Կազա, պատերազմ Կազա, պատերազմ 

Կարդինալ Փիցցապալլա. Խաղաղութեան Հասնելու Համար պէտք է լսել ուրիշներու ցաւը

Երուսաղեմի ԼատինացՊատրիարքը, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ խօսելով յոյս յայտնեց որ ԱՄՆ-ի ծրագիրը արտայայտուի լուծումներու մէջ, որոնք կը տանին «աւելի յստակ հեռանկարներու» եւ կ'օգնեն Կազայի պաղեստինցի բնակչութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի lատինաց Պատրիարք, Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլան «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց Կազայի համար Ամերիկեան Ծրագրի Երկրորդ Փուլին անցնելու կարեւորութիւնը, կեդրոնանալով քաղաքական գործընթացի վրայ, որ կը տանի երկու Պետութիւններու լուծման, չնայած գետնի վրայ եղած դժուարութիւններուն եւ Համասի ու Իսրայէլի դիմադրութիւններուն։ Ծիրանաւորը ճանչցաւ ՄԱԿ-ի որոշումի խորհրդանշական արժէքը, թէեւ անմիջապէս շօշափելի չէ ու ընդգծեց համարելու ու քաղաքականապէս երկարատեւ լուծումներ պարտադրելու անհրաժեշտութիւնը։

Կազայի եւ արեւմտեան ափի իրավիճակը

Կարդինալ Փիցապպալլան նշեց, որ Կազայի մէջ թէեւ ռմբակոծումներու աւարտին շնորհիւ բռնութիւնը նուազած է սակայն իրավիճակը կը մնայ ծայրայեղ։ Մարդասիրական օգնութիւնները սահմանափակ են, ենթակառոյցները վերականգնման կարիք ունին, իսկ կենսապայմանները ողբերգական են, որոնք աւելի կը վատթարանան ձմրան եւ վատ եղանակի պատճառով։

Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարքը տեղեկացուց, որ Արեւմտեան Ափի մէջ կը շատնան գաղութարարներու բռնութիւնները եւ անպատժելիութիւնը։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է բարձրացնէ ուշադրութիւնը խախտումներուն վրայ եւ աջակցի իրական, ոչ միայն խորհրդանշական, քաղաքական գործընթացի մը։

Ուխտագնացութիւններ եւ եկեղեցւոյ դերը

Կարդինալ Փիցցապալլան հրաւիրեց վերսկսելու ուխտագնացութիւնները Սուրբ Երկրի մէջ։ Ասոնք կարեւոր են թէ՛ տեղական տնտեսութեան համար, թէ՛ իբրեւ քրիստոնէական համերաշխութեան վկայութիւն դիտել տալով, որ ներկայիս ապահովութիւնը կայ եւ ուխտաւորներու ներկայութիւնը կրնայ յոյս ու աջակցութիւն բերել տեղի համայնքներուն։

Բանտարկեալներու խնդիրը եւ միջկրօնական երկխօսութիւն

Ինչ վերաբերիր Իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող Պաղեստինցի բանտարկեալներու հարցին, կարդինալը դատապարտեց մեծ թիւով մահերը եւ ատելութեան ու վրէժի մթնոլորտը, որը կը սնուցանէ բռնութիւնը

Խաղաղութիւնը Երկխօսութենէն

Ի վերջոյ, Փիցցապալլան ընդգծեց կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը վերականգնելու, ուրիշին ցաւը լսելու առանց զոհի դեր տանելու եւ բաժանումները յաղթահարելու համար աշխատելու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ խաղաղութիւնը կը ծնի կարեկցանքէն, փոխադարձ յարգանքէն եւ ուրիշին դէմքը ճանչնալու կարողութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2025, 08:00