Քրիստոսի, հետեւելով անոր խաչի ճանապարհէն, յանձն առնելով տառապանք, հուր եւ սուր, Յիսուսի սիրոյն համար, յանձն առնելով նոյնիսկ մարտիրոսութեան պսակը, մեր Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն հետ միասին։

Եկէ'ք միասին հետեւինք իր սրբակենցաղ կեանքի օրինակին, ու խնդրենք իր բարեխօսութիւնը որպէսզի Աստուած զօրացնէ մեր հաւատքը, ոյժ ու հաստատակամութիւն տայ մեզի որպէսզի կարենանք յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, իմաստաւորենք մեր կեանքը առաքինի վարքով ու բարեգործութեամբ, իրեն նման սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ դառնանք այս աշխարհի վրայ, որպէսզի սուրբին նման Քրիստոսի տեսութեան, սիրոյն ու երանաւէտ յաւիտենական կեանքին արժանանանք երկինքի մէջ»։

Ապա յաջորդեց տեսերիզի դիտումը Սուրբ Իգնատիոս Արք․ Մալոյեանի կեանքի գլխաւոր հանգրուաններէն մինչեւ նահատակութեան պսակը։

Դպրաց դասը իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ հնչեցնելով «Բազմաչարչար Նահատակ» տաղը նուիրուած Ս․ Իգնատիոս Մալոյեանի։

Օրուայ խորհուրդը ու փակման խօսքը ներկայացուց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը։ Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ առանձնապէս ըսաւ.

«Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Այսօր, եզակի, պատմական ու պանծալի իրադարձութիւն մը կ'ապրի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ ողջ հայութիւնը եւ ամբողջ աշխարհը:

Այսօր, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւս մէկ անգամ վեհ կը բարձրացնէ հայութեան ու հայրենիքի անունը՝ Վատիկանի պատմողական ու վաղեմի կամարներուն ներքոյ։

Այսօր, հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար մեծ բերկրանք մըն է, ուր Տիէզէրական Սուրբ Եկեղեցւոյ բիւրաւոր սուրբերու կայծկլտուն երկնակամարներու տակ, կ'ունենանք մեր ազգի եւս մէկ սուրբ զաւակ, որ կը բարեխօսէ մեր հայ ազգի պահպանութեան համար։

Այսօր, Վատիկանի «Ս. Պետրոս» տաճարին կենդրոնական պատշգամէն կախուեցաւ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբապաստառը՝ արար աշխարհին իմացնելով մեր հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբին։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը ծնած է Մարտին (Օսմանեան կայսրութիւն) 1869-ին:

Իր մանկութենէն սկսեալ կեանքը՝ նուիրեց Աստուծոյ ծառայութեան։ Որպէս քահանայ, ուսուցիչ եւ եպիսկոպոս, ան եղաւ եկեղեցւոյ սիւնն ու ժողովուրդին սիրելի առաջնորդը։

1896 թուականին ան կ'աւարտէ բարձրագոյն կրթութիւնը, ձեռնադրուելով հոգեւորական Զմմառու վանքին մէջ եւ անդամագրուելով միաբանութեան՝ առնելով Իգնատիոս անունը՝ Սբ․ Իգնատիոս Անտիոքացի նահատակին անունը։

1911 թուականի Հոկտեմբեր 22-ին Հռոմի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական սինոդը զինքը կ'ընտրէ Մարտինի Արքեպիսկոպոս։

1915 թուականի Ապրիլ 30-ին, թրքական զինուորները կը շրջապատեն Մարտինի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանն ու եկեղեցին՝ ամբաստանելով, թէ վայրը զէնքի պահեստ մըն է։

Յունիս 3-ին զինուորները կը ձերբակալեն արքեպիսկոպոս Մալոյեանը եւ անոր հետ հոգեւորականներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Դատաքննութեան ընթացքին ոստիկանապետ Մամտուհ պէյը կը պահանջէ, որ արքեպիսկոպոսը ընդունի իսլամական կրօնքը ։ Սակայն ան կը մերժէ՝ յայտարարելով թէ պատրաստ է դիմանալ ամէն չարչարանքի ու մահուան՝ զի այդ իր երջանկութիւնը պիտի ըլլայ։ Մամտուհ պէյը ատրճանակի կոթով կը հարուածէ անոր գլուխը եւ կը հրամայէ բանտարկել։

Զինուորները շղթայած կ'ունենան անոր ձեռքերն ու ոտքերը, կը ծեծեն ու չարչարանքներու կ'ենթարկեն՝ դուրս բերելով ոտքի եղունգները։ Վկայուած է, թէ Յունիս 9-ին իր մայրը կ'այցելէ զինքը բանտին մէջ, եւ համդիպումի ընթացքին, կրօնաւոր Մալոյեանը Քրիստոսի հետեւեալ խօսքերը ուղղուած Ս․ Պետրոսին կ'ըսէ իր մօր․ «գնայ, հաստատ պահէ իմ հօտս սուրբ հաւատքին մէջ»։

Գողգոթայի Ճամբորդութեան ընթացքին Իգնատիոս Արք․ Մալոյեանը հանելով հացի կտոր մը՝ կ'օրհնէ զայն, կ'արտասանէ սուրբ պատարագի աղօթքի բանաձեւը եւ կը բաժնէ քահանաներուն՝ բաժնելու ժողովուրդին։

Վկայութիւնները կը պատմեն, թէ այս պահուն երկնային լոյսով ամպ մը ծածկեց նահատակութեան ճամբուն վրայ եղողներուն խումբը եւ անուշահոտ բուրմունք մը տարածուեցաւ շրջապատին մէջ։

Մամտուհ բէյը կրկին զատելով առաջնորդը ժողովուրդէն կը պահանջէ իսլամանալ։

Ատոր ի պատասխան ան կը մերժէ ու կ'ըսէ. «Ես կ'ապրիմ ու կը մեռնիմ յանուն իմ հաւատքիս եւ հպարտ եմ Քրիստոսի Տիրոջ Խաչով»։ Մամտուհը բէյը կրակելով կը սպանէ զինքը։

Վերջին շունչը առնելուց առաջ ան բարձրաձայն կ'աղաղակէ. «Աստուած իմ, ողորմեա՛ ինձ, Քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ իմ հոգիս»։

Ան ո՛չ միայն նահատակուեցաւ հաւատքի համար, այլ իր ժողովուրդին հետ կիսեց նոյն ճակատագիրը, նոյն ցաւը, նոյն մահը։ Իր կեանքով ու մահով մեզի թողեց պատգամ մը․ Հաւատքը մեծ գանձ մըն է, որ չի ծախուիր եւ ոչ ալ փոխարինուի։

Իր կեանքը եւ նահատակութիւնը կենդանի ապացոյցը եղան Քրիստոսի քաղցրաբարոյ խօսքերուն․ «Եթէ զիս հալածեցին՝ ձեզ ալ պիտի հալածեն» (Յովհ. 15։20)։

Ս․ Մալոյեանը խորապէս ըմբոշխնեց այս խօսքը իր մարմնով եւ արիւնով։ Բայց նոյնիսկ տանջանքներու մէջ ան վստահեցաւ ու հաւատարիմ մնաց Տիրոջ խոստումներուն՝ թէ արդարները ու վկաները պիտի պսակուին ոչ այս աշխարհի փառքով, այլ յաւիտենական կեանքով։

Մենք, որ այսօր հաւաքուած ենք խաղաղ ու համերաշխ աշխարհի գմբէթի տակ, կոչուած ենք նոյն հաւատքին վկաները ըլլալու մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

Թէեւ մեզմէ չի պահանջուիր նահատակուիլ արիւնով, սակայն ամէն օր կը հրաւիրուինք նահատակուիլ սիրով, ծառայութեամբ, ներողամտութեամբ եւ հաւատքի անխորտակելի վկայութեամբ։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը մեզի կը յիշեցնէ, որ ո՛չ բռնութիւն, ո՛չ զօրութիւն եւ ո՛չ ալ մահ կրնան մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն։

Քրիստոսին նկատմամբ մեր սէրը պէտք է աւելի ուժեղ ըլլայ, քան աշխարհի բոլոր վախերը ու նեղութիւնները։

Թող Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը բոցավառէ մեր կեանքը, որպէսզի դառնանք կենդանի վկաներ՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ։ Եւ թող իր աղօթքներովը Տէրը ամրապնդէ մեր Հայ Եկեղեցին ու հայ ազգը»։

Հաւատացեալ հոց բազմութիւնը միասիրտ աղօթեցին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած աղօթքը ու ապա Գերյ. հայր սուրբը Նոր Սուրբին մասունքով օրհնեց բոլոր ներկաները։

Քեսապ՝ 19 Հոկտեմբեր 2025թ․

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2025, 07:51