Կարդինալ Փիցապալլա Կարդինալ Փիցապալլա 

Կարդինալ Փիցցապալլա. Հաշտութեան իւրաքանչիւր ժեսթ խաղաղութեան սերմ մըն է Սուրբ Երկրին համար

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք Կարդինալ Փիցցապալլա ակադեմիական դասախօսութիւն տուաւ Պուլկարիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիային մէջ Անճելօ Ռոնքալիի՝ ապագայ Յովհաննէս ԻԳ-ի Պապին Սոֆիա ժամանումին 100-ամեակին առթիւ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք, Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլան Սոֆիոյ Պուլկարիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիային, ակադեմիական դասախօսութիւն տուաւ Անճելօ Ռոնքալիի ապագայ Յովհաննէս ԻԳ Պապին Պուլկարիա ժամանումին հարիւրամեակին կապակցութեամբ։

«Խաղաղութիւնը բոլոր ժամանակներուն մարդ էակներուն խոր տենչը» տիտղոսակիր ակադեմիական դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան Արեւմտեան Եւրոպայի ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Անթոնիի, Պապական նուիրակ գերպ Լուչիանօ Սուիրանի, երկրի քաղաքական եւ եկեղեցանան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Նշենք թէ Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլա Պուլկարի ժամանեց ընդառաջելով Սոֆիոյ համալսարանի իմաստասիրութեան դասատու եւ Քահանայապետական Պատմական գիտութիւններուն կոմիտէի անդամ Փորք Քիրիլ Քարթալովի հրաւէրին։

Յովհաննէս ԻԳ եւ «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» շրջաբերականը

Սուրբ Երկրի Լատինաց պատրիարքը իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով Յովհաննէս ԻԳ-ի մասին՝ լուսարձակի տակ առաւ «Pacem in terris- Խաղաղութիւն երկրի վրայ» շրջաբերականի ներդրումը՝ խաղաղութիւնը ոչ թէ որպէս «վերացական երազանք» սահմանելու մէջ, այլ որպէս շօշափելի իրականութիւն մը, որ կը պահանջէ արդարութիւն ազգերուն միջեւ, մարդու իրաւունքներու յարգում, միջկրօնական երկխօսութիւն եւ խղճի ազատութիւն։

Եկեղեցիին Դերը եւ Հաշտութիւնը

Եկեղեցին չի կրնար անկողմնակալ ըլլալ. կրօնական առաջնորդները պէտք են խթանեն Աւետարանին տրամաբանութիւնը եւ հաշտութիւն փնտռեն, ըսաւ Ծիրանաւորը հաստատատպելով թէ հաշտութեան իւրաքանչիւր ժեսթ» խաղաղութեան սերմ մըն է։

Միջկրօնական Երկխօսութեան Ճգնաժամը

Կարդինալ Փիցցապալլա նշեց, թէ Պատերազմը միջկրօնական երկխօսութեան մէջ բացասական «շրջադարձային կէտ» մը նշանակեց, ուր Հրեաները, Քրիստոնեաները եւ Մահմետականները զգացին, որ անհասկցուած, բաժնուած են կամ յարձակումի ենթակայ են։ Երուսաղէմի Եկեղեցիին կոչումն է վկայել խաղաղութեան յարաբերութիւններ կառուցելու հնարաւորութիւնը նոյնիսկ պատերազմի մէջ։

Ուխտաւորներուն Վերադարձի Հրաւէրը

Կարդինալ Փիցցապալլա մաղթեց ուխտաւորներուն՝ Սուրբ Երկիր վերադարձը, որպէս տարր մը, որ կրնայ «յոյս եւ բնականոնութիւն արթնցնել տեղական բնակչութեան մէջ» եւ օգնել Արեւմտեան Ափի տառապող տնտեսութեան։

Նշենք թէ դասախօսութեէն առաջ Պուլկարիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիան Կարդինալ Փիցցապալլային շնորհեց «Նախագահի Պատուոյ Կրծքանշանը»՝ խաղաղութեան եւ արդարութեան յառաջացման մէջ իր ունեցած ներդրումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2025, 13:41