Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (70)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նեստորական աղանդին:

Հ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

              

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Նեստորական աղանդին:

Նեստորը Անտիոքի աստուածաբանական դպրոցի աշակերտներէն մին էր, որ 428-ին, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք եղած է, և բաւական հռչակ ստացած է Արիանոսաց դէմ վարած պայքարներով: Չարաբախտաբար, Նեստոր Քրիստոսի աստուածութեան եւ Բանին մարդեղութեան խորհուրդը պաշտպանելով, եւ Քրիստոսի ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ ըլլալը բացատրելով, սկսաւ խոտորիլ ճշմարտութենէն, հաստատելով թէ՝ Քրիստոսի աստուածային ու մարդկային բնութիւնները կը կազմէին երկու իրարմէ անջատ ու տարբեր անձեր: Ան կը խորհէր թէ, Քրիստոսի Մարիամէն ծնիլը, չարչարուիլը, խաչի վրայ մահը, կը վերագրուի անոր մարդկային դէմքին, իսկ հրաշքներ գործելը և գերբնական գործողութիւնները՝ անոր աստուածային դէմքին։ Ըստ որում՝ Մարիամէն ծնունդը կը վերաբերի միայն Քրիստոսի մարդկային դէմքին, բայց ոչ անոր աստուածութեան, հետեւաբար Մարիամի նկատմամբ «Աստուածածին» եզրը մերժուած էր։

Այս կերպով, Աստուած միայն՝ ի մարդն բնակեալ է եւ անմասն է ամէն մարդկային բնութեան գործերէ, որով երկու տարբեր անձեր կ’ենթադրէր ի Քրիստոս: Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղ հայրապետը Նեստորի դէմ ելաւ եւ վարդապետութեան մոլորութիւնները մէջտեղ հանելու նպատակով՝ մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ բանաձեւը հռչակեց, եւ գլուխ կանգնեցաւ Եփեսոսի երրորդ սուրբ ժողովին, որ գումարուեցաւ 431-ին, ուր Նեստոր նզովուեցաւ, աթոռէն զրկուեցաւ եւ աքսորուեցաւ: Այն օրերուն, Ս. Սահակ Հայրապետի վեց աշակերտներէն՝ Յովհան, Յովսէփ, Ղեւոնդ, Եզնիկ, Արձան եւ Կորիւն, 426-էն առաջ Բիւզանդիա եկած էին, ուսմանց եւ թարգմանութեանց պարապելու համար: 432-ին, երբ անոնք Հայաստան պիտի վերադառնային, Մաքսիմիանոս Պատրիարքը անոնց յանձնեց Եփեսոսի ժողովոյն կանոնները, միանգամայն Ս. Գրոց ընտրելագոյն օրինակ մըն ալ, եւ զիրենք փութացուց օր առաջ հասցնել Սահակ հայրապետին եւ Մեսրոպ վարդապետին, որպէսզի Նեստորի հետեւողները առիթ չգտնեն իրենց մոլորութիւնները այն կողմերը տարածելու: Ի միջի այլոց, Նեստորականները Եդեսիա հիմնած էին իրենց նշանաւոր աստուածաբանական դպրոցը, սակայն Բիւզանդիոյ Զենոն կայսրի հրամանով դպրոցը փակուեցաւ 489-ին, իսկ անոնք Եդեսիայէն տեղափոխուեցան Պարսկաստան։

Այնուհետեւ, անոնք Պարսից տէրութեան կողմերը սկսան տարածուիլ, եւ Պարսից կողմանէ լաւ ընդունելութիւն  գտան իբր հակայունական տարր մը: 506-ին, Դուինի ժողովին մէջ, Հայ Եկեղեցին ընդհանուր եկեղեցւոյ համամիտ վճիռը յարգելով՝ մերժելով մերժեցին Նեստորական մոլորութիւնը, եւ հրամայեցին զկամակոր հերձուածողսն ի բաց հալածել յիւրեանց աշխարհէն (ՍՈՓ. ԺԱ. 29): Սակայն անոնց դէմ պայքարը տեւած է մինչեւ Է. դարու սկիզբը։ Եփեսոսի ժողովէն յետոյ Նեստորի համախոհ շարք մը եպիսկոպոսներ հիմնած են առանձին Նեստորական եկեղեցի, որու կեդրոնը Պարսկաստան էր։ 499-ի Սելեւկիայի ժողովին մէջ, Նեստորականութիւնը հռչակուած է Պարսկաստանի քրիստոնեաներու պաշտօնական դաւանանք։

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2025, 07:49