2024.09.30 Sacramento della Penitenza, riconciliazione, confessione, confessore 2024.09.30 Sacramento della Penitenza, riconciliazione, confessione, confessore  (© Mirek Krajewski)

«Խոստովանանքի Խորհուրդը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Ապաշխարութեան եւ կամ խոստովանանքի խորհուրդը հաստատուեցաւ Քրիստոսի կողմէն Եկեղեցւոյ մկրտուած բոլոր մեղաւոր անդամներուն համար։ Անոր միջոցաւ, քահանային արձակումով, մարդոց մեղքերը եւ սխալները կ'արձակուին ու կը ներուին ապաշխարութեամբ, զղջումով եւ խոստովանութեամբ։ «Այս խորհուրդին դարերու ընթացքին կրած կարգապահական եւ ծիսական փոփոխութիւնները եւ հանդիսակատարումը, որոնց մէջ կը նշմարուի հիմնական նոյն կառոյցը, կը բովանդակէ երկու հաւասարապէս էական տարրեր. մէկ կողմէն, Սուրբ Հոգիին

«Մեղքին թոշակը մահն է, իսկ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւը՝ յաւիտենական կեանքը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մէջ» (Հռոմ. 6:23):

Ներկայիս քրիստոնեաները կարծես, թէ մոռցած ըլլան խոստովանանքի խորհուրդը կամ Աստուծոյ հետ հաշտութեան կարիքը։ Բազմաթիւ հոգիներ, իրենց կեանքի վկայութեամբ, կը մերժեն գոյութիւնը մեղքին եւ այլեւս կը կենակցին անոր հետ շատ բնական կերպով, առանց խղճի խայթի։ Ասոնց խիղճը մեռած է։ Շատեր կը կարծեն թէ այլեւս մեղքէն զերծ են, անմեղ են ու արդար: Ուրիշներ, ուղղակիօրէն եւ անձնապէս խօսելով Աստուծոյ հետ, աւելի մաքուր եւ արդար կը համարեն իրենք զիրենք ուրիշներէն եւ նաեւ քահանաներէն։ Այս պատճառաւ կը մերժեն միջնորդութիւնը քահանայի մը, զոր կը նկատեն իրենց նման մեղանչող մարդ մը, որ իր կարգին, կը գտնուի եւ կամ, իրենց պէս, կրնայ գտնուիլ մեղքի վիճակի մը մէջ, հետեւաբար իրաւունք չունի իրենց հոգին եւ սրտին գաղտնիքները գիտնալու եւ ներելու:

Ապաշխարութեան եւ կամ խոստովանանքի խորհուրդը հաստատուեցաւ Քրիստոսի կողմէն Եկեղեցւոյ մկրտուած բոլոր մեղաւոր անդամներուն համար։ Անոր միջոցաւ, քահանային արձակումով, մարդոց մեղքերը եւ սխալները կ'արձակուին ու կը ներուին ապաշխարութեամբ, զղջումով եւ խոստովանութեամբ։ «Այս խորհուրդին դարերու ընթացքին կրած կարգապահական եւ ծիսական փոփոխութիւնները եւ հանդիսակատարումը, որոնց մէջ կը նշմարուի հիմնական նոյն կառոյցը, կը բովանդակէ երկու հաւասարապէս էական տարրեր. մէկ կողմէն, Սուրբ Հոգիին
ներգործութեամբ դարձի եկած մարդուն արարքները, այսինքն զղջումը, խոստովանութիւնը եւ հատուցումը: Միւս կողմէ Աստուծոյ գործը՝ միջամտութեամբ Եկեղեցւոյ՝ որ եպիսկոպոսին եւ իր քահանաներուն միջոցով, մեղքերուն ներումը կու տայ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ կը ճշդէ հատուցումին կերպերը, նաեւ կ'աղօթէ մեղաւորին համար եւ անոր հետ կապաշխարէ: Այսպէս մեղաւորը կը բուժուի եւ կը վերահաստատուի եկեղեցային հաղորդութեան մէջ։» (Ք.Կ.Ե. թիւ 1448):

Խոստովանանքին առաջին եւ անհրաժեշտ պայմանն է զղջումը, որով մարդ կ'ընդունի ծանրութիւնը իր արարքին, կը ցաւի զայն գործած ըլլալուն համար, Աստուծոյ սէրը դրժելով ու արժանանալով դժոխքի, ապա նաեւ կը խոստանայ նոյն յանցանքը չկրկնել։ Ասկէ ետք անհրաժեշտ է խոստովանիլ քահանայի մը, որուն տրուած է մեղքերը ներելու կամ զանոնք կապելու իշխանութիւնը աշխարհի վրայ: «Կապել եւ արձակել» բառերը կը նշանակեն «Ով որ մերժէք ձեր հաղորդութենէն, պիտի մերժուի Աստուծոյ հաղորդութենէն, Ով որ վերընդունիք ձեր հաղորդութեան մէջ, Աստուած ալ պիտի ընդունի զինք Իր հաղորդութեան մէջ։ Եկեղեցւոյ հետ հաշտութիւնը անբաժան է Աստուծոյ հետ հաշտութենէն» (Ք.Կ.Ե. թիւ 1445):
Խոստովանանքը այցելութիւն մը չէ մարդու մը, որ մեզ կը լուայ ու կը մաքրէ, ոչ ալ այցելութիւն մը դահիճի կամ դատաւորի մը, անողորմ ու անգութ: Այլ հանդիպում մը Քրիստոսի հետ, որ մեզի կը սպասէ անհամբեր ու կարօտով, ինչպէս կ'ըսէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, միշտ պատրաստ մեզ ընդունելու ու դարձնելու մեզի մեր Աստուծոյ զաւակի արժանապատւութիւնը։
Լոյսին մէջ քալելը ճշմարտութեան մէջ բնակիլ է։ Քաջութիւն է ուրեմն Տիրոջ երթալ միշտ, որովհետեւ Ան է «Ճանապարհը, ճշմարտութիւնն ու կեանքը»։ Ան է Ճշմարտութեան Լոյսը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2025, 09:03