2020.04.20 coppia matrimonio 3

Երբ աստուածայինը կը դառնայ մարդկային սէր

Ամուսնական կեանքի իրենց 35րդ եւ 45րդ տարեդարձը բոլորող զոյգերուն նուիրուած արարողութեան առիթով Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի պատգամը զոյգերուն. «Եւ Աստուած տեսաւ, թէ ինչ որ կատարած էր՝ շատ լաւ էր» (Գիրք Ծննդոցք 1, 31). «Արու եւ էգ ստեղծեց եւ ըսաւ անոնց՝ աճեցէք եւ բազմացէք» (Անդ, 1, 27-28): Ահա', թէ ի՞նչու ամուսնութիւնը անքակ է եւ անկէ շատրուանող սէրը աստուածային է ու աներեկոյ:

Ամուսնական կեանքի իւրաքանչիւր տարեդարձ կը կրէ խորհրդանշական անուն մը, անոր խորհուրդն ու իմաստը դեռ աւելի հրահրելու սիրոյ սլաքներով:

Այսօր, հաւաքուած այս գեղակերտ տաճարին մէջ, կը շրջապատենք Յիսուսը՝ մեր զաւակներուն ու թոռնիկներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն ու մեզի սիրելի վարդապետներուն հետ:

Կը հաւատանք, որ Քրիստոս իսկապէս ներկայ է մեր միջեւ. ներկայ՝ յիշեցնելու կրկին իր աւետարանական անշրջանցելի խօսքերը. «Նոր պատուէր կու տամ ձեզի... ինչպէս որ ձեզ սիրեցի դուք ալ զիրար սիրեցէք» (Յովհաննէս 13, 34):

Բարձր է Քրիստոսի սահմանած նշաձողը, որ կը նշանակէ անվերապահ անձնուիրում, ինքնամոռացում՝ որ կ'անցնի խաչի ճանապարհով: Այդ տաժանագին ճանապարհը, որ կ'առաջնորդէ մեզ անվրդով դէպի ծոցը Սուրբ Երրորդութեան, ըլլալու ճշմարիտ որդիները Երկնաւոր Հօր՝ փրկուած վարդակարմիր արիւնովը Իր Միածին Որդիին, ու կը դարձնէ աստուածակերտ տաճար Ս. Հոգիին: '

Սիրելիներս, մեծ էք Աստուծոյ աչքին, Ս. Կոյսին եւ ի դիմաց Ս. Եկեղեցւոյ:

Արժանի էք անգնահատելի մեծարումի, ինչպէս նաեւ՝ ակնածանքի, որովհետեւ կարելի չէ մոռնալ միասին ապրելու ձեր անյողդողդ յանձնառութիւնն ու վճռակամ խոստումը, թէ' ըլլայ ուրախ ու երջանիկ պահերուն, եւ թէ' ըլլայ խռովայոյզ օրերուն, անկեղծ ու անկաշկանդ հաւատարմութիւն իրարու հանդէպ, ի հեճուկս երկար տարիներու թաւալքին , եւ ըլլալ քաջալեր իրարու՝ փոխադարձաբար:

Զմրուխտ թէ գոհար, 35 թէ 45, համերգութիւնն է ձեր ամուսնական տարիներու երանգաւորումներուն, ուր սիրոյ եռեւեփումները մեզ կ'առաջնորդեն անվրէպ դէպի գեղեցիկ օրերը արարչագործութեան. «Եւ Աստուած տեսաւ, թէ ինչ որ կատարած էր՝ շատ լաւ էր» (Գիրք Ծննդոցք 1, 31). «Արու եւ էգ ստեղծեց եւ ըսաւ անոնց՝ աճեցէք եւ բազմացէք» (Անդ, 1, 27-28):

Ահա', թէ ի՞նչու ամուսնութիւնը անքակ է եւ անկէ շատրուանող սէրը աստուածային է ու աներեկոյ:

Եւ դուք, վկաներն էք այդ սիրոյն, եւ ձեր կեանքի աներեր օրինակով ցոյց տուիք, թէ արժէքներ կան, որոնք կեանքի դժուարութիւններն ու մթին օրերը կարող են վերածել արշալոյսի: Ու եղաք օրինակելի տիպարներ բոլոր սերունդներուն համար

Փառաւորեալ թող ըլլայ Աստուած, որ մեզի շնորհեց ձեզի նման սիրոյ յոբելեարներ:

Մեր անկեղծ շնորհաւորութիւններն ու սրտալի մաղթանքները նոր տարեդարձներու ու յոբելեարներու, որոնց համար մեր որդիական շնորհակալութիւնը կը բարձրացնենք մեր Երկնաւոր Հօր եւ Ս. Կոյսին:

Օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ անունը մինչեւ յաւիտեան, եւ օրհնենք Տէրը ամէն ժամ, եւ Անոր օրհնութիւնը ամէն ժամ մեր շրթներուն վրայ թող ըլլայ:

Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2025, 09:49