Լեւոն ԺԴ. Պապին Թուրքիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առիթով զրոյց Գերպ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանի հետ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Յառաջիկայ` 27 նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը` իրականացնելով Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ իղձը պիտի այցելէ Թուրքիան յիշատակելու համար Նիկիոյ առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700 ամեակը։ Այս այցելութեան առիթով Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքը զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր եւ Քահանայապետի ճամբորդութեան տեղական համադրող Գերպ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանի հետ, որ մեզի հետ խօսեցաւ Քահանայապետը այս ճամբորդութեան որոշ մանրամասնութիւններու մասին ու հայ հասարակութեան մասնակցութեան մասին, յատուկէն անդրադառնալով ճամբորդութեան համամիութենական բնոյթին ու այս ծիրէն ներս ընդգծելով Թուրքիոյ հայ հաւատացեալներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը։
Ան ի միջի այլոց անդրադարձաւ Լեւոն ԺԴ. Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքարան տալիք այցելութեան` կիրակի 30 նոյեմբերին, իսկ շաբաթ օր մատուցած Անոր պատարագին Հայկական միացեալ երգչախումբի ելոյթին հուսկ նոյն առիթով խորանի վրայ զետեղուելիք Սուրբ Կոյս Մարիամի հրաշագործ սրբանկարին` որ պահպանուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ