2025.10.28 Meeting Internazionale per la Pace

Կրօններու խաղաղութեան կոչը. «Պատերազմը մարդկութեան ձախողութիւն է

Իրենց կոչին մէջ Կրօնապետերը խրախուսեցին միջազգային հասարակութիւնը անտարբեր չմնալու ի տես միլիոնաւոր մարդոց տառապանքին, որոնք թիրախ են հակամարտութիւններուն, մինչ այս կոչին արձագանգեց նաեւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ միայն խաղաղութիւնը սուրբ է եւ ոչ թէ պատերազմը կոչ ուղղելով դադրեցնելու բոլոր պատերազմները իրենց մեռեալներու կոյտերով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի աշխարհահռչակ ամփիթատրոն Քոլլոսէումի տարածին, երեքշաբթի 28 հոկտեմբերի կէսօրէն ետքը, տեղի ունեցաւ կրօններու պատմական հանդիպում մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապը։

Կրօններու հաւաքը ի սպաս խաղաղութեան

Հաւաքը որ կազմակերպուած էր Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ, եւ սկիզբ առած էր անցեալ Կիրակի օր` 26 Հոկտեմբեր 2025-ին Ասսիզիի կրօններու հաւաքին հոգիով, կը կրէր «Յանդգնիլ խաղաղութիւնը» կարգախօսը եւ Քոլլոսէումի մէջ գտաւ իր եզրափակիչ փուլը մասնակցութեամբ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին էր նաեւ Հոգեշ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Պոլսոյ հայոց Պատրիարք` Սահակ Բ. Մաշալեանը, որոնք նաեւ ելոյթներ ունեցան այս օրերուն։

Դատապարտում պատերազմի վայրագութիւններուն

Հաւաքի եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին կրօններու ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին ի սպաս խաղաղութեան, դատապարտելով պատերազմին վայրագութիւնները և ընդգծելով համաշխարհային քաղաքականութեան արմատական​​փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը։

Իրենց կոչին մէջ Կրօնապետերը խրախուսեցին միջազգային հասարակութիւնը անտարբեր չմնալու ի տես միլիոնաւոր մարդոց տառապանքին, որոնք թիրախ են հակամարտութիւններուն, մինչ այս կոչին արձագանգեց նաեւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ միայն խաղաղութիւնը սուրբ է եւ ոչ թէ պատերազմը կոչ ուղղելով դադրեցնելու բոլոր պատերազմները իրենց մեռեալներու կոյտերով։

Վկայութիւններ

Տեղի ունեցան ապա մի քանի վկայութիւններ` ինչպէս Սուտանցի բժիշկ` Օմար Մալլա Ալիին, որ ապաստան գտած է Իտալիա, որ պատմեց իր երկրին ողբերգութիւնը, յիշեցնելով որ «խաղաղութիւնը միայն պատերազմի բացակայութիւն մը չէ, այլ սիրոյ, արժանապատւութեան ու մարդկայնութեան ներկայութիւնը»։

Պատերամզը ձախողութիւն է հարկաւոր է արմատական փոփոխութիւն

Հանդիպումէն ի յայտ եկած միանշանակ պատգամը այն էր, որ պատերազմը մարդկութեան ձախողումն է, և որ միայն երկխօսութեան և հաշտեցման միջոցաւ է որ մենք կարող ենք յոյս ունենալ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու։

Իրենց կոչին մէջ հուսկ Կրօնները հրաւիրեցին արմատական փոփոխութիւն մը իրականացնել` աշխարհ մը` ուր պատերու փոխարէն կառուցին կամուրջներ , և ուր անվտանգութիւնը հիմնուած ըլլայ դիւանագիտութեան եւ ոչ թէ զէնքերու վրայ։

Միջկրօնական երկխօսութեան ուժը

Հանդիպումը ընդգծեց միջկրօնական երկխօսութեան ուժը` որպէս գործիք կասեցնելու համար բռնութիւնը եւ բանալու խաղաղութեան նոր ուղիներ։

Աւարտին յայտարարուեցաւ թէ 2026 հանդիպումը պիտի կայանայ Ասսիզիի մէջ յիշատակելու համար խաղաղութեան ի սպաս կրօններու առաջին պատմական հանդիպման քառասուն ամեակը` զոր նախաձեռնութիւնը եղած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին։

Խաղաղութիւնը կարելի է

Հաւաքէն բխած վերջնական կոչը յստակ է. խաղաղութիւնը կարելի է, և ամէն օր առիթ է զայն կառուցելու, միասնաբար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2025, 08:00