2025.11.22 Sua Beatitudine Raphael Bedros XXI

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորական ուղերձը Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով

Իր հայրապետական ուղերձին աւարտին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցապետը աղօթք բարձրացուց «առ Աստուած» Հայրենինքին համար՝ խնդրելով Տիրոջմէն «օրհնել Լիբանանի ճանապարհը, միացնել անոր ժողովուրդին սրտերը, իմաստութիւն եւ ոյժ պարգեւել անոր առաջնորդներուն՝ ծառայելու համար ընդհանուր բարիքին համար»։ Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորական ուղերձ յղեց նաեւ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին՝ «Անկախութեան տօն»-ին առիթով՝ արտայայտելով իր բարձր գնահատանքն անոր ազգային վսեմ դերակատարութեան համար։

Այսօր, 21 Նոյեմբեր 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձը յղեց Լիբանանի «Անկախութեան տօն»-ին առիթով՝ հաստատելով, թէ այս օրը «ոչ միայն պատմական յիշատակութիւնն է, այլ նաև զոհողութիւններու և յարատեւ պայքարի ուղին է՝ արտայայտող կամքն այն հայրենասէր ժողովուրդին, որ, իր կարգին, կը հաւատայ, թէ Լիբանան իւրայատուկ պատգամն ունի ազգերուն միջեւ»։

Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիրաքը շեշտեց, թէ ի հեճուկս անոր կրած պատերազմներուն, ճգնաժամերուն և ծանր փորձանքներուն՝ Լիբանան «տակաւին կը պահպանէ ազատութեան ու համակեցութեան ոգին: Անոր ժողովուրդը կը մնայ անսասան ու կառչած իր Հողին, իր արժէքներուն և իր հաւատքին: Առաւել, թէ այս Ազգը կրնայ վերստին ոտքի կանգնիլ՝ հակառակ ծանր պայմաններուն»։

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը նաեւ նշեց, թէ այս տարուան «Անկախութեան օր»-ը «նոր հնարաւորութիւն կ'ընծայէ վերանորոգելու մեր նուիրուածութիւնը այն Ազգին հանդէպ, որ այսօր նախ եւ առաջ կարիքն ունի մեր միասնականութեան ու անկեղծ համագործակցութեան՝ Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աունի և անոր խորհրդականներու ղեկավարութեամբ, ի նպաստ արդար պետութիւն մը կառուցանելու, որ վերջ կը դնէ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքներուն ու կը վերականգնէ անոնց հաւատքը Հայրենիքին հանդէպ»։

Իր հայրապետական ուղերձին աւարտին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցապետը աղօթք բարձրացուց «առ Աստուած» Հայրենինքին համար՝ խնդրելով Տիրոջմէն «օրհնել Լիբանանի ճանապարհը, միացնել անոր ժողովուրդին սրտերը, իմաստութիւն եւ ոյժ պարգեւել անոր առաջնորդներուն՝ ծառայելու համար ընդհանուր բարիքին համար»։ Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորական ուղերձ յղեց նաեւ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին՝ «Անկախութեան տօն»-ին առիթով՝ արտայայտելով իր բարձր գնահատանքն անոր ազգային վսեմ դերակատարութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2025, 07:45