Իններորդ Կիրակի զկնի Խաչին (Ղուկ. 8, 49 – 57 ) -- Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, համաձայն մեր Հայկական տօնացոյցին, այսօր կը սկսինք Ս. Խաչի տօնէն ետք 9 -րդ Կիրակին, որ է նաեւ վերջին կիրակին՝ նախ քան սկիզբ տալը Յիսնակաց (Ս. Ծննդեան պատրաստութիւն) կարեւոր եւ գեղեցիկ շրջանին:
Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը բաւականին հետաքրքրական է սիրելիներ. ունինք Յայրոս անունով ժողովրդապետի մը աղջկան մահը (մարդկային դէպք մը, սակայն ոչ սպասուած այսքան կանուխ), եւ Քրիստոսի միջամտութիւնը՝ որպէս բժիշկ, մխիթարիչ եւ սուգի մէջ՝ ուրախութիւն եւ նոր շունչ բերող. Պիտի հարցնէք թէ ինչպէ՞ս:
1. Աւետարանը կ՛ըսէ. «ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր (ժողովրդապետին) ըսաւ. Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը»: Երկու կարեւոր բառեր որոնք կը ներկայացնեն մարդուս խեղճ վիճակը եւ հոգեբանութիւնը. Մեռաւ (վերջացաւ) եւ մի յոգնեցներ (լուծում չկայ): Միթէ՞ այս անձը չի նմանիր մեզի, ոչ թէ միայն իր ժխտական մօտեցումով, այլ նաեւ յոյսէ զուրկ հոգեվիճակով (նամանաւանդ այսօր):
2. Նախ քան ժողովրդապետը խօսիլը, Քրիստոս ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ (առիթ չի տար ժողովրդապետին նոյնիսկ մտածելու) կը միջամտէ եւ կ՛արտասանէ 3 բառեր. Ա. Մի վախնար (կասկածէ զուրկ վիճակ), Բ. Միայն հաւատա՛ (ամբողջական վստահութիւն), Գ. Աղջիկդ ՊԻՏԻ ապրի (ՎՍՏԱՀ սպասեալ լուծումը):
3. Աւետարանը կ՛ըսէ թէ Յիսուս գնաց ժողովրդապետին տունը, եւ այդտեղ կը տիրեր տխուր վիճակ (լաց եւ ողբ): Այսօր սիրելիներ արդէն իսկ վարժուեցանք թէ ամէն ինչ որ խնդրենք, մեր տուները կը հասնին (delivery)...Քրիստոս 2000 տարիներ առաջ եւ որպէսզի այդ տանը անդամները հանգստացներ, Ինք անձամբ գնաց իրենց տունը՝ լուծելու եւ անոնցմէ փարատելու բոլոր դժուարութիւն եւ մութ պահեր...մենք ալ այսօր ունինք նոյն առիթը (ոչ թէ միայն շուկայի հետ կապուած, այլ Քրիստոսը ընդունելու մեր մէջ եւ կամ մեր տանը մէջ), սակայն կը պակսի մէկ բան. ԶԻՆՔ ԽՆԴՐԵՆՔ (տուր order-ը (ձեւերը շատ են) եւ տես թէ ինչպէս զԻնք պիտի գտնես քու քովդ):
4. Երբ անոնց քով եկաւ, ըսաւ. «մի լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ»: Այսօր սիրելիներ, ո՞վ է այն անձը որ մեր տունը գալով (եթէ գայ), պատրաստ է մեր հոգերը լսելու, եւ ամէնակարեւորը՝ մեր աչքերէն մեր արցունքները սրբելու...կ՛արժէ պահ մը մտածել այս նախադասութեանը վրայ...ես կը մերժեմ իմ մխիթարողս, եւ կ՛ընդունիմ զիս վիրաւորողը:
5. Քրիստոսի հակառակ բոլոր իր մխիթարիչ արարքներուն, Աւետարանը կ՛ըսէ. «Անոնք զԻնք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է»: Մենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, քանի՞ցս կը ծաղրենք եւ չենք ընդունիր եւ կամ հաւատար մեր Տիրոջ, եւ հետաքրքրական բաժինը այն է թէ այնքան ինքնավստահ կ՛ըլլանք որ կ՛ըսենք. Շատ լաւ գիտեմ թէ Քրիստոս զիս չլսեր եւ նոյնիսկ կը կասկածիմ Անոր գոյութեանը մասին.
6. Բայց այս բոլորով հանդերձ, Յիսուս մեր ձեռքերէն բռնելով կը շարունակէ ըսել. «Աղջիկս եւ կամ տղաս, ոտքի ել...»:
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այսօր կանչուած ենք ոտքի ելլելու մեր ժխտական եւ յուսալքուած վիճակէն, դուրս գալու մեր պնդագլուխ մտայնութենէն եւ տեսնելու, եւ նամանաւանդ՝ խնդրելու ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ, որովհետեւ ցորքան կը շարունակենք մնալ այս բանտարկուած վիճակին մէջ (չարին բանտին մէջ)՝ պիտի չտեսնենք ոչ յոյսը եւ ոչ ալ հրաշքները որոնք պատրաստ են իրականանալու, սակայն կը սպասեն մեր հաւատքին եւ ամբողջական վստահութեանը՝ Քրիստոսի եւ Անոր Խօսքերուն հանդէպ. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ