2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (39)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

39.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ԿՈՍ­ՏԱՆԴ­ՆՈՒ­ՊՈ­ԼԻՍ ԿԸ ԺԱ­ՄԱ­ՆԷ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

Մ­խի­թար 25 տա­րե­կան էր երբ իր աշա­կերտ­նե­րով հան­դերձ Կա­րի­նէն Տրա­պի­զոն կ՚անց­նի եւ ապա կը նա­ւար­կեն դէ­պի Կոս­տանդ­նու­պո­լիս, ուր հաս­նե­լով կը նա­խընտ­րէ Բե­րայի թա­ղա­մա­սը մնալ՝ իջե­ւա­նե­լով Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ կից օթե­ւա­նը։ Այդ եկե­ղեց­ւոյ մէջ կը պա­տա­րա­գէր, եւ կա­թո­ղի­կէու­թեան յա­րող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէն շա­տեր կը մօ­տե­նային իրեն՝ խոս­տո­վա­նե­լու եւ հա­ղոր­դուե­լու հա­մար։ Ստէպ կը քա­րո­զէր Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր ժո­ղո­վուր­դի բազ­մու­թիւ­նը խուռ­նե­րամ կը հա­ւա­քուէր, այդ մեծ եկե­ղե­ցին լեց­նե­լով։ Ամէն ոք սի­րով կ՚ունկնդ­րէր իր բո­լոր խրատ­նե­րը, եւ ին­քը առանց աչա­ռու­թեան կը յան­դի­մա­նէր չար գոր­ծե­րը, կը խրա­խու­սէր բա­րին գոր­ծե­լու եւ Քրիս­տո­սի հետ­քե­րով քա­լե­լու։

Յի­շար­ժան դէպք մը կը բնո­րո­շէ իր հա­մո­զում­նե­րը եղ­բայր­սի­րու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ քրիս­տո­նէավայել վար­քի։­

Այդ օրե­րուն Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քը երկ­փեղ­կուած էր. ոմանք ազ­գային ինք­նո­րո­շու­մը կը պաշտ­պա­նէին իսկ ոմանք արեւմ­տա­մէտ կե­ցուած­քով լա­տին­նե­րուն կը յա­րէին։ Վեր­ջին­ներս՝ Ֆռանկ կը կո­չուէին, իրենց թի­կունք ու­նե­նա­լով Ֆրան­սայի Դես­պա­նը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր «Ք­րիս­տո­նեանե­րու պաշտ­պան» հռ­չա­կուած՝ Ֆրան­սայի Լու­դո­վի­կոս Ժդ. Արեւ ար­քան։ Այս խմ­բա­կին մաս կազ­մող անուս եւ ան­կիրթ ան­ձե­րու բազ­մու­թիւն մը ար­հա­մար­հա­կան խօս­քե­րով կը նա­խա­տեն հա­կա­ռակ խում­բին­նե­րը եւ այս­պէս մեծ սրտ­նե­ղու­թիւն կը ծա­գի, այն­քան որ, վեր­ջին­ներս խորհր­դակ­ցե­լով՝ կ՚ո­րո­շեն քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան դի­մել, ամ­բաս­տա­նե­լով որ մեր ազ­գէն որոշ մար­դիկ ֆռանկ­նե­րուն յա­րե­լով՝ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ապս­տամ­բու­թիւն կը սեր­մա­նեն, մեր քա­հա­նա­նե­րը խա­խամ կ՚ա­նուա­նեն եւ մեզ ծաղ­րի առար­կայ կը դարձ­նեն։­

Այս լու­րը կը հաս­նի Մխի­թա­րի ական­ջին, որ յա­ջորդ առա­ւօ­տեան քա­րո­զը կը խօ­սի խա­ղա­ղա­սի­րու­թեան եւ Քրիս­տո­սի միակ պա­տուի­րա­նին՝ իրար սի­րե­լու մա­սին։ Թէ­պէտ խռո­ված բազ­մու­թիւ­նը ներ­կայ էր, սա­կայն չհան­դար­տե­ցան եւ հա­զիւ ժո­ղո­վուր­դը ար­ձա­կուե­ցաւ, եկե­ղե­ցիէն դուրս ել­լե­լով, քա­հա­նա­ներն ու ժո­ղո­վուր­դը գա­ւի­թին մէջ կը խմ­բուին եւ իրենց ծրա­գի­րը իրա­կա­նաց­նե­լու կը փու­թան։ Մխի­թար այս տես­նե­լով սուրբ սե­ղա­նին վրայէն խա­չը առ­նե­լով աճա­պա­րան­քով դուրս կը վա­զէ եւ ձեռ­քի խա­չը պար­զե­լով բարձ­րա­ձայն կը գո­չէ. «Եղ­բայր­ներ այս ի՞նչ կ՚ու­զէք ընել։ Եթէ դա­տա­ւո­րին պի­տի մատ­նէք կա­թո­ղի­կէ­նե­րը՝ ես ալ այդ հա­ւատ­քը կը դա­ւա­նիմ»։ Հա­ւա­քուած­նե­րը կը պա­տաս­խա­նեն. «Քու դէմդ բան մը չու­նինք, մեր վէ­ճը անոնց հետ է որ մեզ շա­րու­նակ կը նա­խա­տեն եւ աշ­խար­հի առ­ջեւ ծաղ­րի առար­կայ կը դարձ­նեն։ Ի՞նչ գործ ու­նիս անոնց հետ, մէկ­դի քա­շուի՛ր»։ Մխի­թար կը պա­տաս­խա­նէ. «Այդ­պէս չէ։ Ինչ որ անոնց կ՚ու­զէք ընել՝ ես ալ պատ­րաստ եմ կրել եւ անոնց­մէ չեմ բաժ­նուիր։ Ահա­ւա­սիկ, Քրիս­տո­սի խաչն առած անոնց առ­ջե­ւէն կ՚եր­թամ դա­տա­ւո­րին ատեանին դի­մաց խոս­տո­վա­նե­լու թէ ես ալ անոնց պէս կը դա­ւա­նիմ եւ պատ­րաստ եմ են­թար­կուե­լու ինչ պա­տի­ժի ալ որ պի­տի դա­տա­պար­տուին։ Իսկ եթէ դուք չէք ու­զեր որ այս­պէս ըլ­լայ, այս հար­ցին հա­մար մի՛ դի­մէք ան­հա­ւատ­նե­րուն այլ ներ­կա­յա­ցէք հո­գե­ւոր Առաջ­նոր­դին ատեանին, որ Պատ­րիարքն է եւ ինչ որ վճ­ռէ ձեր եւ ձեզ նա­խա­տող­նե­րու հար­ցով՝ անոր հպա­տա­կե­ցէք եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­ցէք»։ Այս­պէս խռո­վու­թեան հր­դե­հը կը մա­րի եւ խա­ղա­ղա­սէր Պատ­րիար­քը կը յա­ջո­ղի հաշ­տեց­նել եր­կու կող­մե­րը եւ հան­դար­տեց­նել կիր­քե­րը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2025, 08:00