2025.11.17 Messa di ringraziamento per la canonizzazione del martire Maloyan

Գոհաբանական սուրբ Պատարագ Պաղտատի հայ կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ

Սուրբ Զոհի ընթացքին, պատարագիչ Առաջնորդը քարոզը կեդրոնացուց սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբագոյն վարքին վրայ, յիշելով այն խօսքը որ Մալոյեան չվարանեցաւ ըսելու անոնց, որոնք մահուան պիտի ենթարկէին զինք. «Իմ հաւատքս անսասան է. Ես պիտի ապրիմ եւ մեռնիմ Քրիստոսի համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր պատմութեան ամենապանծալի էջերէն մին  արձանագրեց 19 Հոկտեմբեր 2025-ին: Այն օրը, Մեծ Եղեռնի նահատակ և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը սուրբ հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ պետ՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, բազմահազար հայ ուխտաւորներու ներկայութեան:

Աստուած փառաւորեալ է ի խորհուրդս սրբոց իւրոց: Այսօր, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը ցնծայ անպատում ուրախութեամբ և ամէնուրեք զանազան հանդիսութիւններով և մեծ տօնախմբութեամբ կը նշէ այս մեծ իրադարձութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ՝ Կիրակի 16 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին` Պաղտատի Նարեկի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ: Հանդիսապետութեամբ Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեանի, և առնըթերակայութեամբ՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանենանի ու Լատին Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Հ. Ժորժ Քորթէսի, տեղի ունեցաւ գոհաբանական սուրբ Պատարագ, առ ի երախտապարտութիւն սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման:

Այս ուրախալի առիթով՝ Եկեղեցւոյ մուտքն ու խորանը զարդարուած էին նոր Սուրբին պատկերներով և կտակով: Հանդիսաւոր արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ս․ Վարդարանի աղօթքով, որմէ ետք, «Բազմաչարչար նահատակ պանծալի սուրբ Իգնատիոս» երգով, Հանդիսապետ Առաջնորդը, կղերական և սարկաւագաց դասը, ինչպէս նաեւ խորանի սպասաւորները, թափօրով մուտք գործեցին եկեղեցի: Խորանին վրայ տեղ գրաւած էր եկեղեցական դասը, քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ՝ գլխաւորութեան Պաղտատի Ասորի Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Մար Էֆրամ Եուսէֆ Ապայի, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Տ. Ալֆրէտ Եունանի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ՝ Տ. Սեպուհ Քհն. Պաղտասարեան և Տ. Առէն Քհն. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Հ. Մանհալ Քամէլ:

Առաջին շարքի վրայ էին Պաղտատի Քրիստոնէական Հիմնադրամ գրասենեակի նախագահ՝ Տիար Ռամի Ժոզէֆ Աղաճանը, Մայր Թերեզա և Ս. Ռափայէլ Քարմէլիթ Մայրապետները, Քաղթէացի Մարիամի Դուստրեր և Ս. Աննայի Մայրապետները, ինչպէս նաեւ Տոմինիքեան Մայրապետներ: Պաղտատի հայկական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով հաւատացեալներ Պատարագին ներկայ գտնուեցան, ստանալու համար նորահռչակ սուրբին օրհնութիւնը։ Սուրբ Զոհի ընթացքին, պատարագիչ Առաջնորդը քարոզը կեդրոնացուց սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբագոյն վարքին վրայ, յիշելով այն խօսքը որ Մալոյեան չվարանեցաւ ըսելու անոնց, որոնք մահուան պիտի ենթարկէին զինք. «Իմ հաւատքս անսասան է. Ես պիտի ապրիմ եւ մեռնիմ Քրիստոսի համար»։

Մեր ժամանակներուն մէջ, երբ նոյնիսկ հաւատքը կը թուլանայ մարդոց սրտերէն, սուրբերը կու գան մեզի յիշեցնելու, թէ սրբութիւնը տակաւին հնարաւոր է: Ան հնաւուրց առապել մը չէ՛, այլ իրականութիւն է։ Քարոզի աւարտին, հոգեւորական դասը, կարմիր վարդեր բռնած, սուրբին տաղը եղանակելով՝ ուղղուեցան դէպի սուրբ Իգնատիոսի խոշոր պատկերով զարդարուած խորանը և այնտեղ զետեղեցին վարդերը իբրեւ յարգանքի տուրք, ապա խնկարկութիւն, աղօթք և Մալոյեանի կտակի ընթերցումը տեղի ունեցաւ: Այնուհետեւ, շարունակուեցաւ սրբազան արարողութիւնը հոգեպարար մթնոլորտի մէջ: «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» երգի ընթացքին, ամէնքը սիրոյ ողջոյն փոխանակեցին իրարու, ապա հնչեց Սերովբէներու և Քերովբէներու «Սուրբ, սուրբը»:

Պատարագը իր լիութիւնը կը գտնէ Ս. Հաղորդութեամբ, որովհետեւ քրիստոնեայ վսեմ կրօնքին մէջ, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը տեղի կ'ունենայ նոյն ինքն Աստուծոյ ճաշակումով: Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ հաւատացեալները, գլխաւորութեամբ պատարագիչ Առաջնորդին և հոգեւորականներուն, թափօր կազմելով ուղղուեցան Եկեղեցւոյ սրահը` ուր տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն, տօնական երգերով ողողուած սրահի ճոխ սեղաններուն շուրջ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2025, 07:50