ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (40)
40.- ՄԽԻԹԱՐ 1700 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԿԸ ՀԻՄՆԷ ԻՐ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մխիթարի օրինակէն առինքնուած երիտասարդներ իրեն աշակերտելու փափաքով իր մօտ կը յաճախէին։ Ժամանակը հասունցած նկատելով՝ Մխիթար իր շուրջ կը հաւաքէ բոլորը եւ 8 Սեպտեմբեր 1700 թուականին, Աստուածամօր ծննդեան տօնին օրը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սկիզբ կու տայ իր միաբանութեան, բոլորին յանձնարարելով որ իրենց սրտին մէջ գաղտնի պահեն այս յանձնառութիւնը, եւ մինչեւ կարենային ապահով տեղ մը գտնել միասին ապրելու համար՝ իւրաքանչիւրը կ՚ուղարկէ իրենց տուները կամ օթեւանները բնակելու եւ շատ անգամ իր մօտ կը հաւաքուէին, հոգեւոր կեանքի անհրաժեշտ գիտելիքները եւ ուղղութիւնները ստանալու համար։ Արդէն ինը աշակերտ ունէր, որոնցմէ երեքը վարդապետական գաւազան ստացած քահանայ էին։ Կ՚որոշէ զիրենք քարոզութեան ուղարկել, այսինքն՝ Հ. Եղիա Վրդ.ը, Հ. Յովհաննէս Վրդ.ը եւ Հ. Գէորգ Վրդ.ը, որպէսզի անոնց յաճախակի իր մօտ երթեւեկութիւնը ուշադրութիւն չգրաւէր։
1700 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն Մխիթար կը ձեռնարկէ հոգեւոր գիրքեր տպագրելու գործին։ Մինչեւ 1701ի Մարտ ամիսը, վեց ամսուայ ընթացքին, չորս գիրք տպագրել կու տայ. Թովմաս Գեմբացիի Նմանութեան գիրքը, Մտածական աղօթքի գիրքը, Սողոմոնի Երգ Երգոցի մեկնութիւնը ինչպէս նաեւ Յովհաննէսի Յայտնութեան գիրքի մեկնութիւնը։ Աւարտելով այս տպագրական առաջին փուլը՝ Մխիթար իր աշակերտներով կ՚առանձնանայ քաղաքին խուլ անկիւն մը։ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի իր Ժամանակագրութեան մէջ այսպէս կ՚արտայայտուի. «Հազիւ գիրքերու տպագրութիւնը աւարտին հասաւ, մեծ տուն մը գտաւ եւ վարձու առաւ թաղամասին մը մէջ, որ տեղւոյն լեզուով Բէկօղլու կը կոչուէր, Ապրիլ ամսուն մեր փրկութեան 1701 տարին՝ որ երկրորդ տարին էր մեր միաբանութեան»։
Կոստանդնուպոլսոյ Բերա թաղամասի այդ ընդարձակ եւ վայելուչ տան մէջ Մխիթար կը դասաւորէ գրակազմութեան գործիքները եւ տպագրուած գիրքերը հոն փոխադրել կու տայ։ Այնուհետեւ, օրուան ընթացքին այդ տան մէջ կը հաւաքէր իր աշակերտները եւ գրակազմութեան պատրուակով քօղարկուած՝ կրօնաւորական կեանքի առաջին քայլերը կը սորվեցնէր իրենց, միասին ապրելով եւ յատկապէս զիրենք հնազանդութեան վարժեցնելով։ Մի քանի հոգի իր մօտ կը գիշերէին, իսկ մնացածը իրենց տուները կը վերադառնային։ Այլեւս միայն Կիրակի օրերը կ՚երթար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին քարոզելու։
Այդ օրերուն Անտոն անունով ջերմեռանդ հոգի մը Մխիթարի կը դիմէ որպէսզի իրենց խումբին միանար եւ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրէր, ծառայելով որպէս խոհարար։ Մխիթար կ՚ընդունի զինք իր հետեւորդներուն շարքին եւ այսպէս Անտոն ուրախութեամբ կը ծառայէր հասարակութեան՝ եփել-թափելու գործով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ