ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (41)
41.- ՄԽԻԹԱՐ Կ՚ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՎԵՂԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՎԱՆՔԸ
Դժբախտաբար այս գեղեցիկ օրերը երկար չեն տեւեր։ Մէկ ամիս չանցած, 1701ի Մայիս ամսուն, Ադրիանուպոլսոյ եպիսկոպոսը՝ Եփրեմ Ղափանցին լատիններուն յարող հայերուն դէմ թուրք եպարքոսէն հրամանագիր կը յաջողցնէ ստանալ, եւ քանի որ պատրիարքութեան կը ձգտէր, անոնց որպէս պարագլուխ կը մատնանշէ Մելքիսէթ պատրիարքը, եւ չորս վարդապետներ որ Կոստսանդնուպոլիս կը գտնուէին, որոնց մէջ էր Մխիթար Սեբաստացին, Խաչատուր Կարնեցին, Պետրոս Մցխիթացին եւ Սարգիս Եւդոկիացին, եւ երեք քահանաներ որ Ադրիանուպոլիս գտնուելով անմիջապէս շղթայակապ կ՚ուղարկուին թիարանի բանտը։
Մխիթար իրեն յատուկ խոհեմութեամբ 1701 Մայիս 1ին Մելքիսէթ պատրիարքէն հրամանագիր խնդրած եւ ստացած էր անոր իշխանութեան տարածքներէն ներս անխափան քարոզելու։ Այնուամենայնիւ, երբ իր մտերիմ բարեկամներէն ստոյգ կերպով կ՚իմանայ որ հետապնդման արքունի հրամանագիրը հասած է Կոստանդնուպոլիս եւ ինքն ալ որոնուած անձերու ցանկին մէջ է, անմիջապէս կը յանձնարարէ տան բոլոր կահ կարասին հաւատարիմ դրացիներու տուն տանիլ եւ աշակերտները իրենց ծնողքին կամ բարեկամներուն տունը կը ղրկէ։ Ինքը, Հ. Մանուէլին հետ միասին դռները փակելով կ՚աճապարեն Յիսուսեաններու վանքը ապաստանիլ, սակայն հոն կրօնաւորները իմանալով դրդապատճառը՝ խոհեմ չեն նկատեր տեղ տալ Մխիթարի, այլ խորհուրդ կու տան շտապել եւ ապաստանիլ Ֆրանսայի դեսպան՝ Ֆէրիոլի ապարանքը, ուր միայն կրնար ապահով ըլլալ։ Եւ որովհետեւ վեղարաւորներու վանքը հոն մօտիկ էր՝ կրնար անոնց քով օթեւանիլ։
Մխիթար ուրիշ ելք չունէր։ Թէեւ ճամբան երկար էր եւ արդէն վտանգաւոր, սակայն Աստուծոյ վրայ վստահացած Հ. Մանուէլի հետ միասին կ՚աճապարէ հասնիլ Ֆրանսայի դեսպանին մօտ։ Բարեկամ մը հեռուէն կը տեսնէ Մխիթարը որ իր աշակերտին հետ կը հեռանար, իսկ իրենց ետեւէն, որոշ հեռաւորութեան վրայ, քաղաքապետի ոստիկանները հայի զգեստներով ծպտուած՝ կը շտապէին դէպի Մխիթարի վարձած տունը՝ զինք ձերբակալելու համար։ Աստուածային նախախնամութեամբ ոչ իրենք ոչ ալ անոնց առաջնորդողը կ՚անդրադառնան որ Մխիթար իրենց առջեւէն կը քալէր։ Այսպէս, մինչ անոնք դէպի տուն կ՚ուղղուին խուզարկելու՝ Մխիթար բարեյաջող կը հասնի դեսպանին ապարանքը եւ հոն կ՚ապաստանի։ Օրեր անց, Մխիթարի բարեկամը որ հեռուէն հետեւած էր ոստիկաններուն, այս աստուածային յատուկ միջամտութեան ականատես վկան կը ներկայանայ եւ մանրամասն կը պատմէ տեսածը։ Մխիթար փառք կու տայ Աստուծոյ, որ զինք պահած եւ ազատած էր այդ մեծ փորձանքէն։
Մխիթարի խնդրանքին ընդառաջելով՝ վեղարաւորներու վանքին մէջ սենեակ մը կը տրամադրեն իրեն, ուր Ֆրանսայի դեսպանին հովանիին տակ՝ բոլորովին ապահով էր ամէն փորձանքէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ