Յիսուսի Յարութիւնը Յիսուսի Յարութիւնը 

«Ինկած մարդուն հիւանդութիւնը եւ անոր բժշկութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Քրիստոս շարունակեց եւ կը շարունակէ իր բժշկութեան գործը իր Եկեղեցւոյ միջոցաւ։ Ամէն Սուրբ Խորհուրդ դեղ մըն է՝ մարդը բժշկելու համար
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աստուած մարդը ստեղծեց գեղեցիկ, լիովին առողջ՝ հոգիով ու մարմնով։ Բայց մեղքը ներսէն վիրաւորեց մարդուն էութիւնը։ Մենք կորսնցուցինք խաղաղութիւնը, վստահութիւնը եւ սէրը։ Ահա ինչու Աստուած չուզեց մեզ թողուլ այդ վիճակին մէջ։ Ան ուղարկեց իր Որդին՝ Յիսուսը, որպէս բժիշկ մեր հոգիներու եւ մարմիններու։ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետ կը գրէ․ «Մարդը իր խորքին մէջ վիրաւորուած է մեղքով»։ Այս վէրքը (կամ հոգեւոր հիւանդութիւնը) բաժանում է Աստուծմէ, բայց նաեւ բարոյական ու հոգեբանական՝ շեղում մարդկային բնութեան ներդաշնակութենէն։

Կաթողիկէ վարդապետութիւնը կը սորվեցնէ թէ Քրիստոս եկաւ ոչ միայն մեղքը ջնջելու, այլ նաեւ բժշկելու ամբողջ մարդը՝ հոգին, միտքը եւ մարմինը։ Կաթողիկէ եկեղեցիին Քրիստոնէականը կ'ըսէ․«Տէրը Յիսուս Քրիստոս, մեր հոգիներու եւ մարմիններու Բժիշկը, ուզեց իր Եկեղեցիին միջոցաւ շարունակել բժշկութեան եւ փրկութեան գործը»։ Այս իմաստով կոյրերու, կաղերու, դիւահարներու բժշկութիւնը բոլորն ալ նշաններ են այս բժշկութեան։ Յիսուս կը բժշկէ մարմինը՝ որպէս նշան, թէ Ան կը վերականգնէ ամբողջ մարդը իր աստուածային պատկերի մէջ։

Եկեղեցին կոչուած է մասնակցելու Քրիստոսի բժշկիչ առաքելութեան՝ աղօթքով, եւ մարդը սրբագործուելով։ Այս բոլորը մեզ կը յիշեցնեն մէկ մեծ ճշմարտութիւն՝ որ Յիսուս եկաւ ոչ միայն մեր մեղքերը ներելու, այլեւ մարդը ամբողջովին բժշկելու։ Աստուծոյ փրկագործ ծրագիրը միայն օրէնքի կամ խօսքի վերականգնում չէ, այլ բժշկութիւն է՝ ներսէն, մեր հոգիէն սկսեալ։ Մեր նախահայրեր Ադամ եւ Եւա, երբ ընտրեցին անհնազանդութիւնը, վիրաւորեցին ոչ միայն Աստուծոյ հետ կապը, այլ նաեւ իրենց ներքին ամբողջութիւնը։ Մարդը, որ ստեղծուած էր Աստուծոյ պատկերով, սկսաւ կրել մեղքի հետեւանքները՝ վախ, եսասիրութիւն, կասկած եւ մահ։ Ահա թէ ինչու Յիսուսի գալուստը Աստուծոյ համբերութեան եւ սիրոյ դեղն է այս վիրաւորուած մարդկութեան համար։ Յիսուս կը դպչի մեր վիրաւոր հոգիին՝ սիրով, ներողամտութեամբ եւ շնորհքով։

Քրիստոս շարունակեց եւ կը շարունակէ իր բժշկութեան գործը իր Եկեղեցւոյ միջոցաւ։ Ամէն Սուրբ Խորհուրդ դեղ մըն է՝ մարդը բժշկելու համար․

• Մկրտութիւն՝ կը բուժէ նախնական մեղքին վէրքը։
• Ապաշխարութիւն (Խոստովանութիւն) ՝ կը մաքրէ անձնական մեղքերու վէրքերը։
• Սուրբ Հաղորդութիւն՝ կը սնուցանէ հոգին եւ կը զօրացնէ մարմինը։
• Հիւանդաց Օծում՝ կը բերէ խաղաղութիւն ու վստահութիւն, նոյնիսկ նեղութեան պահերուն։

Այսպէս Եկեղեցին կը դառնայ «հոգեւոր հիւանդանոց», ուր ամէն մարդ կարող է մտնել՝ առանց վախի, առանց ամօթին, եւ ընդունիլ Աստուծոյ բժշկութիւնը։
Սակայն այս բժշկութիւնը միայն մեզի համար չէ։ Աստուած մեզ կը կանչէ՝ բժշկուելու եւ ապա դառնալու բժշկողներ ուրիշներու համար՝ բարի խօսքով, ներողութեամբ, աղօթքով, եւ ծառայութեամբ։ Յիսուս կ'ըսէ․ «Առողջներուն բժիշկ հարկաւոր չէ, այլ հիւանդներուն» (Մարկ. 2, 17) ։ Ահա մենք ենք այդ հիւանդները։ Բայց նաեւ՝ մենք ենք անոնք, որոնցմով Աստուած պիտի բժշկէ ուրիշները։

Հետեւաբար թող մեր հաւատքը ըլլայ այն դուռը, որով Տէրը կը մտնէ եւ կը դպչի մեզի՝ մեր վէրքերուն, մեր կասկածներուն, մեր մեղքերուն։ Ապա ըլլանք պատրաստ ուրիշներուն համար դառնալու խաղաղութեան եւ բժշկութեան գործիքներ։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2025, 09:00