Հռոմիէ Քոլոէսսէօ Ամփիթատրոնը լուսաւորուած կարմիր գոյնով։ Հռոմիէ Քոլոէսսէօ Ամփիթատրոնը լուսաւորուած կարմիր գոյնով։  (ANSA)

Մեկնարկեց Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնադրամի «Կարմիր Շաբաթը»

Այսօրունէ մինչեւ նոյեմբեր 23 կը շարունակուի Միջազգային Քարոզարշաւը, որ կը կազմակերպուի Քահանայապետական իրաւունքով «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւնը» հիմնադրամին կողմէ, հանրութեան ուշադրութիւնը դարձնելու համար հալածուած քրիստոնեաներու ողբերգական իրականութեան վրայ եւ նպաստելու կրօնի ազատութեան իրաւունքին։ Եկեղեցիներ, պալատներ եւ խորհրդանշական վայրեր կարմիրով կը լուսաւորուին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Կարմիր լոյսերով լուսաւորելը կը յիշեցնեն անոնց զոհաբերութիւնը, որոնք վկայեցին իրենց հաւատքը՝ մինչեւ արիւն թափելը»։ Այս տողերով արտայայտուեցաւ «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւնը» հիմնադրամը ներկայացնելով 2025 թուականի «Կարմիր Շաբաթը», որ միջազգային քարոզարշաւ մըն է՝ կազմակերպուած Քահանայապետական իրաւունքով հիմնադրամին կողմէ, որ սկիզբ առաւ այսօր ու կը տեւէ մինչեւ նոյեմբեր 23, հանրութեան ուշադրութիւնը դարձնելու համար հալածուած քրիստոնեաներու ողբերգական իրականութեան վրայ եւ նպաստելու կրօնի ազատութեան իրաւունքին։

Հռոմէն մինչեւ Պոկոտա, Սիտնիէն մինչեւ Փարիզ եկեղեցիներ, պալատներ եւ խորհրդանշական վայրեր՝ աշխարհի չորս կողմը կը լուսաւորուին կարմիր գոյնով։ Այս տարուան ծրագիրը կը ներառէ աւելի քան 100 ձեռնարկներ Իտալիոյ, Աւստրալիոյ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Փորթուկալիոյ, Նետերլանտներու, Միացեալ Թագաւորութեան, Ֆրանսայի, Իռլանտիոյ, Շուէյցարիոյ, Հունգարիոյ, Քանատայի, Մեքսիքայի եւ Քոլոմպիոյ մէջ, ներգրաւելով աւելի քան 10,000 անձեր՝ աղօթքի պահերու, հանրային ձեռնարկներու, դպրոցական հանդիպումներու, համերգներու եւ քայլարշաւներու միջոցաւ։ Գրեթէ 500,000 անձեր կը ներգրաւուին լրատուամիջոցներու եւ առցանց հարթակներու միջոցաւ ու աւելի քան 635 եկեղեցիներ կը լուսաւորուին։

Առաջին անգամ ըլլալով, Եւրոպական Խորհրդարանը թոյլատրեց Պրիւքսէլի մէջ գտնուող իր գլխաւոր գրասենեակը կարմիր լուսաւորել նոյեմբեր 19-ին, «որպէս պաշտօնական ժեսթ 27 անդամ պետութիւններուն անունով», ինչպէս կը կարդանք «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» յայտարարութեան մէջ։ Իտալիոյ մէջ, յառաջիկայ չորեքշաբթի օրը, Հռոմի մէջ գտնուող Փալացցօ Քիկճի-ն, Պրեշիաի մէջ գտնուող Փալացցօ տելլա Լոճճիա-ն եւ Միլանոյի Փիրելլի Երկնաքերը կարմիրով կը լուսաւորուին։ Իտալիոյ եւ Սպանիոյ դեսպանատուները Սուրբ Աթոռի մօտ միացան նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ Սանթ’ Էճիտիօ Համայնքը։

Ըստ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնադրամի վերջին զեկոյցին, 413 միլիոն քրիստոնեաներ կ'ապրին այն երկիրներու մէջ, ուր կրօնի ազատութիւնը ծանրօրէն կը խախտուի, եւ անոնցմէ մօտաւորապէս 220 միլիոն ուղղակիօրէն կ՝ ենթարկուի հալածանքի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2025, 14:16