2025.11.11 Libano: Messa di ringraziamento per la canonizzazione del vescovo martire Ignazio Maloyan

Իգնատիոս Մալոյանի սրբադասման նուիրուած գոհաբանական պատարագ Հարիսայի մէջ

Սուրբ Զոհը պիտի մատուցէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմուն

Շաբաթ, 15 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ համալիբանանեան մակարդակի գոհաբանական սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանին առ ի երախտապարտութիւն Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ, Մարտին քաղաքի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 19 հոկտեմբերին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորած արարողութեան մը ընթացքին, որուն առիթով սուրբ հռչակուեցան այլ վեց երանելիներ եւս։ 

Յայտնենք որ սրբադասումի պատարագին յաջորդ օրը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհելով մէկ օր առաջ եօթը նոր սուրբերու սրբադասման արարողութեան մասնակիցներուն անդրադառնալով Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մասին ըսաւ.

«Մենք բոլորս կը կիսենք սիրելի Հայ Ժողովուրդի ուրախութիւնը՝ նայելով նահատակուած Եպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբութեան։ Ան Քրիստոսի սիրտին համապատասխան հովիւ էր եւ ծանր դժուարութիւններուն ժամանակ  չլքեց իր հօտը, այլ խրախուսեց զայն ամրապնդելու հաւատքը։ Երբ Անորմէ խնդրեցին, որ հրաժարի իր հաւատքէն՝ ազատութեան դիմաց, Ան չվարանեցաւ ընտրել իր Տէրը՝ նոյնիսկ իր սեփական արիւնը թափելով։ Այս մէկը ինծի սիրով մտածել կու տայ Հայ Ժողովուրդի մասին, որ խաչը կը քանդակէ քարերուն վրայ, որպէս անսասան եւ ժայռի նման կայուն հաւատքի նշան։ Թող Նոր Սուրբի բարեխօսութիւնը նորոգէ հաւատացեալներուն եռանդը եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան պտուղներ տայ բոլորին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2025, 07:51